Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քաց. «Լիբանանեան Պետութիւնը Պէտք Է Հըզպալլայի Դէմ Բոլոր Մակարդակներուն Վրայ Գործնական Քայլեր Որդեգրէ»

March 20, 2026
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Իսրայէլ Քաց Լիթանի գետին վրայ «Հըզպալլայի կողմէ զէնքի մաքսանենգման համար օգտագործուող երկու յաւելեալ կամուրջներու քանդումը յայտարարելով նշեց. «Ասիկա լիբանանեան կառավարութեան պատգամ է. Հըզպալլային պիտի չարտօնենք լիբանանեան պետութեան ենթակառոյցները օգտագործել»:

«Լիբանանեան պետութիւնը պէտք է Հըզպալլայի դէմ բոլոր մակարդակներուն վրայ գործնական քայլեր որդեգրէ», աւելցուց Քաց:

Իսրայէլեան օդուժը երէկ շարք մը յարձակումներ շղթայազերծելով թիրախաւորեց Սուրիոյ մէջ Մասաքենն ու Հաուշը:

Իսրայէլեան հրետանին իր կարգին ռմբակոծեց Խիամ քաղաքն ու պետական նախակրթարանի մերձակայքը, ինչպէս նաեւ Ղանտուրիէ գիւղին մերձակայքն ու Ուատի Սլուքին:

Իսրայէլեան օդուժը յարձակումներ գործեց Արեւմտեան Պեքայի մէջ Մաշղարա գիւղի մերձակայքը:

«Ժազիրա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց. «Իսրայէլ օդային յարձակում գործեց Հարաւային Լիբանանի Խիամ գիւղի մերձակայքին վրայ»:

Իսրայէլեան բանակը երէկ Զահրանի գետէն հարաւ գտնուող շրջանի բնակիչները զգուշացուց, որ պէտք է զայն դատարկեն եւ Զահրանի գետէն հիւսիս ուղղուին:

Հըզպալլան իր կարգին շարունակեց հիւսիսային Իսրայէլի ուղղութեամբ իր հրթիռարձակումները:

Հըզպալլա յայտարարեց, որ երէկ ժամը 10:00-ին հրթիռակոծած է Աքքա քաղաքի արեւելքը գտնուող Թիֆին ռազմակայանը: Նոյն ժամուն հրթիռակոծուեցաւ նաեւ Ատայերի դիրքը:

Հըզպալլան նաեւ հրթիռակոծեց սահմանամերձ Ալմա Շաապ գիւղին մօտ գտնուող իսրայէլեան նորաստեղծ դիրքը:

Իսրայէլեան պատկերասփիւռի 15-րդ կայանը հաղորդեց. «Հրթիռը, որ երէկ Լիբանանէն Կազայի մերձակայք հասաւ, արձակուեցաւ Պաալպեքէն, որ շուրջ 315 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ կը գտնուի»:

Իսրայէլացի պաշտօնատար մը «Արապիա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց. «Պատերազմը նոր փուլ մուտք գործեց եւ կրնայ յաւելեալ շաբաթներու վրայ երկարիլ»:

Ամերիկեան դիւանագիտական աղբիւրներ «Ժատիտ»-ին յայտնեցին. «Ուաշինկթըն, Լիբանանի ամբողջական փլուզումէն վախնալով, սկսաւ Իսրայէլի վրայ ճնշում բանեցնել Լիբանանի հետ բանակցութիւններու ձեռնարկման պատրաստուելու»:

Լիբանանեան քաղաքական աղբիւրներ «Ժատիտ»-ին յայտնած են. «Իսրայէլ մտահոգ է Միացեալ Նահանգներու պատերազմը դադրեցնելու հակումէն, ինչ որ զայն կը մղէ Լիբանանի մէջ մագլցումի դիմելու»:

Աղբիւրները անդրադառնալով պատերազմի տեւողութեան պատկերասփիւռի կայանին յայտնած են. «Մեր դիմաց առնուազն յաւելեալ երկու շաբաթներ կան»:

Իսրայէլացի զինուորական պաշտօնատար մը «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ» օրաթերթին յայտնած է. «Կը ծրագրենք Հըզպալլայի դէմ ամիսներու վրայ երկարող զինուորական արշաւ մը շղթայազերծել»:

Իսրայէլեան բանակը իր կարգին յայտարարեց. «Լիբանանի մէջ Հըզպալլայի կողմէ օգտագործուող բոլոր կառոյցները պիտի թիրախաւորենք»:

Իսրայէլեան «Մաարիւ» օրաթերթը կը գրէ. «Իսրայէլեան բանակը պէտք է արագօրէն եւ մեծ ուժով շարժի` յառաջ մղելու համար ուժեղ «զգետնիչ հարուած» հոլովոյթը, որ Հըզպալլան կը զգետնէ, ինչպէս նաեւ ճնշում պէտք է բանեցնէ լիբանանեան կառավարութեան եւ անոր հովանաւորներ Ֆրանսայի ու Սէուտական Արաբիոյ վրայ` Հըզպալլայի զինաթափման պահանջուած հոլովոյթը յառաջ մղելու համար»:

Լաւատեղեակ աղբիւրներ «Հաարեց» օրաթերթին յայտնեցին. «Իսրայէլեան բանակը ամիսներ առաջ առաջարկեց Հըզպալլայի դէմ կեդրոնացուած զինուորական գործողութիւն մը շղթայազերծել, սակայն քաղաքական իշխանութիւնը այդ առաջարկը մերժեց»:

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոն յայտնեց. «Հըզպալլայի զինաթափման հարցին մէջ կը զօրակցինք լիբանանեան կառավարութեան եւ կ՛ուզենք Լիբանանին օգնել պահպանելու իր հողային ամբողջականութիւնը, գերիշխանութիւնն ու անվտանգութիւնը»:

Նախորդը

Նախագահ Աուն Ընդունեց Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս Պատրիարքը

Յաջորդը

Ռիատի Նախարարաց Ժողովը Դատապարտեց Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Յարձակումը

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.