Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Աւագ Ուրբաթ Օրը` Լիբանանի Հայկական Եկեղեցիներուն Մէջ

Ապրիլ 19, 2017
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նախքան Ս. Յարութեան տօնակատարութիւնները, Լիբանանի հայկական բոլոր եկեղեցիներուն մէջ նշուեցաւ Աւագ ուրբաթը` իր ամբողջ խորհրդաւորութեամբ: Եկեղեցական արարողութիւններուն կողքին յատկապէս Պուրճ Համուտի հայկական թաղամասերուն մէջ տեղի ունեցան Քրիստոսի բազմամարդ թաղման թափօրներ:

Ստորեւ` հայկական հիմնական եկեղեցիներուն մէջ Աւագ ուրբաթ օրուան արարողութիւններուն ամփոփ նկարագրականները.

«Այսօր Քրիստոս Կը Հրաւիրէ Մեզմէ Իւրաքանչիւրը Իր Հետ Իջնելու Գերեզման Եւ Այնտեղ Թաղելու Մեր Բոլոր Մեղքերը»

 Ըսաւ Արամ Ա. Կաթողիկոս

Աւագ ուրբաթ օրը քրիստոնէական կեանքին մէջ ամէնէն սուրբ եւ խորհրդալից օրերէն մէկն է, որ յիշատակումն է Քրիստոսի թաղման: Այս առիթով, Աւագ ուրբաթ, 14 ապրիլ 2017-ի յետմիջօրէի ժամը 4:00-ին, հանդիսապետութեամբ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ կատարուեցաւ Աստուածորդւոյն Թաղման կարգը:

Նախքան «Խաչի քո Քրիստոս երկիրպագանեմք» Ս. Խաչին նուիրուած փառաբանական շարականին երգեցողութիւնը, վեհափառ հայրապետը իր պատգամը ուղղելով հաւատացեալներուն, օրուան խորհուրդին ընդմէջէն ընդգծեց Քրիստոսի խաչելութեան ճամբով կատարուած ճշմարիտ փրկագործութիւնը, որով աշխարհը պիտի առաջնորդուէր երկինքի թագաւորութիւնը ապրելու երկրի վրայ: Վեհափառ հայրապետը իր խօսքին մէջ ըսաւ. «Մարդուն փրկագործութիւնը դիւրին չէր. այդ մէկը կ՛ենթադրէր գաւազան, չարչարանք, խաչելութիւն, թաղում… եւ այդ բոլորը մեր Տէրը` Յիսուս Քրիստոս յանձն առաւ մեզի համար: Քրիստոս ոչ թէ իր մեղքերուն համար, այլ մեր մեղքերուն համար չարչարուեցաւ, հալածուեցաւ եւ գերեզման իջաւ: Այսօր Քրիստոս կը հրաւիրէ մեզմէ իւրաքանչիւրը Իրեն հետ իջնելու գերեզման եւ այնտեղ թաղելու մեր բոլոր մեղքերը: Այսօր մենք կոչուած ենք մասնակից դառնալու Քրիստոսի թաղման խորհուրդին, թաղեալ Աստուածորդւոյն հետ թաղելու մեր բոլոր մեղքերը»: Վեհափառ հայրապետը իր պատգամի աւարտին հաւատացեալներու հոծ բազմութեան կոչ ուղղեց անսալու Քրիստոսի հրաւէրին` հետեւելու Անոր «Ե՛ս եմ Ճամբան» կոչին, որ դէպի փրկութիւն ու յաւիտենականութիւն առաջնորդող միակ ճշմարիտ ուղին է:

Հայրապետական պատգամէն ետք Արամ Ա. կաթողիկոս Քրիստոսի Ս. գերեզմանին վրայ դրուած «Կենարար խաչ»-ի սրբազան մասունքով օրհնեց ներկայ հաւատացեալներուն հոծ բազմութիւնը:

