Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Հայ Ժողովուրդը Երբ Հանդիպեցաւ Փոթորիկներու Նայեցա՛ւ Քրիստոսի Յաղթական Յարութեան Եւ Այդ Յարութեամբ Հզօրացուց Իր Կեանքը» Շեշտեց Արամ Ա. Կաթողիկոս

Ապրիլ 19, 2017
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Յարութեան հրաշափառ տօնին առիթով կիրակի, 16 ապրիլ 2017-ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան մայրավանքի շրջափակը լեցուն էր հաւատացեալներու հոծ բազմութեամբ, որոնք եկած էին լուսաւորուելու եւ քաջալերուելու Քրիստոսի մահուան վրայ տարած յաղթանակով: Հաւատացեալներու կողքին ներկայ էին նաեւ այլ համայնքներու հոգեւոր թէ քաղաքական պատասխանատուներ ու ներկայացուցիչներ:

Զատկական Ս. պատարագը մատուցեց ու իր հայրապետական պատգամը յղեց Արամ Ա. վեհափառ հայրապետ: Սուրբ պատարագի երգեցողութիւնը կատարեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Շնորհալի» երգչախումբը` ղեկավարութեամբ Գարեգին վրդ. Շխրտըմեանի:

Արամ Ա. կաթողիկոս պատգամին ընթացքին խօսելով Քրիստոսի հրաշափառ Յարութեան տօնի խորհուրդին մասին հետեւեալ տողերուն մէջ ամփոփեց Յարութեան տօնի նպատակը. «Քրիստոս հալածուեցաւ, չարչարուեցաւ, խաչուեցաւ, թաղուեցաւ եւ յարութիւն առաւ, որպէսզի իր յարութեամբ մեզի կեանք պարգեւէ: Աստուած մեզի՛ համար մարդացաւ, չարչարուեցաւ ու խաչուեցաւ եւ դարձեալ մեզի՛ համար յարութիւն առաւ, որպէսզի Քրիստոսի օրինակին հետեւելով մահով մահուան յաղթենք, խաչով` մեղքին յաղթենք ու Աստուածորդիին յարութեամբ կեանք ունենանք»: Վեհափառ հայրապետը  կարեւորութեամբ շեշտեց յարութեան նկատմամբ հաւատքի անհրաժեշտութիւնը` ըսելով. «Այսօր մեր ժողովուրդը որքա՜ն պէտք ունի յարութեան շունչին, յարութեան հաւատքին ու յարութեան տեսիլքին, որովհետեւ առանց անոնց մեր կեանքը պիտի դատարկուի իր իմաստէն, խորքէն ու նպատակէն: Հայ ժողովուրդը իր դարաւոր պատմութեան ընթացքին երբ հանդիպեցաւ փոթորիկներու, նայեցա՛ւ Քրիստոսի յաղթական յարութեան եւ այդ յարութեամբ թրծեց, շաղախեց, իմաստաւորեց եւ հզօրացուց իր կեանքը: Նոյն այդ յարութեան ոգիով է, որ կրցաւ տոկալ ու դէմ դնել ամէն տեսակ դժուարութեանց, ու մի՛շտ ալ յարութիւն առաւ, Քրիստոսի օրինակով մահուան վրայ յաղթանակ տանելով»:

Վեհափառ հայրապետը իր պատգամը եզրափակեց հաւատացեալներուն կոչ ուղղելով` վերանորոգելու մեր քրիստոնէական կեանքը Քրիստոսի յաղթական յարութեամբ, Անով պայծառակերպուելու եւ առաջնորդուելու դէպի բարի եւ խաղաղ նաւահանգիստ:

Սուրբ եւ անմահ պատարագի աւարտին, Ս. Զատկուան տօնին առիթով Արամ Ա. կաթողիկոս շնորհաւորանքներ ընդունեց հոգեւոր պետերու, քաղաքական ու ազգային ներկայացուցիչներու եւ բարձրաստիճան պատասխանատուներու կողմէ:

