Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կառավարութիւնը Այսուհետեւ Պիտի Աշխատի Արտակարգ Դրութեամբ

April 7, 2017
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ Հայաստանի կառավարութեան հերթական նիստն էր: Օրակարգին ու յանձնարարականներուն անցնելէ առաջ վարչապետ Կարէն Կարապետեան խօսեցաւ անցեալ կիրակի տեղի ունեցած Ազգային ժողովի ընտրութիւններուն մասին:

«Ընտրութիւնները անցած են շատ աւելի հանդուրժողական մթնոլորտի մէջ, մեր խումբը ստացած է փոփոխութիւններ կատարելու քուէ, այդ իսկ պատճառով իմ յորդորս իմ խմբակիցներուս այն է, որ աշխատինք արտակարգ դրութեամբ` մեր համապատասխան գործողութիւններով եւ ջանքերով», ըսաւ վարչապետը:

«Իւրաքանչիւր Մարզ Պէտք Է Ունենայ
2-3 «
Առաջնակարգ» Ծրագիր»

Հայաստանի վարչապետ Կարէն Կարապետեան երէկ, օրակարգին անցնելէ առաջ, յանձնարարական ներկայացուց տարածքային կառավարման վերլուծական կեդրոնին վերաբերեալ:

«Շատ խօսած ենք տեղական ինքնակառավարման հիմնարկներու մասին: Եթէ այնտեղ չունինք ազդեցիկ կառավարում, մենք ընդհանրապէս պիտի չկարենանք վիճակը փոխել: Այդ իսկ պատճառով մենք տարածքային կառավարման եւ զարգացման նախարարութեան մէջ արդէն մէկ ամիս է` ստեղծած ենք վերլուծական կեդրոն, որուն նպատակն է իրականացնել համայնքներուն մէջ ֆինանսական գործունէութեան վերլուծութիւն, ձեւաւորում եւ համեմատութիւն», ըսած է ան:

Վարչապետը Հայաստանի տարածքային կառավարման եւ զարգացման նախարարին յանձնարարեց` մէկ շաբթուան ընթացքին ընտրել համայնքային զարգացման լաւագոյն ծրագիրները եւ կառավարութեան աշխատակազմին մէջ կազմակերպել քննարկում:

«Խօսքը կը վերաբերի իւրաքանչիւր մարզէ երկու-երեք առաջնակարգ ծրագիրներու: Խորհրդակցութեան ներկայ պիտի ըլլան նաեւ մարզպետները: Խորհրդակցութեան ժամանակ պիտի յայտարարենք, թէ ի՛նչ հիման վրայ պիտի ընտրենք երկու հարիւր համայնքապետներ` գերմանական կառավարութեան հետ համապատասխան դասընթացքներու օգնութեամբ, նաեւ պիտի յայտարարենք, թէ՛ երբ պիտի սկսին Ամերիկեան համալսարանին մէջ կազմակերպուելիք մարզպետներու դասընթացքները», ըսաւ ան:

կառավարութիւնը կը սկսի յառաջիկայ 5 տարուան
գործողութիւններու ծրագիրի մշակման

Երէկ նոյնպէս կառավարութեան նիստին, նախքան օրակարգին անցնիլը, վարչապետ Կարէն Կարապետեան յանձնարարական տուաւ  կառավարութեան ծրագիրով նախատեսուած նախաձեռնութիւններու եւ գերակայ ծրագիրներու կատարման հաշուետուութեան մասին:

Ան նշեց, որ հոկտեմբեր 2016-ին Ազգային ժողովը համաձայնութիւն տուած է կառավարութեան գործողութիւններու ծրագիրին, եւ նկատի առնելով, որ կարճաժամկէտ նախաձեռնութիւններու ծրագիրի ժամկէտը  աւարտած է, եւ առկայ է նոր խնդիրներու եւ գերակայ ճիւղերու  ծրագրաւորման անհրաժեշտութիւն, յանձնարարուեցաւ գործադիրի բոլոր մարմիններուն` մէկ շաբթուան ընթացքին կառավարութեան աշխատակազմին ներկայացնել 2016-ի կառավարութեան գործողութիւններու ծրագիրի հաշուետուութիւն, եւ այդ հաշուետուութեան մասին հանրութիւնը պէտք է տեղեկանայ:

Գործադիրի մարմիններուն յանձնարարուեցաւ նաեւ` մէկ ամսուան  ժամկէտով կառավարութեան աշխատակազմին ներկայացնել 5-ամեայ  գործողութիւններու ծրագիր` մանրամասնելով գերակայ խնդիրները, ուղղութիւնները` յստակ նշելով անոնց իրականացման յստակ ժամկէտները:

«Հաշուի առնելով հանրութեան հետ յետադարձ կապի կարեւորութիւնը` հանրութեան պարբերաբար ներկայացնել տեղեկատուութիւն կատարուած գործողութիւններուն վերաբերեալ», ըսաւ վարչապետ Կարէն Կարապետեան:

Նախորդը

6 Ապրիլը Հռչակուեցաւ Համայնավարական Բռնապետութեան Տարիներուն Հալածուած Եւ Նահատակուած Հոգեւորականներու Յիշատակի Օր

Յաջորդը

Նախագահ Աուն Կը Շեշտէ Ըստ Անհատական Ունակութեան Եւ Ոչ Թէ Պատկանելիութեան Նշանակելու Պաշտօններու Ներկայացող Թեկնածուները

RelatedPosts

Ակնարկ.  Մրցակից-Գործակից Միջնորդներ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Մրցակից-Գործակից Միջնորդներ

October 29, 2026
Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Արդիւնքը  Այսօր Երեկոյեան Կը Սպասուի
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Արդիւնքը Այսօր Երեկոյեան Կը Սպասուի

October 29, 2026
Ազգային Ժողովը Վաւերացուց ԹՐԻՓՓ-ի Համաձայնագիրը. Ընդդիմադիր Խմբակցութիւնները Դէմ Քուէարկեցին
Գլխաւոր լուրեր

Ազգային Ժողովը Վաւերացուց ԹՐԻՓՓ-ի Համաձայնագիրը. Ընդդիմադիր Խմբակցութիւնները Դէմ Քուէարկեցին

October 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.