Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅ Դաշնակցութիւնը Ազգային Ժողով Մուտք Գործեց 7 Պատգամաւորով

April 4, 2017
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի Հանրապետութեան Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբին հրապարակած նախնական տուեալներուն համաձայն, 6-րդ գումարման Ազգային ժողովին մէջ ներկայացուած պիտի ըլլան Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութիւնը (771 հազար 249 ձայն, կամ` ընտրողներուն 49.19 առ հարիւրը), «Ծառուկեան» դաշինքը (428 հազար 965 ձայն, կամ` ընտրողներուն 27.36 առ հարիւրը), «Ելք» դաշինքը (122 հազար 49 ձայն, կամ` ընտրողներուն 7.78 առ հարիւրը) եւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը (103 հազար 173 ձայն, կամ` ընտրողներուն 6.58 առ հարիւրը):

Նախնական տուեալներու համադրութեամբ, կարելի է ըսել, որ ՀՀԿ-ն պիտի ունենայ 55 պատգամաւոր, «Ծառուկեան» դաշինքը` 30, «Ելք»-ը` 9, իսկ ՀՅԴ-ն` 7:

Պատգամաւորներու իրաւագիրներուն բաշխումը, նոր Ընտրական օրէնսգիրքին համաձայն, կը կատարուի հետեւեալ ձեւով. նախ` կուսակցութիւններու կամ կուսակցութիւններու դաշինքներու ստացած ձայներուն թիւը կը բազմապատկուի 101-ով (101-ը` Ազգային ժողովի պատգամաւորներու նուազագոյն թիւն է), ապա կը բաժանուի խորհրդարան անցած քաղաքական ուժերուն կողմ քուէարկած քուէաթերթիկներուն հանրագումարով:

Քաղաքական 4 ուժերուն ձայները առանձին պէտք է բազմապատկել 101-ով, ապա` արդիւնքը բաժնել 1 միլիոն 425 հազար 445-ի, որ քաղաքական 4 ուժերուն համար քուէարկած ընդհանուր թիւն է:

Այս հաշուարկը կատարելով կ՛ունենանք հետեւեալ պատկերը.

ՀՀԿ` ստացած ձայներուն թիւ (771249) x 101 / 1425445 = 54.6 իրաւագիր:

«Ծառուկեան» դաշինք` ստացած ձայներու թիւ (428965) x 101 / 1425445 = 30.3 իրաւագիր:

«Ելք» դաշինք` ստացած ձայներու թիւ (122049) x 101 / 1425445 = 8.6 իրաւագիր:

ՀՅԴ` ստացած ձայներու թիւ (103173 ) x 101 / 1425445 = 7.3 իրաւագիր:

Այս պատկերին հիմամբ ՀՀԿ-ն կը ստանայ 55 իրաւագիր, «Ծառուկեան» դաշինքը` 30, «Ելք»-ը` 9, իսկ ՀՅԴ-ն` 7:

Լրացուցիչ իրաւագիրներ` 4 իրաւագիր, նախատեսուած են նաեւ ազգային փոքրամասնութիւններուն համար:

Երէկ` 3 ապրիլին ունեցած իր յայտարարութիւններուն ընթացքին Հայաստանի Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբի նախագահ Տիգրան Մուկուչեան ըսաւ. «Ասոնք նախնական տուեալներ են, որոնք տակաւին ստացուած են ելեկտրոնային եղանակով: Այսինքն, տեղամասային ընտրական յանձնախումբերէն արձանագրութիւնները կը բերուին տարածքային ընտրական յանձնախումբեր, այդ տուեալները կ՛անցուին համակարգիչներու մէջ, որմէ ետք արդէն մենք կը ստանանք թղթային արձանագրութիւնները, կը կատարուի ուսումնասիրութիւն, եթէ  բողոքներու դիմումներ ստանանք` նաեւ այդ ընթացքին կը տրուին համապատասխան որոշումներ եւ այդ ամբողջին համագումարումով  տեղի կ՛ունենայ ընտրութեան արդիւնքներու ամփոփումը», «Արմէնփրես»-ի հաղորդումով նշած է Մուկուչեան` աւելցնելով, որ ընտրութիւններու արդիւնքներուն վերջնական յայտարարութիւնը տեղի պիտի ունենայ կիրակի, 9 ապրիլին:

2 ապրիլին խախտումներու վերաբերեալ կային բազմաթիւ ահազանգներ. 200-է աւելի հեռաձայնային հաղորդակցութիւն միայն Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբը ստացած է: Այս մասին լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսաւ Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբի նախագահ Տիգրան Մուկուչեան:

Ան նշեց նաեւ, որ Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբը հետեւած է տարբեր լրատուական կայքերով խախտումներու վերաբերեալ տեղեկատուութեան եւ փորձած առաւելագոյնս արագ միջոցներու ձեռնարկել` խախտումներու հանգամանքները պարզելու, զանոնք  կանխելու եւ հետագային բացառելու համար:  «Պէտք է նկատել, որ եղած են բազմաթիւ դէպքեր, երբ, հաղորդումներով պայմանաւորուած, ընտրական յանձնախումբի կա՛մ անդամները, կա՛մ նախագահները  այցելած են տեղամասային ընտրական յանձնախումբեր եւ տեղւոյն վրայ փորձած են պարզել հանգամանքները: Արձանագրուած են բողոքներ, բայց անոնք պէտք է ուսումնասիրուին, որմէ ետք միայն կրնանք յայտարարութեամբ հանդէս գալ», ըսաւ Մուկուչեան:

Նախագահ Սերժ Սարգսեան
Հանդէս Եկած Է Յայտարարութեամբ

Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան 2 ապրիլին տեղի ունեցած ընտրութիւններուն վերաբերեալ հանդէս եկած է  յայտարարութեամբ, այս մասին կը յայտնեն նախագահի մամլոյ  գրասենեակէն:

Նախագահը ըսած է. «Երէկ կարեւորագոյն օր էր մեր պետութեան կեանքին համար: Մենք կազմակերպեցինք խորհրդարանական ընտրութիւններ, որոնք աւելին էին, քան բոլոր այն խորհրդարանական ընտրութիւնները, որ մենք ունեցած ենք անկախացումէն ի վեր: Այսօր մենք մեծագոյն քայլը կատարեցինք Սահմանադրական բարեփոխումներու իրականացման, կիսանախագահականէն  խորհրդարանական կառավարման համակարգին անցման ճամբով:

Մենք այս ընտրութիւններուն ընթացքին տեսանք քաղաքական ուժերու  աննախադէպ համախմբում: Քաղաքական համակարգին մէջ, ըստ էութեան, չկար որեւէ ազդեցիկ քաղաքական ուժ,  որ դուրս մնացած ըլլար ընտրապայքարէն: Ասիկա եւս մէկ վկայութիւն էր այն բանին, որ սահմանադրութեամբ կանխորոշուած` մեր քաղաքական համակարգի շինարարութիւնը կ՛ընթանայ  ճիշդ ճամբով:

Ընդդիմութեան պատկառելի ներկայացուածութիւնը խորհրդարանին մէջ այսուհետեւ կարելիութիւն պիտի տայ վերջինիս ամբողջութեամբ օգտուելու խորհրդարանական համակարգին մէջ ընդդիմութեան ընձեռուած վերահսկողական գործիքակազմի ամբողջ համալիրէն, ինչ որ  հաւասարակշռուած, վերահսկելի եւ արդիւնաւէտ կառավարման գլխաւոր գրաւականն է:

Շնորհակալութիւն կը յայտնեմ Հայաստանի Հանրապետութեան բոլոր քաղաքացիներուն ընտրութիւններուն այսպիսի աշխուժ մասնակցութեան համար. ասիկա իւրաքանչիւրի ներգրաւուածութեան եւ իւրաքանչիւրի դերակատարութեան կարեւորութեան ընկալման լաւագոյն ցուցիչն է:

Շնորհակալ եմ մեր քաղաքական ուժերուն աշխուժ եւ ընդհանուր առմամբ բարեկիրթ քաղաքական մրցակցութեան համար: Ասիկա գեղեցիկ պայքար էր, որուն նպատակը մեր երկրի զարգացման հարցով  կարծիքներու եւ դիրքորոշումներու բախումն ու համադրումն էր:

Շնորհակալ եմ մեր ընդդիմութեան, հասարակական հատուածի ներկայացուցիչներուն եւ միջազգային մեր գործընկերներուն ընտրութիւններու նախապատրաստման եւ կազմակերպման հարցով` քաղաքական փոխհամաձայնութեան, ընտրական հոլովոյթը ամէնէն ժամանակակից արհեստագիտական միջոցներով կազմակերպման օժանդակելու համար:

Շնորհակալ եմ ընտրութիւններու կազմակերպման հարցով ներգրաւուած բոլոր հիմնարկներուն, Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբին, ընտրական յանձնախումբերու անդամներուն, բոլոր անհատներուն. դուք մեծ գործ կատարեցիք:

Շնորհակալ եմ իրաւապահ համակարգին` արձանագրուած խախտումներուն շատ պատշաճ արձագանգելու համար. վստահ եմ` սկսած իրաւական հոլովոյթները բնականոն շարունակութիւն կ՛ունենան:

2 ապրիլը մենք սկսանք Եռաբլուրի մէջ` խնկարկելով քառօրեայ  պատերազմին նահատակուած մեր հերոսներու շիրիմներուն: 2 ապրիլը   մենք աւարտեցինք անոնց շիրիմներուն տրուած մեր խոստումը  իրականացնելու հարցով մէկ քայլ յառաջ երթալով: Մենք խոստացած ենք աւելի ամուր, աւելի ուժեղ եւ զարգացող պետութիւն կառուցել, եւ մենք կառուցած ենք: Բոլորս միասին պիտի կատարենք այս գործը», ըսուած է նախագահի յայտարարութեան մեջ:

Շարմազանով. «ՀՅԴ-ի Համագործակցութիւնը
Կարճաժամկէտ Չէր»

Հանրապետական կուսակցութիւնը (ՀՀԿ) ՀՅԴ-ի հետ ապագայ համագործակցութիւնը չի բացառեր:

Երէկ այս մասին ՀՀԿ-ի բանբեր Էդուարդ Շարմազանով յայտարարեց ՀՀԿ Գերագոյն մարմինի նիստէն ետք` լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին: «ՀՅԴ-ի հետ ունինք համագործակցութեան յուշագիր, որ  կարճաժամկէտ չէ, որ ռազմավարական է, ծրագրային եւ գաղափարական: Հաշուի առնելով այն հանգամանքը, որ ՀՅԴ-ն յաղթահարած է 5 առ հարիւրի շեմը, ՀՅԴ-ի հետ ապագայ համագործակցութիւնը չեմ բացառեր, նոյնիսկ կարելի կը նկատեմ», ըսաւ  ՀՀԿ-ի բանբերը:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ՀՀԿ-ն ՀՅԴ-ի հետ համաձայնական կառավարութիւն պիտի կազմէ՞, Շարմազանովը նշեց, որ մնացած երկու ուժերը ցանկութիւն չեն յայտնած իրենց հետ համաձայնական կառավարութիւն կազմելու:

Ըստ Շարմազանովի, խորհրդարանական համակարգին մէջ շատ կարեւոր են ընդդիմութեան կայուն եւ ուժեղ վերահսկողական մեքանիզմները:

Միջազգային Դիտորդը Ընտրական Գործընթացներու Ապահովումէն Զատ
Կարեւոր Կը Նկատէ Կուսակցութիւններու Գործելակերպի Փոփոխութիւնը