Ս. Յարութեան Տօնի Նշում` Ս. Նշան Մայր Եկեղեցւոյ Մէջ

Ս. Յարութեան տօնին առիթով հանդիսաւոր սուրբ եւ անմահ պատարագ մատուցուեցաւ Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ մէջ, կիրակի, 16 ապրիլ 2017-ին:  Պատարագեց եւ հայրական պատգամը յղեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան:

Առաջնորդ սրբազանը իր պատգամը սկսաւ Յիսուսի գերեզմանին շուրջ տեղի ունեցած դրուագով: Ան ըսաւ, թէ հռոմէացի զինուորներ կը պաշտպանէին այդ գերեզմանը, որպէսզի ոչ մէկը կարենայ մօտենալ եւ Յիսուսի մարմինը հանել անկէ, կիրակի օրով բարեպաշտ կիներ եկան անոր գերեզմանը այցելելու, խունկ ծխելու եւ աղօթելու: Առաջնորդ սրբազանը շարունակեց ներկայացնել աւետարանական դրուագը` նշելով, որ կիները գերեզմանաքարը գետին տապալած տեսան, երբ Տիրոջ հրեշտակը անոնց ըսաւ, թէ Յիսուս յարութիւն առաւ ու թելադրեց անոնց, որ երթան եւ լուրը Յիսուսի աշակերտներուն հաղորդեն: Սրբազան հայրը հարց տուաւ, թէ ներկայիս, փոխուած աշխարհի պայմաններուն մէջ մենք ի՞նչ հոգիով կ՛ընդունինք եւ կ՛ընկալենք Յիսուս Քրիստոսի յարութեան լուրը: Այժմ մենք ո՞ւր կը փնտռենք Յարուցեալը: Տիրոջ հրեշտակը ներկայիս մեր եկեղեցւոյ ճամբով մեզի ցոյց կու տայ, որ Յարուցեալը մեր կեանքին մէջ է: Եկեղեցւոյ ճամբով յարութեան յոյսը մենք կրնանք փոխանցել ժողովուրդին: Ան մեզի հետ կը գործէ մեր տարբեր պայմաններուն մէջ, բայց մենք այդ հոգեւոր լոյսն ու յոյսը պէտք է փոխանցենք անոնց, որոնք հեռու են Յիսուս Քրիստոսի յարութեան յոյսէն: Պէտք է յիշենք, որ այս յոյսը ստացողը չի կրնար զայն իր անձին մէջ բանտարկել: Ան իր մտածումներուն եւ գործերուն մէջ կ՛արտայայտէ զայն շքեղօրէն, այնպէս ինչպէս լոյսը կը փայլի` լուսաւորելով նաեւ իր շրջապատը: Յարութեան յիշատակը այսօր մեզ կը հրաւիրէ նոր գիտակցութեան, որպէսզի միայն տօնական առիթներով ջերմեռանդ չըլլանք, այլ ամէն օր Յիսուսը մեր կողքին ունենալու գիտակցութեամբ ապրինք, որպէսզի մեր կեանքի պայմաններուն մէջ չկորսնցնենք բարեպաշտութիւնը եւ չկորսնցնենք մենք մեզ: Տիրոջ հրեշտակը այսօր կը հրաւիրէ բոլոր անոնց, որոնք Քրիստոսի աշակերտներուն օրինակով եւ եկեղեցւոյ ճամբով Քրիստոսի յարութեան յոյսը կը տարածեն ամէնուր, դէմ դնելով կեանքի բոլոր դժուարութիւններուն: Եթէ մենք միայն մեր անձերուն համար պիտի փորձենք ապրիլ` միայն մեր անձերը պաշտպանելով, ի՞նչ ձեւով պիտի զգանք Աստուծոյ ներկայութիւնը մեր մէջ եւ ի՞նչ ձեւով աստուածասիրութիւնը մեր եղբայրը սիրելով պիտի արտայայտենք մեր կեանքին մէջ: Անցեալը ինք մեզ աշխատանքի եւ պարտականութեան կը հրաւիրէ: Բոլորս ալ գիտենք, որ մեր եկեղեցւոյ եւ ազգի կեանքին մէջ տեսակաւոր կարիքներ ու դժուարութիւններ գոյութիւն ունին, որոնք դարմանելու համար բոլորս ալ պէտք է լծուինք արդար աշխատանքի, որպէսզի եկեղեցիէն եւ Յարուցեալէն ստացած մեր լոյսն ու օրհնութիւնը իբրեւ բարիք առատանան մեր համայնական կեանքին մէջ:

