Դաշնակցութիւնը այս ընտրութիւններուն նոր յառաջընթաց արձանագրած է, այս ընտրութիւնները Դաշնակցութեան համար նոր սկիզբ էր` արդար Հայաստան ունենալու համար. «Թերթ»-ին հետ զրոյցի մը ընթացքին այսպէս ըսաւ Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւնները համակարգող խորհուրդի նախագահ, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Մուրատ Փափազեան` նշելով, որ ընտրութիւններէն ետք ան Հայաստան կը գտնուէր, եւ այստեղ ալ իր եզրակացութիւնները ըրած է:
«Դաշնակցութիւնը ունի իրեն համար, Հայաստանի մէջ եւ ընդհանրապէս հայ ժողովուրդին համար նոր հեռանկարներ, որպէսզի զարգանայ պետութիւնը, որպէսզի ուժեղանայ պետութիւնը, որպէսզի արտագաղթի թիւերը փոքրանան եւ որպէսզի Հայաստանի ժողովուրդը` յատկապէս երիտասարդութիւնը կարենայ Հայաստանի մեջ ապագայ կերտել, երեւակայել, ստեղծել եւ ամրապնդել», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ իրենք համոզուած են, որ Դաշնակցութեան ներդրումով կարելի է այս նպատակներուն հասնիլ:
Մուրատ Փափազեանի համաձայն, վերջին խորհրդարանական ընտրութիւններով Դաշնակցութիւնը յառաջընթաց արձանագրեց: «Դաշնակցութիւնը նաեւ կառավարական կուսակցութիւն է: Անիկա ամբողջութիւն է` Արցախ, սփիւռք եւ Հայաստան, եւ այս ամբողջութիւնը Հայաստանը պէտք է նկատէ իբրեւ կարեւորութիւն: Ուրիշ ո՞ր կուսակցութիւնը Հայաստանի մէջ նման ներկայութիւն ունի: Սփիւռքը կրնայ դեր խաղալ Հայաստանի զարգացման մէջ, որպէսզի անկախութիւնը յաջող գաղափար դառնայ Հայաստանի համար: Այստեղ Դաշնակցութիւնը լուրջ դեր ունի», ըսաւ ան:
Մուրատ Փափազեանը նշեց, որ Դաշնակցութեան չի բաւարարեր ՀՅԴ-ի արձանագրուած արդիւնքները այս ընտրութիւններուն: «Մենք չենք կրնար բաւարարուիլ այս արդիւնքներով: Անշուշտ, պէտք է ճանաչում ըլլայ այդ քուէներուն: Բայց նաեւ պէտք է դատապարտել ձայները գնելը: Դատապարտելու հետ միաժամանակ պէտք է հասկնանք` ժողովուրդը ինչո՞ւ կ՛ընդունի գումարը, ի՞նչ կը նշանակէ ձայն վաճառելը: Ատիկա կը նշանակէ, որ ժողովուրդը իր երկրին մէջ լաւ չ՛ապրիր: Եթէ ժողովուրդը լաւ ապրի, գումարը պիտի չընդունի: Վերջ ի վերջոյ իր գաղափարը կը գնուի: Այս հարցերը պէտք է քննուին», ըսաւ ան:



