Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի ներկայացուցիչները մարդասիրական այցելութիւն կատարած են Պաքուի մէջ պահուող Վիգէն Իւլճեքեանին: Այս մասին «Էքս» ընկերային ցանցին մէջ յայտնած է անոր իրաւաբանական ներկայացուցիչ Մարիա Լուսիանա Մինասեան:
Ան իր եւ Վիգէն Իւլճեքեանի կնոջ անունով շնորհակալութիւն յայտնած է Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէին, ինչպէս նաեւ Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն` «Ումպաքի» բանտին մէջ Իւլճեքեանին այցելելու կարելիութիւն ընձեռելու համար:
Այցելութեան ընթացքին Կարմիր խաչի ներկայացուցիչները Իւլճեքեանին փոխանցած են առաջին անհրաժեշտութեան պարագաներ, ներառեալ սննդամթերք, ծխախոտ եւ անձնական իրեր, ինչ որ «այս զգայուն ժամանակահատուածին» դրական ազդեցութիւն ունեցած է անոր ֆիզիքական եւ հոգեբանական վիճակին վրայ:


