Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Մեր Կեանքը Արժէք Ու Բովանդակութիւն Կը Ստանայ Քրիստոսի Մահուան Եւ Յարութեան Խորհուրդի Լոյսին Տակ» Ըսաւ Գարեգին Բ. Կաթողիկոս

Ապրիլ 19, 2017
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

16 ապրիլին Ս. Էջմիածինը հանդիսաւորապէս տօնախմբեց Յիսուս Քրիստոսի հրաշափառ Յարութեան տօնը: Այս առիթով Ս. Էջմիածինի մայր տաճարին մէջ, Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոս մատուցեց հայրապետական Ս. պատարագ: Սրբազան արարողութեան ներկայ էին բարձրաստիճան պաշտօնեաներ` գլխաւորութեամբ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի, տիկին Ռիթա Սարգսեան եւ Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեան:

Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոս մայր աթոռէն իր պատգամը յղեց ըսելով.  «Մեր կեանքը արժէք ու բովանդակութիւն կը ստանայ Քրիստոսի մահուան ու յարութեան խորհուրդի լոյսին տակ: Ապրիլ Քրիստոսով եւ Քրիստոսի համար, ահա այս է փրկարար ուղին մեր կեանքին, հիմքը, պայմանն ու երաշխիքը թէ՛ իբրեւ անհատ, եւ թէ՛ իբրեւ  հաւաքականութիւն մեր հոգեւոր աճի ու զօրացման, նաեւ` մեր հայրենիքի յառաջընթացին ու զարգացման, աշխարհասփիւռ մեր ժողովուրդի բարօրութեան ու լուսաւոր գալիքին:

«Այսօր բազմաթիւ խնդիրներու առջեւ կանգնած է մեր երկիրը, մեր սահմաններուն վրայ խաղաղութիւնը անկայուն է, տակաւին յաղթահարուած չեն աղքատութիւնն ու գործազրկութիւնը, հրամայական է արտագաղթի կանխումը եւ մեր ժողովուրդի զաւակներուն դարձը դէպի հայրենիք: Այս մարտահրաւէրներուն դէմ մեր ժողովուրդը ունի վսեմ յատկանիշները հայրենանուիրումի, ազգասիրութեան, ընտանիքի նուիրականութեան, ծնողքի հանդէպ սիրոյ, ունի յանձնառութիւն զոհողութիւններու` յանուն իր սրբազան արժէքներուն. եւ մենք ի զօրու ենք անառիկ պահելու հայրենի սահմանները, բարօր ու բարգաւաճ դարձնելու մեր երկիրը, բացառելու ազգային մեր կեանքէն բոլոր տագնապներն ու ցնցումները»:

Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսը ժողովուրդին պատգամեց, որ մեր կեանքի ընթացքը, մեր կենսակերպը մեզ ոչ թէ պէտք է ջլատէ, պառակտէ, այլ միաւորէ եւ դարձնէ համախումբ` դիմագրաւելու համար մեր կեանքի մարտահրաւէրներն ու փորձութիւնները եւ լաւատեսութեամբ իրականութիւն դարձնելու ազգային մեր տեսիլքները:

 

 

Նախորդը

«Հայ Ժողովուրդը Երբ Հանդիպեցաւ Փոթորիկներու Նայեցա՛ւ Քրիստոսի Յաղթական Յարութեան Եւ Այդ Յարութեամբ Հզօրացուց Իր Կեանքը» Շեշտեց Արամ Ա. Կաթողիկոս

Յաջորդը

Ֆրանսայի Հայ Համայնքը Նախագահական Ոեւէ Թեկնածուի Աջակցելու Որոշում Չունի

RelatedPosts

Ակնարկ.  Կարմիր Գիծէն Անցում Դէպի Մտահոգութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Կարմիր Գիծէն Անցում Դէպի Մտահոգութիւն

Հոկտեմբեր 25, 2025
Արամ Ա. «Անթիլիասը Կարիք Չունի Երեւանէն Եկող Թելադրութիւններուն Կամ Ուղղութիւններուն»
Գաղութային

Արամ Ա. «Անթիլիասը Կարիք Չունի Երեւանէն Եկող Թելադրութիւններուն Կամ Ուղղութիւններուն»

Հոկտեմբեր 25, 2025
«Վենետիկի Յանձնաժողովը Արձանագրած Է Քրէական Շարք Մը Գործերու Ապօրինութիւնը» Նիւթով Մամլոյ Ասուլիս
Գլխաւոր լուրեր

«Վենետիկի Յանձնաժողովը Արձանագրած Է Քրէական Շարք Մը Գործերու Ապօրինութիւնը» Նիւթով Մամլոյ Ասուլիս

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?