Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հարաւային Լիբանանի Մէջ Իսրայէլեան Ցամաքային Ներխուժման Առընթեր. Լիբանանի Նկատմամբ Միջազգային Զօրակցութեան Յաւելեալ Կեցուածքներ Կը Դրսեւորուին

March 17, 2026
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իրանի վրայ իսրայէլեան ու ամերիկեան յարձակումներու շարունակման կողքին եւ հակառակ Լիբանանի թիրախաւորման դատապարտումի ու զինադուլի գծով բանակցութեանց կոչերուն, Իսրայէլ անդրդուելիօրէն կը շարունակէ իր յարձակողական յառաջխաղացքը: Աւելի՛ն, Իսրայէլ նոյնիսկ հետաքրքրուած չէ Լիբանանի կողմէ Իսրայէլի պետութեան պաշտօնապէս ճանաչումի քայլով` յայտարարելով, թէ հիմնականը Իսրայէլի հիւսիսային բնակեցման վայրերը խաղաղ ձգելն է, իսկ եթէ խաղաղութեան պայմանագիր կնքուի, այդ ալ յաւելեալ դրական քայլ մը կ՛ըլլայ: Փաստօրէն, երէկ ամբողջ օրուան ընթացքին իսրայէլեան ցամաքային ուժեր շարունակեցին իրենց յառաջխաղացքը յաւելեալ երկու ջոկատներով հարաւային Լիբանանի եւ արեւմտեան Պեքայի մէջ ճշդուած անցքերէ:  Միաժամանակ իսրայէլեան ուժեր անօդաչու սարքերով շրջեցան հարաւային Լիբանանի, Պեքայի եւ Պէյրութի Հարաւային արուարձաններուն վերեւ` հարուածելով նախօրօք ճշդուած թիրախներ այդ շրջաններուն մէջ, ինչպէս նաեւ ահաւոր կորուստներ ու վնասներ պատճառելով: Նոյն ծիրին մէջ, սահմանային Խիամի շրջանին մէջ իսրայէլեան ուժերու եւ Հըզպալլայի մարտիկներուն միջեւ փոխադարձ ուղղակի բախումներ տեղի ունեցան: Իսրայէլացի նախարար Էլի Քոհեն իսրայէլեան այս թափանցման ոտնձգութիւնները արդարացնել փորձեց յայտնելով, որ Իսրայէլ կ՛ուզէ իր հիւսիսային շրջանին եւ լիբանանեան հարաւային տարածքին միջեւ ապազինեալ գօտի հաստատել: Իսկ նախարար Քաց շեշտեց, որ լիբանանցի տեղահանուածները պիտի չվերադառնան իրենց բնակարանները, մինչեւ որ հիւսիսային շրջաններու բնակչութեան ապահովութեան քայլերը ամրագրուին:

Պատերազմական այս մթնոլորտին մէջ լիբանանեան վարչամեքենան սերտ ճիգերով հետեւեցաւ կացութեան զարգացումներուն` միաժամանակ շեշտելով տեղահանուածներու հոգածութեան կարեւորութիւնը: Այս ծիրին մէջ վարչապետ Նաուաֆ Սալամ երէկ գլխաւորեց այս գծով նախարարական հերթական հանդիպումին` ներկայութեամբ պատկան նախարարներուն: Սալամ այս առիթով լսելէ ետք պատկան նախարարներու եւ մասնագէտներու զեկուցումները անհրաժեշտ ցուցմունքներ տուաւ արծարծուող հարցերու լուծման շուտափոյթ քայլերու ամբողջացման գծով: Ընկերային հարցերու նախարար Հանին Սէյիտ եւ ապա զբօսաշրջութեան նախարար Լոր Լահուտ հերթաբար անդրադարձան տիրող կացութեան եւ այս գծով թափուող ճիգերուն` վերահաստատելով, որ ոչ մէկ քաղաքացի անտէր կամ անօթեւան պիտի մնայ: Խորքին մէջ բախումներու բռնկումէն ի վեր աւելի քան մէկ միլիոն քաղաքացի տեղահանուած է իր բնակարաններէն, անոնց մեծ մասը արդէն իսկ պաշտօնապէս արձանագրուած է համապատասխան նախարարութեան հրապարակած կայքին մէջ` ստանալով անհրաժեշտ նպաստ եւ օժանդակութիւն: Նոյն ծիրին մէջ, առողջապահական նախարարութիւնը հաստատեց, որ տեղահանուած հիւանդ քաղաքացիներ անվճար դարմանումի պիտի ենթարկուին ներկայ պայմաններուն մէջ: Այս ծիրին մէջ լիբանանեան առողջապահութեան նախարարութիւնը յայտարարեց, թէ 2 մարտ 2026-ին բռնկած բախումներէն ի վեր ցարդ Լիբանանի մէջ արձանագրուած է  886 զոհ եւ  2141 վիրաւորներ:

Զօրակցութիւնը Կը Շարունակուի

Իրերու այս դրութեան մէջ եւ ընդառաջելով Լիբանանեան իշխանութեան ու ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարին կողմէ Լիբանանի անմիջական օժանդակութեան կոչին` երէկ տեղական թէ արտաքին ուշագրաւ քայլեր արձանագրուեցան: Արդարեւ, Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը, դատապարտելով Լիբանանի դէմ շղթայազերծուած յարձակումները, իր զօրակցութիւնը յայտնեց լիբանանեան իշխանութեան: Այս առիթով նշեալ նախարարութիւնը յայտնեց, որ 188 միլիոն Եւրոյի օժանդակութիւն կը տրամադրէ Լիբանանի աղէտեալներուն: Նմանօրինակ կեցուածքով Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարար Իվեթ Քուփըր երէկ դատապարտելէ ետք յարձակումները յայտնեց, որ աւելի քան 5 միլիոն փաունտ կը յատկացնէ Լիբանանի զանազան շրջաններու տեղահանուածներուն:

Նաեւ` Տեղական Մակարդակի Վրայ

Տեղական մակարդակի վրայ նախագահ Ժոզեֆ Աուն երէկ Պաապտայի պալատին մէջ ընդունեց մարոնիներու Պշարա Ռայի պատրիարքը, որ այս առիթով իր զօրակցութիւնը յայտնեց նախագահ Աունի առաջադրած խաղաղութեան բանակցութեան նախագիծին: Ռայի պատրիարքը նաեւ բարձր գնահատեց բանակի ընդհանուր հրամանատար զօր. Ռուտոլֆ Հայքալի ճիգերը:

Նախագահ Աուն երէկ նաեւ ընդունեց նախկին նախագահ Միշել Սլէյմանի այցելութիւնը, որ նոյնպէս եկած էր իր զօրակցութիւնը յայտնելու նախագահ Աունի ճիգերուն:

Նմանապէս Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Էրվէ Մակրօ երէկ այցելեց խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի` անոր Այն Թինէի գրասենեակին մէջ: Անոնք միասնաբար խորհրդակցեցան շրջանի, եւ յատկապէս` Լիբանանի նորագոյն իրադարձութեանց շուրջ: Այս առիթով Ֆրանսայի դեսպանը յայտնեց, որ Ֆրանսա առայժմ խաղաղութեան ծրագիրէ աւելի կարգ մը գաղափարներ կ՛արծարծէ: Իսկ Պըրրի վերահաստատեց իր ժխտական կեցուածքը` նախքան զինադուլի յայտարարութիւնն ու տեղահանուածներու տունդարձը:

Նոյն ծիրին մէջ Պըրրի երէկ ընդունեց նաեւ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Միշել Իսան, որ մեկնումի պահուն խուսափեցաւ որեւէ յայտարարութիւն կատարելէ:

Իսկ Լիբանանի մօտ պապական նուիրակ գերապայծառ Փաոլօ Պորճիա երէկ Լիբանանեան ուժերու նախկին ղեկավարներէն Ֆուատ  Ապու Նատերի ընկերակցութեամբ այցելեց հարաւային Լիբանանի քրիստոնէական կարգ մը շրջաններ, ուր բնակիչները կառչած կը մնան իրենց հողերուն` մերժելով տեղահանութեան ցուպը շալկել: Այս իմաստով պապական նուիրակը շրջեցաւ Ռմէյշ ու Ըպլ Սաքի եւ մերձակայ աւանները` զօրակցելով բնակիչներուն եւ զանոնք յորդորելով հաւատարիմ մնալու իրենց հայրենիքին եւ պահպանելու իրենց հողերը: Պապական նուիրակը վերահաստատեց Հռոմի պապին զօրակցութիւնն ու աղօթքները Լիբանանի համար` խոստանալով անհրաժեշտ օժանդակութիւններ յատկացնել կարօտեալներուն:

Նախորդը

Պատուիրակութիւններ Շարունակեցին Պուրճ Համուտի Քաղաքապետարան Իրենց Այցելութիւնը

Յաջորդը

Փարիզի Մէջ Ընթացք Առաւ Եզիտիներու Ցեղասպանութեան Առնչուած Առաջին Դատավարութիւնը

RelatedPosts

Խմբագրական.  Նախապայմաններ Եւ Բախումներ
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Նախապայմաններ Եւ Բախումներ

October 31, 2026
Վանս. «Ներկայիս Ուաշինկթընի Թիւ  Մէկ Առաջնահերթութիւնը Միջազգային  Տնտեսութեան Ուժանիւթի Մատակարարման  Շարունակութիւնն Է, Իսկ Իրանին Հիւլէական Զէնք Ձեռք Ձգել Արգիլելը` Երկրորդը»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Թրամփ Իրանի Հետ Երկարատեւ Պատերազմ Մը Պիտի Չարտօնէ»

October 31, 2026
Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ`  Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի  Նախարարներու Հանդիպումին
Գլխաւոր լուրեր

Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ` Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի Նախարարներու Հանդիպումին

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.