Ժողովրդավարութիւնը ընտրութիւն չէ միայն, այլ նաեւ երկու ընտրութիւններու  միջանկեալ ժամանակահատուածի մը մէջ տեղի ունեցող զարգացումներ: «Արմէնփրես»-ի հաղորդումով` այս մասին 3 ապրիլին լրագրողներու հետ հանդիպման ընթացքին ըսաւ ԵԱՀԿ-ի կարճաժամկէտ դիտորդական առաքելութեան յատուկ համակարգող եւ ղեկավար Իկնասիօ Սանչէզ Ամոր: Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ի՞նչ կը կարծէք, մարդիկ կրցա՞ն գործադրել իրենց ընտրական իրաւունքը, ան ըսաւ, որ ընտրութիւնը միայն քուէարկութեան օրը չէ, այլ` երկար գործընթաց է: «Գործընթացի բոլոր փուլերուն վերաբերեալ ԵԱՀԿ-ի զեկուցումին մէջ կայ անդրադարձ` քարոզչութեան, ֆինանսաւորման, բողոքներու քննարկման ընթացակարգերու, գրանցման սարքերու եւ քուէներու հաշուարկի մասին», ըսաւ Իկնասիօ Սանչեզ Ամոր: Անոր համաձայն, իրենց զեկուցումը շատ աւելի համալիր պատկերացում կու տայ 2 ապրիլին Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած ընտրութիւններուն վերաբերեալ: «Ձեր երկիրը, ձեր խորհրդարանը մեծ ջանքեր գործադրած է բարեփոխումներ իրականացնելու ուղղութեամբ: Պէտք է դրուատել սահմանադրական բարեփոխումները, ընտրական օրէնսգիրքը քաղաքական լայն համաձայնութեամբ ընդունելու քայլը», ըսաւ ԵԱՀԿ-ի կարճաժամկէտ դիտորդական առաքելութեան յատուկ համակարգող եւ ղեկավար Իկնասիօ Սանչեզ Ամոր` աւելցնելով, որ հասարակութիւնը պէտք է իրաւական դաշտէն անցնի դիրքորոշումներու, վարքագիծի, վերաբերմունքի փոփոխութեան: Ան ըսած է, թէ իրաւական լաւ դաշտ, սարքեր, գործիքներ ունենալը ընտրական գործընթացի որոշ փուլերու  համար տակաւին բաւարար չէ, պէտք է յատկապէս կուսակցութիւնները փոխեն գործելակերպը, որոնք, ըստ երեւոյթին, կը շարունակեն գործել այնպէս, որ խնդիրը միայն իրաւական համակարգով չէ որ կը լուծուի:

 

Նախորդը

Հայաստան – Եւրոպական Միութիւն Համաձայնագիրը Պիտի Ստորագրուի Նոյեմբերին

Յաջորդը

Իր Նշանակումէն Ետք Առաջին Հարցազրոյցը Տալով` Բանակի Ընդհանուր Հրամանատարը Հաստատեց Իր Յանձնառութիւնը Երկրի Ապահովութեան Եւ Առեւանգեալ Զինուորականներու Հարցին Գծով

RelatedPosts

Ակնարկ.  Մրցակից-Գործակից Միջնորդներ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Մրցակից-Գործակից Միջնորդներ

October 29, 2026
Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Արդիւնքը  Այսօր Երեկոյեան Կը Սպասուի
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Արդիւնքը Այսօր Երեկոյեան Կը Սպասուի

October 29, 2026
Ազգային Ժողովը Վաւերացուց ԹՐԻՓՓ-ի Համաձայնագիրը. Ընդդիմադիր Խմբակցութիւնները Դէմ Քուէարկեցին
Գլխաւոր լուրեր

Ազգային Ժողովը Վաւերացուց ԹՐԻՓՓ-ի Համաձայնագիրը. Ընդդիմադիր Խմբակցութիւնները Դէմ Քուէարկեցին

October 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.