Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Յարութիւնեան. «Ազրպէյճանի Իշխանութիւնները Կը Շարունակեն Խուսափիլ Տագնապի Իրական Կողմին Հետ Ուղիղ Բանակցութիւններ Վարելէ»

April 23, 2020
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արցախի Հանրապետութեան նորընտիր նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան վերահաստատեց, որ առանց պաշտօնական Ստեփանակերտի լիարժէք ու լիիրաւ ընդգրկուածութեան, որեւէ արդիւնաւէտ փուլի կարելի չէ հասնիլ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման հարցին մէջ: Ան այս մասին գրեց Դիմատետրի իր էջին վրայ` մեկնելով հասարակութեան անհանգստութիւններէն` այս տագնապին շուրջ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն եւ Հայաստանի ու Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն մասնակցութեամբ պարբերաբար տեղի ունեցող քննարկումներուն գծով: Ան հաստատեց, որ Արցախ մեծապէս շահագրգռուած է տագնապին խաղաղ ու վերջնական լուծումով եւ կը գիտակցի, որ անիկա իր վճռական ազդեցութիւնը պիտի ունենայ շրջանին մէջ կայուն եւ երկարատեւ խաղաղութեան հաստատման վրայ` ակնկալելով նոյն գիտակցութիւնն ու պատասխանատուութիւնը նաեւ Ազրպէյճանի կողմէ:

«Ի հարկէ, մենք բարձր ենք գնահատում Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւնների բացառիկ դերակատարումն այս հարցում, բայց պէտք է ընդունել, որ բանակցային սեղանին ներկայացուած ցանկացած առաջարկի կամ փաստաթղթի շուրջ Արցախի ժողովրդի անունից բանակցելու համար առաջնային լիազօրագիրը ստացել են Արցախի Հանրապետութեան իշխանութիւնները», կը գրէ Յարութիւնեան` դիտել տալով, որ ուշադիր հետեւելով 20-21 ապրիլին ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն եւ Հայաստանի ու Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն հանդիպումներուն` ցաւօք կարելի է արձանագրել, որ Ազրպէյճանի իշխանութիւնները կը շարունակեն խուսափիլ տագնապի  իրական կողմին հետ ուղիղ բանակցութիւններ վարելէ: Ըստ անոր, այս մօտեցումը, սահմանագիծին վրայ պարբերաբար կրկնուող սադրանքներու եւ հայատեաց քաղաքականութեան զուգահեռ, մեծապէս կը նուազեցնեն պաշտօնական Պաքուի ձգտումներուն ազնուութեան ու վստահելիութեան մակարդակը:

Իբրեւ Արցախի Հանրապետութեան ընտրուած նախագահ` ան յայտարարեց.

«1. Արցախի Հանրապետութեան իշխանութիւնները պէտք է լիիրաւ ու լիարժէք հիմունքներով մասնակցեն հակամարտութեան խաղաղ եւ վերջնական կարգաւորմանն ուղղուած գործընթացի բոլոր փուլերին.

  1. Արցախի ժողովրդի անվտանգութիւնը որեւէ պարագայում չի կարող վտանգի տակ դրուել կամ սակարկութեան ենթարկուել.
  2. Առանց Արցախի ժողովրդի ինքնորոշման իրաւունքի առաջնահերթ ճանաչման հակամարտութեան կարգաւորման որեւէ տարբերակ չի կարող կողմերի միջեւ բովանդակային քննարկման առարկայ դառնալ.
  3. Պէտք է յստակ երաշխիքներով բացառուեն հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացում ուժի ու դրա սպառնալիքի կիրառման փորձերը, քանի որ հայ եւ ազրպէյճանցի ժողովուրդներն արժանի են խաղաղութեան մեջ ապրելու. այլապէս Արցախի Հանրապետութիւնը պատրաստ է անհամաչափ հակահարուած տալու նախայարձակ Ազրպէյճանին` ռազմական գործողութիւնները նաեւ տեղափոխելով նրա տարածք.
  4. Հակամարտութեան կարգաւորման ցանկացած տարբերակում բացառւում են Արցախի իշխանութիւնների կողմից միակողմանի զիջումներ կամ անհամաչափ ու անհամարժէք փոխզիջումներ.
  5. Հակամարտութեան կարգաւորման եւ դրա յարակից գործընթացներում հայ փախստականներն ու ներքին տեղահանուած անձինք պէտք է իրաւահաւասար ներգրաւուածութիւն ունենան ազրպէյճանցի փախստականների ու ներքին տեղահանուած անձանց հետ միասին, իսկ նրանց հիմնախնդիրները` միանման ու միաժամանակեայ լուծումներ ստանան.
  6. Միջազգային հանրութիւնը (առաջնահերթօրէն` ԵԱՀԿ-ն եւ համանախագահ երկրները) պէտք է բացառեն Արցախի բնակիչների իրաւունքների` հակամարտութեամբ ու Արցախի Հանրապետութեան միջազգային կարգավիճակով պայմանաւորուած խախտումներն ու սահմանափակումները, ներառեալ` մարդու իրաւունքներին առնչուող ու մարդասիրական միջազգային ծրագրերից փաստացի մեկուսացումը, որոնք Ազրպէյճանը փորձում է կիրառել առնուազն որպէս ճնշման միջոց` ի հեճուկս միջազգային իրաւունքի հանրայայտ սկզբունքների:

«Արցախի իշխանութիւններն ինչպէս նախկինում, այնպէս էլ ապագայում պատրաստակամ են գործադրելու առաւելագոյն ջանքեր փոխադարձ յարգանքի մթնոլորտում կողմերի միջեւ վստահութեան ամրապնդման եւ հակամարտութեան խաղաղ ու վերջնական կարգաւորման հարցում անհրաժեշտ կամք դրսեւորելու եւ առաջընթաց արձանագրելու համար»:

 

Նախորդը

Մնացականեանի Պատասխանը Լաւրովին` Արցախի Հարցին Մասին Անոր Յայտարարութեան Վերաբերեալ

Յաջորդը

Արցախի Նորընտիր Նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան Հանդիպում Ունեցաւ ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական Կոմիտէի Անդամներուն Հետ

RelatedPosts

Փարիզի Մէջ Լիբանանեան Բանակին  Աջակցութեան Խորհրդաժողովի  Նախապատրաստական Ժողով
Գլխաւոր լուրեր

Փարիզի Մէջ Լիբանանեան Բանակին Աջակցութեան Խորհրդաժողովի Նախապատրաստական Ժողով

September 18, 2026
Փարիզի Մէջ Աուն-Մաքրոն-Ապտալլա  Բ. Եռակողմ Ժողով
Գլխաւոր լուրեր

Փարիզի Մէջ Աուն-Մաքրոն-Ապտալլա Բ. Եռակողմ Ժողով

September 18, 2026
Քոնկրեսականներ Արցախցիներու Վերադարձին  Եւ Հայ Գերիներու Ազատ Արձակման Կոչեր Ուղղեցին
Գլխաւոր լուրեր

Քոնկրեսականներ Արցախցիներու Վերադարձին Եւ Հայ Գերիներու Ազատ Արձակման Կոչեր Ուղղեցին

September 18, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.