Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ֆրանսա – Արցախ Բարեկամութեան Շրջանակը Պատրաստ Է Աջակցելու Արցախին Առնչուող Ծրագիրներուն

Փետրուար 13, 2020
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդեց, թէ Ֆրանսա-Արցախ Բարեկամութեան շրջանակի անդամները ողջունեցին գործնական ծրագիրներ իրականացնելու մասին Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահին առաջարկը եւ մտադիր են կապ հաստատելու շահագրգիռ նախարարութիւններուն հետ` ուսումնասիրելու անոնց իրականացման պայմանները:

29 յունուարին Ֆրանսայի նախագահը այս առաջարկին մասին խօսեցաւ Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի տարեկան ընթրիքին, ինչպէս նաեւ շեշտեց, որ «մարդկային արժանապատուութիւնն ու համերաշխութիւնը անբաժանելի են», այնուհետեւ անդրադարձ կատարեց Արցախի ինքնորոշուած հանրապետութեան իրավիճակին: Յիշեցնելով Ֆրանսայի` իբրեւ ԵԱՀԿ Մինսքի խմբակի համանախագահ երկրի պատասխանատուութիւնը, Էմմանուէլ Մաքրոն նշեց, որ Փարիզ «նախապատուութիւնը կու տայ ժողովուրդներուն ի սպաս գործող իրաւունքին»:

Ֆրանսա-Արցախ Բարեկամութեան շրջանակի նախագահ Կի Թեսիէն այս առիթով նախ երախտագիտութիւն յայտնեց Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի համանախագահներուն, նախագահ Մաքրոնին` դիտել տալով, որ արցախցիները արդար ակնկալութիւն ունին Ֆրանսայէն, որովհետեւ զայն կը նկատեն հեղինակաւոր երկիր, որ հանդէս կու գայ որպէս ժողովուրդներու պաշտպան եւ մարդու իրաւունքներու հիմնարար հարցերու պարագային` անզիջող երկիր:

Հանրապետութեան նախագահը մանրամասն անդրադարձ կատարեց նաեւ Ֆրանսայի եւ Արցախի քաղաքներուն միջեւ ստորագրուած բարեկամութեան հռչակագիրներուն, որոնց մեծ մասը չեղարկուած է վարչական դատարաններուն կողմէ: Կամենալով հանդարտեցնել իրավիճակը` Հանրապետութեան նախագահը ընդունեց, որ «օրէնքի կիրարկումը չի բացառեր երկխօսութիւնը», եւ դիտել տուաւ, որ այսուհետեւ «պիտի ընթանան իրատեսական եւ արդիւնաւէտ ճամբով»:

Մաքրոն շեշտեց. «Ուղղակի երկխօսութիւն պիտի հաստատուի մէկ կողմէ Ֆրանսայի արտաքին գործոց եւ ներքին գործոց նախարարութիւններուն, միւս կողմէ նման մտադրութիւն ունեցող տեղական իշխանութիւններուն միջեւ, որպէսզի այս հարցին մէջ մենք մէկս միւսս չհակասենք եւ կարենանք աւելի արդիւնաւէտ միջոցներ գտնել»:

Մանրամասնելով իր գաղափարը` նախագահը առաջարկեց «աշխատանքային խումբի ծիրին մէջ քննարկենք, որպէսզի այն տեղական իշխանութիւնները, որոնք կ՛ուզեն  օժանդակութիւն ցուցաբերել (Արցախի) բնակչութեան, կարենան տալ արդիւնաւէտ եւ իրաւական առումով համապատասխան որոշումներ: Եթէ նպատակը մշակութային կամ մարդասիրական օժանդակութիւնն է, մենք պիտի գտնենք զանոնք իրականանալի դարձնելու իրաւական շրջանակը», նշեց Մաքրոն:

Բարեկամութեան շրջանակը գոհունակութեամբ ընդունեց նախագահին դիրքորոշման նման յառաջընթաց եւ պիտի հետեւի անոնց իրագործման: «Իմ նպատակս ինքնին Արցախի հետ կրթական եւ մարդասիրական ոլորտներուն մէջ զարգացման իրական ծրագիրներու իրականացումն է», յայտնեց շրջանակի անդամ, Ֆրանսայի Առնուվիլ քաղաքի քաղաքապետ Փասքալ Տոլ, որուն կողմէ ստորագրուած Բարեկամութեան հռչակագիրը չեղարկուած է վարչական դատարանին կողմէ: «Յառաջիկայ շաբաթներուն շրջանակի բազմաթիւ անդամներ եւ ես ինքս կապ պիտի հաստատենք ներքին գործոց նախարարութեան հետ` ուսումնասիրելու, թէ ինչպէ՛ս կարելի է գործնականին մէջ նման համագործակցութիւն իրականացնել`  յարգելով օրէնքի գերակայութիւնը եւ Հանրապետութեան արժէքները», ընդգծեց Առնուվիլի քաղաքապետը:

Բարեկամութեան շրջանակը պատրաստ է խթանել Արցախի տեղական ինքնակառավարման մարմիններուն հետ հաստատուած համագործակցութիւնը` հետեւելով նախագահական վերջին այս նախաձեռնութեան, եւ զարգացնել Ֆրանսայի եւ Արցախի միջեւ կառուցողական յարաբերութիւնները:

 

Նախորդը

Նախագահ Աուն Այսօր Պիտի Նախագահէ Կառավարութեան Գումարելիք Անդրանիկ Ընթացիկ Նիստին

Յաջորդը

Նախարար Զոհրապ Մնացականեան Հանդիպումներ Ունեցաւ Բարձրաստիճան Անձնաւորութիւններու Հետ

RelatedPosts

Խմբագրական.  Մուսա Լեռը Զօրակից` Արարատ Լերան
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Մուսա Լեռը Զօրակից` Արարատ Լերան

Սեպտեմբեր 18, 2025
Ակնարկ.   Քաթարի Մէջ Համադրուած Հակասութիւն`  Անգարայի Եւ Պաքուի Միջեւ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Քաթարի Մէջ Համադրուած Հակասութիւն` Անգարայի Եւ Պաքուի Միջեւ

Սեպտեմբեր 18, 2025
Փեսքով. «Փութինի Եւ Թրամփի Յաջորդ Հաղորդակցութիւններու Ժամկէտները Տակաւին Որոշուած Չեն»
Գլխաւոր լուրեր

Փեսքով. «Փութինի Եւ Թրամփի Յաջորդ Հաղորդակցութիւններու Ժամկէտները Տակաւին Որոշուած Չեն»

Սեպտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?