Կ՛աղօթեմ, սիրելի՛ հաւատացեալներ, որ Աստուած յարութեան իր հրաշքը նաեւ իրականութեան վերածէ մեր կեանքի պայմաններուն մէջ, եւ մենք երկինքէն ստանանք այն լոյսը, որ մեր կեանքը լուսաւորելով կրնայ մեզի դէպի վերելք եւ յաւիտենականութիւն ընթացող ճամբան ցոյց տալ: Կ՛աղօթեմ, որ բարին Աստուած խաղաղութիւն հաստատէ բոլորիս առօրեային մէջ, որպէսզի մենք բնականոն կեանքի պայմաններու մէջ Աստուած մեզի հետ ունենալով, մեր քրտինքով ու արդար աշխատանքով բարեկարգենք մեր կեանքը` այնտեղ Աստուծոյ բնակութեան համար բարօր պայմաններ ստեղծելով», ընդգծեց առաջնորդ սրբազանը:

Սուրբ պատարագի աւարտին, առաջնորդ սրբազան հայրն ու Ազգային վարչութիւնը զատկական շնորհաւորանքներ ընդունեցին քաղաքի Ազգային առաջնորդարանի դահլիճին մէջ, մինչեւ կէսօրէ ետք ժամը 2:00: Ապա, կէսօրէ ետք ժամը 3:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:30, շնորհաւորանքները ընդունուեցան Պուրճ Համուտի Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ:

Յիսուս Քրիստոսի Հրաշափառ Յարութեան Տօնը` Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ – Ս. Եղիա Աթոռանիստ Եկեղեցւոյ Մէջ

Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Գրիգոր Պետրոս Ի. կաթողիկոս պատրիարքը կիրակի, 16 ապրիլ 2017-ին  հանդիսապետեց Յիսուս Քրիստոսի հրաշափառ Յարութեան տօնին նուիրուած սուրբ պատարագը, որ մատուցուեցաւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ-Ս. Եղիա աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ` հաւատացեալներու հոծ բազմութեան ներկայութեան:

Ս. պատարագը սկսաւ հայրապետական թափօրի հանդիսաւոր մուտքով եւ «Հրաշափառ» շարականի երգեցողութեամբ: Առընթերակայ պատարագակիցներն էին Գէորգ Ծ. վրդ. Եղիայեան եւ Րաֆֆի քհնյ. Յովհաննէսեան:

Յընթացս պատարագին ամենապատիւ հոգեւոր տէրը Քրիստոսի Յարութեան տօնին առիթով իր պատգամը ուղղեց բոլոր հաւատացեալներուն եւ ըսաւ.

