Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սուրիոյ Խորհրդարանը Միաձայնութեամբ Ճանչցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը. Թուրքիա Կը Դատապարտէ Դամասկոսը Այս Որոշումին Համար

February 14, 2020
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Սուրիոյ Խորհրդարանը Միաձայնութեամբ Կատարեց Պատմական Քուէարկութիւն`
Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչման Մասին Բանաձեւ Ընդունելով

Հինգշաբթի, 13 փետրուար 2020-ին Սուրիոյ խորհրդարանը միաձայնութեամբ ճանչցաւ եւ դատապարտեց 20-րդ դարու ամէնէն ահաւոր իրադարձութիւններէն մէկը` ողջ մարդկութեան դէմ իրականացուած յանցագործութիւնը նկատուող 1,5 միլիոն հայերու Ցեղասպանութիւնը Օսմանեան կայսրութեան կողմէ:

Ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւի նախագիծին հեղինակն է «Սուրիա-Հայաստան բարեկամական խորհրդարանական յանձնաժողով»-ը, զոր կը նախագահէ Սուրիոյ խորհրդարանի երեսփոխան դոկտ. Նորա Արիսեան: Ան տեղեկացուց, որ 20 յունուար 2020-ին վերոնշեալ յանձնաժողովը գումարեց իր արտահերթ նիստը, ուր Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը լայն քննարկման առարկայ դարձաւ: Այնուհետեւ, նիստի տեղեկագիրը ներկայացուեցաւ խորհրդարանի նախագահութեան, որպէսզի խորհրդարանական ժողովի օրակարգի կէտ դառնայ:

Արդարեւ, 13 փետրուար 2020-ին Սուրիոյ խորհրդարանի նիստին օրակարգի վրայ տեղ գտաւ Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերող բանաձեւը, որմէ ետք աւելի քան մէկ ժամ տեւած ելոյթներուն մէջ սուրիացի երեսփոխանները արտայայտեցին իրենց թէզերը եւ զօրակցութիւն յայտնեցին բանաձեւին:

Նորա Արիսեան դիտել տուաւ, որ բանաձեւին մէջ յստակօրէն կ՛օգտագործուի «Հայոց ցեղասպանութիւն» եզրը, եւ առկայ է զայն դատապարտելու ու ճանչնալու հանգամանքը:

Բանաձեւի մէջ մասնաւորապէս կը նշուի.

«Հիմնուելով պատմական իրականութեան վրայ, որ կը հաստատէ Արեւմտեան Հայաստանի տարածքին 1915-1923-ի միջեւ հայ ժողովուրդի բնաջնջումը,

«նկատի առնելով, որ, ըստ սուրիական աղբիւրներուն, Օսմանեան կայսրութեան ժամանակաշրջանին Հայոց ցեղասպանութեան ու ջարդերու մեծ մասը տեղի ունեցաւ սուրիական հողատարածքին վրայ, իսկ սուրիացի ժողովուրդը դարձաւ ականատեսը այս ոճիրին` 19-րդ դարու վերջին եւ 20-րդ դարասկիզբին թուրք-օսմանցիներու հրամանով տեղի ունեցաւ 1,5 միլիոն հայերու կանխամտածուած Ցեղասպանութեան,

«Սուրիոյ խորհրդարանը կը դատապարտէ եւ կը ճանչնայ հայերու ցեղասպանութեան ոճիրը եւ իր խոր զօրակցութիւնը կը յայտնէ եղբայրական հայ ժողովուրդին, ան նաեւ կը դատապարտէ պատմական իրողութիւնը ժխտող եւ խեղաթիւրող որեւէ փորձ` զայն համարելով մարդկութեան դէմ ամենածանր ոճիրներէն մէկը:

«Խորհրդարանը կը հաստատէ, որ հայերը, ասորիները, եւ սուրիացի ժողովուրդի այլ բաղադրիչներ զոհ դարձան այդ ժամանակաշրջանին թուրք-օսմանցիներու ձեռքով կատարուած ջարդերու եւ ցեղային զտումին, եւ կոչ կ՛ուղղէ աշխարհի խորհրդարաններուն եւ միջազգային հանրութեան` զայն ճանչնալու եւ դատապարտելու»:

Խորհրդարանի պատգամաւորները բուռն ու յոտնկայս ծափահարութեամբ ողջունեցին Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը:

Նշենք, որ Սուրիոյ խորհրդարանին մէջ սոյն նստաշրջանին` 2016-էն ի վեր քանի մը անգամ տարբեր առիթներով հնչած էր Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը կարգ մը երեսփոխաններու, ինչպէս` դոկտ. Նորա Արիսեանի, Նիտալ Հըմետիի, Սամիր Հաժժարի, Ալան Պաքըրի եւ Օմար Աարուպի կողմէ:

«Վերջապէս, շնորհակալութիւն կը յայտնեմ խորհրդարանի գործընկերներուս, որոնք չորս տարուան խորհրդարանական նստաշրջանի ընթացքին զօրակցութիւն ու աջակցութիւն ցուցաբերեցին Հայ դատին ու յատկապէս Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ քուէարկուած բանաձեւին:

«Կ՛ուզեմ մեծ շնորհակալութիւնս ու երախտագիտութիւնս յայտնել Սուրիոյ Հանրապետութեան վսեմաշուք նախագահ Պաշշար Ասատին, իր ցուցաբերած նախ անսահման վստահութեան, ինչպէս նաեւ իր զօրաւոր հաւատքին` մարդկային իրաւունքի արժէքներու, մարդկային արդարութեան, բարութեան նկատմամբ ու մանաւանդ հայ ժողովուրդի տառապանքին, դառնութեան ու անիրաւուած իրաւունքները պաշտպանելուն համար», եզրափակեց երեսփոխան դոկտ. Նորա Արիսեան:

Նախորդը

ՀՅԴ Հայ Դատի Կեդրոնական Խորհուրդը Կ՛ողջունէ Սուրիոյ Խորհրդարանին` Հայոց Ցեղասպանութեան Բանաձեւի Որդեգրումը

Յաջորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

RelatedPosts

Ակնարկ.  10 Վայրկեան Եւ 2 Օր
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. 10 Վայրկեան Եւ 2 Օր

November 3, 2026
Այսօր Միացեալ Նահանգներու Մէջ  Միջանկեալ Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Այսօր Միացեալ Նահանգներու Մէջ Միջանկեալ Ընտրութիւններ

November 3, 2026
Թրամփ. «Կը Ջանանք Իրանի Մէջ Կեանքերը  Փրկել, Սակայն Կրնանք Որոշ Փուլի  Ստիպուիլ Անոր Ծանր Հարուած Հասցնել»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Ջանանք Իրանի Մէջ Կեանքերը Փրկել, Սակայն Կրնանք Որոշ Փուլի Ստիպուիլ Անոր Ծանր Հարուած Հասցնել»

November 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.