Ժողովրդային հին աւանդութեան համաձայն, հաւատացեալներ անցան Քրիստոսի Ս. գերեզմանին տակէն` լեցուելու Քրիստոսի յաղթական ուժով եւ յարութեան յոյսով: Հաւատացեալները նաեւ ստացան Քրիստոսի Ս. գերեզմանին վրայ գտնուող ծաղիկները` անմահութեան յոյսը իրենց հետ տանելու համար իրենց տուները:

Քրիստոսի Բազմամարդ Թաղման Թափօր` Պուրճ Համուտի Հայահոծ Թաղամասերուն Մէջ

Աւագ ուրբաթ, 14 ապրիլ 2017-ին, կէսօրէ ետք ժամը 5:00-ին, Յիսուս Քրիստոսի չարչարանաց, խաչելութեան եւ թաղման յիշատակին սրբազան արարողութիւն կատարուեցաւ Նոր Մարաշի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ: Եկեղեցական արարողութեան հանդիսապետեց եւ հաւատացեալ ժողովուրդին իր պատգամը ուղղեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան:

Սրբազանը իր քարոզին մէջ յայտնեց, որ Աւագ շաբաթը իր սրբազան արարողութիւններով յատուկ գրաւչութիւն ունի մեր ժողովուրդին համար, որ մեր եկեղեցւոյ հաստատած կանոններուն հետեւողութեամբ ջերմեռանդօրէն մասնակից կը դառնայ եւ կը փորձէ հոգեւոր հասկացողութեամբ իր կեանքը վերանորոգել` աւելցնելով, որ Յիսուս Քրիստոսի թաղման կարգը եւս մեզի համար ունի յատուկ գրաւչութիւն, որովհետեւ առիթ կ՛ընծայէ, որ մենք խորհինք կեանքի մասին: Սրբազան հայրը նկատել տուաւ, որ մահը աշխարհի հասկացողութեամբ կեանքի վերջակէտն է, բայց քրիստոնէական հասկացողութեամբ մեզ կը տանի դէպի յաւիտենականութիւն, նաեւ մահը այն առիթն է, երբ մենք առաւելաբար կը խորհինք կեանքին մասին:

«Այսօր մենք սգաւորի տրամադրութեամբ ներկայ չենք այս եկեղեցիին մէջ, այլ` ներկայ ենք հաւատքով զօրացած, որպէսզի մասնակից դառնանք Տիրոջ յաղթական երթին եւ մեր ուսերուն վերցնելով քրիստոնէական պարտականութիւնները` զանոնք տանինք աշխարհին, ի մխիթարութիւն բոլորին եւ լուսաւորելու համար մեր շրջապատը քրիստոնէական բարոյականութեամբ, որուն կ՛առաջնորդէ մեզ մեր եկեղեցին: Ներկայ ենք, որպէսզի անդրադառնանք, որ մեր Տէրը աշխարհ եկաւ մեզի համար իր ուսերուն վերցնելով մեր մարդկային մեղքերը, մեզի համար չարչարուեցաւ, խաչուեցաւ, որպէսզի բարձրանալու ճամբան ցոյց տայ մեզի իր յարութեան օրինակին ընդմէջէն», շեշտեց սրբազան հայրը` աւելցնելով, որ դարեր ետք Յիսուսի յիշատակով հաւաքուած ենք, որպէսզի եկեղեցիէն մեր ստացած հոգեւոր մխիթարութեամբ մխիթարենք մեր շրջապատը եւ եկեղեցիէն քաղած մեր լոյսը տանինք մեր հարազատներուն ու յիշեցնենք, որ կեանքին մէջ պէտք չէ ընկճուինք, որովհետեւ Աստուած մեզի հետ է, եւ անոնք, որոնք բարոյականութեամբ կը վարեն իրենց կեանքը, անպայմանօրէն յաղթական կը դառնան, նման Քրիստոսի, որ յաղթանակ տարաւ մահուան վրայ:

Շարունակելով իր խօսքը` սրբազանը յորդորեց հաւատացեալ ժողովուրդը, որ հոգեւորապէս խրախուսուի եւ անդրադառնայ, որ Աստուած մեզի հետ է յատկապէս դժուարութեան եւ նեղութեան ընթացքին, այնպէս ինչպէս ներկայ էր իր միածին Որդիին հետ, երբ Ան չարչարանքներու եւ խաչելութեան ենթարկուեցաւ: «Թող մեր Տէրը խաղաղութիւն պարգեւէ մեր հոգիներուն եւ խաչելութեան, թաղման եւ մանաւանդ յարութեան հրաշալիքները իրականութեան վերածէ մեր կեանքին մէջ, որպէսզի մենք Իր յաղթական թափօրին մաս կազմելով, Իր հրաշալիքները պատմելով, ոգեկոչենք զԻնք ուրիշներու մօտ, որպէսզի անոնք եւս խրախոյս գտնելով միանան մեզի եւ մաս կազմեն մեր հաւատքի թափօրին, որ տկարութիւն չի ճանչնար, այլ գիտէ մահէն դէպի յաղթական կեանք, յարութեան կեանք ընթանալ, որովհետեւ այդ կը պատգամէ մեզի մեր եկեղեցին», եզրափակեց առաջնորդ սրբազան հայրը:

Յետ եկեղեցական արարողութեան կազմուեցաւ թափօրը, որ առաջնորդութեամբ ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին, գլխաւորութեամբ սրբազան հօր, մասնակցութեամբ քահանայից դասուն, դպրաց դասին, ինչպէս նաեւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի, զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեանի, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեանի, Ազգային վարչութեան ատենապետ Յակոբ Հաւաթեանի, Ազգային վարչութեան անդամներուն, պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներուն ու ժողովուրդին շրջեցաւ Պուրճ Համուտի փողոցներուն մէջ:

Յիսուս Քրիստոսի Չարչարանաց Կարգը Եւ Թաղման Թափօրը` Հայ Կաթողիկէ Ս. Խաչ Եկեղեցւոյ Մէջ

Աւագ ուրբաթ, 14 ապրիլ 2017-ին, երեկոյեան ժամը 5:00-ին, Զալքայի հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ Յիսուս Քրիստոսի Չարչարանաց կարգը եւ Թաղման թափօրը` նախագահութեամբ Պէյրութի հայ կաթողիկէ պատրիարքական թեմի օգնական եպիսկոպոս Գէորգ եպս. Ասատուրեանի, մասնակցութեամբ Ս. Խաչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետ Եղիա Ծ. վրդ. Եղիայեանի, փոխժողովրդապետ Վարագ վրդ. Պէրպէրեանի, Աւետիք վրդ. Յովհաննէսեանի եւ ներկայութեամբ հաւատացեալներու հոծ բազմութեան:

Թաղման կարգի արարողութիւնը սկսաւ երեկոյեան ժամերգութեամբ, որուն ընթացքին երգուեցան շարականներ եւ ընթերցուեցան սուրբ գրային հատուածներ: Խաչեալ Յիսուսին դիմաց հոգեւորականները եւ դպիրները ծնրադիր երգեցին «Սուրբ Աստուած» շարականը:

Յընթացս արարողութեան Գէորգ եպս. Ասատուրեան իր պատգամը ուղղեց ժողովուրդին: Ան ըսաւ, որ հաւաքուած ենք Յիսուսի հետ քալելու խաչին ճանապարհով, եկած ենք տեսնելու այն Քրիստոսը, որ իր կեանքը զոհեց մեզի համար: Չարչարանքներուն ընթացքին Յիսուս կրնայ նկատուիլ իբրեւ սխալ դատապարտութեան կամայական հետեւանք եւ տրամաբանական հետեւանքը իր նախանձոտ թշնամիներուն ըրածներուն, սակայն  խաչի ճանապարհին դէպքերը կը բացատրեն անարդար մահը անմեղ Քրիստոսին: Ան յայտնեց, որ յարութեամբ պսակուած Աւագ շաբթուան դէպքերը կը ցոլացնեն իրականացումը Աստուծոյ փրկչական ծրագիրին, որ կը վերահաստատէ աստուածային կամքի սիրոյ ուխտը մարդկային մեղքին նկատմամբ:

Գէորգ եպս. Ասատուրեան նշեց, որ Աւագ ուրբաթ օրուան խորհուրդը կը մնայ խորհուրդ անճարելի, անըմբռնելի: Աստուծոյ սէրն ու գթութիւնը իր ամբողջ ուժգնութեամբ անսահմանութեամբ կը յայտնուի այս խորհուրդին մէջ. Որդւոյն զոհաբերումը` այս գերագոյն զոհը հին դրոշմն է նոր ուխտին:

Խօսքի աւարտին ան հրաւիրեց հաւատացեալները երկխօսութեան մէջ մտնելու Յիսուսին հետ եւ ըսաւ. «Ո՜վ Յիսուս, ես Քեզ մատնեցի, սակայն Դուն ինծի հաւատարիմ մնացիր, ես Քեզ մոռցայ, բայց Դուն ինծի կը փնտռես, սուտ խօսեցայ, իսկ Դուն ճշմարտութիւնը ըսիր ինծի, Քեզ ամբաստանեցի, բայց Դուն զիս պաշտպանեցիր, Քեզ սպաննեցի, մինչ Դուն ինծի կեանք տուիր, ո՜վ Յիսուս, օգնէ ինծի, որ խաչին իմաստը գիտնամ. իմ յարութիւնս գիտնալու եւ հետդ ապրելու համար Քեզմէ կը խնդրեմ, որ ներես ինծի, ո՜վ խաչեցեալ Յիսուս»:

Այնուհետեւ Աւետարանէն ընթերցումներ կատարուեցան, ապա  «Ուր ես մայր իմ» շարականի երգեցողութեամբ Աւետիք վրդ. Յովհաննէսեան երկիւղածութեամբ խաչէն վար առաւ խաչեալ Յիսուսը եւ զայն տեղաւորեց ծաղիկներով պատրաստուած խորհրդանշական դագաղին մէջ, ապա ընթացք առաւ թաղման թափօրը: Հաւատացեալ հոծ բազմութիւնը ՀԿՄ-ի շեփորախումբին նուագակցութեամբ քալեց թափօրին հետ եկեղեցւոյ թաղամասերով եւ վերադառնալով եկեղեցի: Աւանդութեան համաձայն, բոլոր հաւատացեալները անցան Քրիստոսի դագաղին տակէն, որ կը խորհրդանշէ մահէն յաւիտենական կեանք անցումը: Այնուհետեւ հոգեւորականները եւ դպիրները խաչեալ Յիսուսը զետեղեցին խորհրդանշական գերեզմանին մէջ եւ երգեցին «Խաչի քո Քրիստոս» շարականը: Տէրունական աղօթքով եւ պահպանիչով վերջ գտաւ արարողութիւնը:

 

Նախորդը

Հաղորդագրութիւն

Յաջորդը

«Հայ Ժողովուրդը Երբ Հանդիպեցաւ Փոթորիկներու Նայեցա՛ւ Քրիստոսի Յաղթական Յարութեան Եւ Այդ Յարութեամբ Հզօրացուց Իր Կեանքը» Շեշտեց Արամ Ա. Կաթողիկոս

RelatedPosts

Ակնարկ.  Կարմիր Գիծէն Անցում Դէպի Մտահոգութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Կարմիր Գիծէն Անցում Դէպի Մտահոգութիւն

Հոկտեմբեր 25, 2025
Արամ Ա. «Անթիլիասը Կարիք Չունի Երեւանէն Եկող Թելադրութիւններուն Կամ Ուղղութիւններուն»
Գաղութային

Արամ Ա. «Անթիլիասը Կարիք Չունի Երեւանէն Եկող Թելադրութիւններուն Կամ Ուղղութիւններուն»

Հոկտեմբեր 25, 2025
«Վենետիկի Յանձնաժողովը Արձանագրած Է Քրէական Շարք Մը Գործերու Ապօրինութիւնը» Նիւթով Մամլոյ Ասուլիս
Գլխաւոր լուրեր

«Վենետիկի Յանձնաժողովը Արձանագրած Է Քրէական Շարք Մը Գործերու Ապօրինութիւնը» Նիւթով Մամլոյ Ասուլիս

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?