«Մեր քարոզած Քրիստոսը մեռած կ՛ըլլայ, եթէ մեզի համար լոկ հին յիշատակ մըն է. բայց Յարուցեալը մեր առջեւն է, մեր ներկան է, մեր ապագան, ոչ թէ մեր անցեալը: Ի՛նքն է, որ այսօրուան պատմութիւնը կը գրէ: Թերեւս պիտի նախընտրէինք մեռած եւ հանգստացնող խօսք մը լսել Իրմէ, քան թէ խանգարող, մեզ խրախուսող եւ դրդող հրաւէր մը»:

Ամենապատիւ հոգեւոր տէրը իր պատգամին մէջ նշեց, որ Յարութեան շնորհքը մեր մեղքերուն եւ եսասիրութեան վէմը կը թաւալեցնէ: Մեր դէմը կեցած` յարուցեալ Քրիստոսը` Իր լոյսին զօրութեամբ, վէմը կը թաւալեցնէ` փարատելով մեր տարակոյսները, մեր յուսալքումները եւ մեր վախերը: Ան հաստատեց, որ ապաշխարութեան եւ ողորմութեան խորհուրդն է, որ կարող է աստուածայի՛ն ուժով տապալել մեր կեանքի բոլո՛ր արգելքները եւ լուսաւորել մեր առօրեայ ճանապարհը:

Գրիգոր Պետրոս Ի. կաթողիկոս պատրիարքը իր պատգամի աւարտին հաստատեց, որ Յարութեան տօնը լուսաւոր եւ փառապա՛նծ յաղթութեան օր է, որովհետեւ Քրիստոս խաչեց մահը, պայծառացուց կեանքը եւ անմահութիւնը. մեզ կ՛անցընէ` գերութենէն դէպի ազատութիւն, տխրութենէն դէպի ուրախութիւն, սուգէն դէպի ցնծութիւն, խաւարէն դէպի լոյս, գերութենէն դէպի ազատում, ապա եզրափակեց ըսելով. «Սիրելի՛ եղբայրներ եւ քոյրեր, երկու հազարամեայ Քրիստոսի եկեղեցւոյ զաւակներուն եւ այսօրուան բոլոր քրիստոնեաներուն հետ, խոր հաւատքով, մեծ յոյսով եւ վառ սիրով ու անհուն ուրախութեամբ հռչակենք յաչս աշխարհի` Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց. օրհնեալ է յարութիւնն Քրիստոսի»:

Սուրբ պատարագի ժամանակ բոլոր հաւատացեալները ճաշակեցին Յիսուս Քրիստոսի մարմինն ու արիւնը խորհրդանշող սրբազան հացն ու գինին: Հաղորդութեան աւարտին Գրիգոր Պետրոս Ի. կաթողիկոս պատրիարքը օրհնեց ժողովուրդը եւ եկեղեցւոյ մէջ ընդունեց հաւատացեալներու շնորհաւորութիւնները:

Նախորդը

Աւագ Ուրբաթ Օրը` Լիբանանի Հայկական Եկեղեցիներուն Մէջ

Յաջորդը

«Մեր Կեանքը Արժէք Ու Բովանդակութիւն Կը Ստանայ Քրիստոսի Մահուան Եւ Յարութեան Խորհուրդի Լոյսին Տակ» Ըսաւ Գարեգին Բ. Կաթողիկոս

RelatedPosts

Ակնարկ.  Կարմիր Գիծէն Անցում Դէպի Մտահոգութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Կարմիր Գիծէն Անցում Դէպի Մտահոգութիւն

Հոկտեմբեր 25, 2025
Արամ Ա. «Անթիլիասը Կարիք Չունի Երեւանէն Եկող Թելադրութիւններուն Կամ Ուղղութիւններուն»
Գաղութային

Արամ Ա. «Անթիլիասը Կարիք Չունի Երեւանէն Եկող Թելադրութիւններուն Կամ Ուղղութիւններուն»

Հոկտեմբեր 25, 2025
«Վենետիկի Յանձնաժողովը Արձանագրած Է Քրէական Շարք Մը Գործերու Ապօրինութիւնը» Նիւթով Մամլոյ Ասուլիս
Գլխաւոր լուրեր

«Վենետիկի Յանձնաժողովը Արձանագրած Է Քրէական Շարք Մը Գործերու Ապօրինութիւնը» Նիւթով Մամլոյ Ասուլիս

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?