Գլխաւոր լուրեր

Սպիտակ Տուն. «Իրանի Վերաբերեալ  Թրամփի Առաջին Ընտրանքը Միշտ  Դիւանագիտութիւնն Է, Սակայն…»

Սպիտակ Տուն. «Իրանի Վերաբերեալ Թրամփի Առաջին Ընտրանքը Միշտ Դիւանագիտութիւնն Է, Սակայն…»

Սպիտակ տան բանբեր Քարոլայն Լեւիթ յայտարարեց. «Իրանի վերաբերեալ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի առաջին ընտրանքը միշտ դիւանագիտութիւնն է, սակայն պատրաստ է անհրաժեշտութեան պարագային մահաբեր ուժ օգտագործելու»: «Թրամփ Իրանի հետ աշխատանքին մէջ դիւանագիտութիւնը կը նախընտրէ», ըսաւ ան` նշելով. «Ուաշինկթըն եւ Թեհրան վերջին բանակցութիւններուն որոշ յառաջընթաց արձանագրեցին»: Նախքան այդ, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ հերքեց «ապակողմնորոշող» տեղեկութիւնները, թէ ամերիկեան բանակի սպայակոյտի պետ...

Հեկսեթ. «Իրան Պէտք Է Գործարք Կնքէ»

Հեկսեթ. «Իրան Պէտք Է Գործարք Կնքէ»

Միացեալ Նահանգներու պատերազմի նախարար Փիթ Հեկսեթ յայտարարած է, որ Միացեալ Նահանգներ Իրանի հարցին մէջ բոլոր տարբերակները բաց կը պահեն, միեւնոյն ժամանակ Իրանը յորդորելով համաձայնագիրի շուրջ բանակցելու: Այս մասին կը հաղորդէ «Էյ.ՆԻՈՒԶ»-ը: Քոլորատօ կատարած այցելութեան ժամանակ Հեկսեթ լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին վերահաստատած է, որ նախագահ Տանըլտ Թրամփ նախապատուութիւն կու տայ դիւանագիտական լուծումին, սակայն նշած է, որ Միացեալ Նահանգներու զինեալ ուժերը պատրաստ...

Սալամ. «Մեր Եղբայրներէն Ու Միջազգային  Գործընկերներէն Չենք Խնդրեր, Որ Մեր Գործը  Մեր Տեղ Ընեն, Այլ Մեզի Օգնեն»

Սալամ. «Ընտրութիւնները Յետաձգելու Կարող Միակ Կողմը Խորհրդարանն Է, Եւ Հըզպալլային Կոչ Կ՛ուղղեմ Երկիրը Նոր Արկածախնդրութեան Չտանելու»

Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին հետ զրոյցի ընթացքին յայտնեց. «Իրան-Միացեալ Նահանգներ յարաբերութիւններու ընթացքին վրայ վերահսկողութիւն չունինք»: Սակայն ան միաժամանակ Հըզպալլային կոչ ուղղեց` երկիրը նոր արկածախնդրութեան չտանելու: «Կազայի արկածախնդրութեան Լիբանանի վրայ ունեցած գինը մեծ էր, եւ կը փափաքինք, որ նոր արկածախնդրութեան մէջ չներքաշուինք», ըսաւ վարչապետը: Անդրադառնալով զէնքի մենաշնորհման ամբողջացման` Սալամ ըսաւ, որ նախարարաց խորհուրդը առանց տատամսումի եւ հաստատակամօրէն յառաջ կ՛ընթանայ...

Բրիտանիոյ Խորհրդարանին Մէջ Արցախի  Վերաբերեալ Խորհրդարանական Հետաքննութիւն

Բրիտանիոյ Խորհրդարանին Մէջ Արցախի Վերաբերեալ Խորհրդարանական Հետաքննութիւն

Բրիտանիոյ Հայ դատի յանձնախումբը կը հաղորդէ, որ 23 փետրուարին Բրիտանիոյ խորհրդարանին մէջ տեղի ունեցած է «Ջնջելով անցեալը. մշակութային ժառանգութեան ոչնչացում» խորագիրով խորհրդարանական հետաքննութեան հոլովոյթի մեկնարկը, որուն նպատակը ուսումնասիրելն է 2023 թուականէն ի վեր Արցախի հայկական ժառանգութեան ոչնչացումը, մինչեւ այսօր ձեռնարկուած իրաւական արձագանգները, ինչպէս նաեւ արդարութեան եւ հաշուետուողականութեան հասնելու հաւանական ուղիները: Առաջին նիստին խօսք արտասանած է «Արցախի միութեան» նախագահ, Արցախի Հանրապետութեան...

Պաքայի. «Օմանի Մէջ Բանակցութիւններուն  Իսկական Առիթ Պիտի Տանք, Հակառակ Ամերիկայի  Թշնամական Հռետորաբանութեան»

Իրան-Միացեալ Նահանգներ Բանակցութիւնները` Հինգշաբթի Օր

Օմանի արտաքին գործոց նախարար Պատր Պուսահիտի յայտնեց, որ Իրանն ու Միացեալ Նահանգները ներկայացնող բանագնացներ հինգշաբթի օր անգամ մը եւս անուղղակի բանակցութիւններ պիտի վարեն Ժընեւի մէջ: Պուսահիտի «Էքս»-ի վրայ գրեց. «Ուրախ եմ հաստատելու, որ Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի միջեւ բանակցութիւնները որոշուած են հինգշաբթի օր Ժընեւի մէջ` համաձայնութիւն գոյացնելու նպատակով յաւելեալ քայլ կատարելու դրական մտադրութեամբ»: Իրանցի բարձրաստիճան պաշտօնատար մը «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան...

Արաղչի. «Դիւանագիտական Լուծման  Մեծ Կարելիութիւն Կայ»

Արաղչի. «Դիւանագիտական Լուծման Մեծ Կարելիութիւն Կայ»

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչի  յայտարարած է, թէ հաւանաբար հինգշաբթի օր Ժընեւի մէջ հանդիպում ունենայ Միացեալ Նահանգներու նախագահի յատուկ պատուիրակ Սթիւ Ուիթքոֆի հետ` նշելով, որ Թեհրանի հիւլէական ծրագիրի հարցին մէջ տակաւին դիւանագիտական լուծումի հասնելու «լաւ կարելիութիւն կայ»: Ան այս մասին ըսած է ամերիկեան «Սի.Պի.Էս.Նիուզ» պատկերասփիւռի կայանին «Ֆէյս տը Նէյշըն» յայտագիրին տուած հարցազրոյցի ընթացքին: Յիշեցնենք, որ 17 փետրուարին Ժընեւի մէջ...

Պաղայի. «Իրան Միացեալ Նահանգներու Հետ  Հաւանական Գործարքի Վերաբերեալ  Փաստաթուղթ Մը Կը Պատրաստէ»

Պաղայի. «Իրան Միացեալ Նահանգներու Հետ Հաւանական Գործարքի Վերաբերեալ Փաստաթուղթ Մը Կը Պատրաստէ»

Իրանը այժմ Միացեալ Նահանգներու հետ հաւանական գործարքի վերաբերեալ փաստաթուղթ կը պատրաստէ, սակայն ժամանակաւոր գործարքի կնքման շուրջ տեղեկութիւնը չի հաստատեր: «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Իսմայիլ Պաղայի: «Մենք այժմ կը գտնուինք մեր տեսակէտներու նախապատրաստման փուլին մէջ», ըսած է Պաղայի: Ան նաեւ ենթադրութիւն կոչած է Միացեալ Նահանգներու հետ բանակցութիւններուն վերաբերեալ տարբեր տեղեկութիւնները: Պաղայիի...

Շէյխ Քասեմ. «Ինքնապաշտպանութեան  Իրաւունքը Օրինական Է»

Շէյխ Քասեմ. «Ինքնապաշտպանութեան Իրաւունքը Օրինական Է»

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար շէյխ Նայիմ Քասեմ Հըզպալլայի նախկին ընդհանուր քարտուղարներ սէյիտ Հասան Նասրալլայի եւ Սայետ Հաշեմ Սաֆիէտտինի յուղարկաւորութեան միամեակին առիթով «Ահտ»-ի հետ զրոյցի ընթացքին յայտնեց. «Այս գաղափարական, հայրենասէր ու նուիրաբերող Դիմադրութիւնը չի կրնար պարտութեան մատնուիլ, որովհետեւ իրաւունքի վրայ եւ իրաւունքի համար հիմնուած է, իսկ Դիմադրութեան հաւատացողները նահատակութեան ճամբով յաղթանակի կամ յաղթանակի ժողովուրդն են»: «Թրամփի «Ուժի ճամբով խաղաղութիւն» նշանաբանը կը նշանակէ...

Պապիկեան Պաշտօնական  Այցելութիւն Կու Տայ Իրան

Պապիկեան Պաշտօնական Այցելութիւն Կու Տայ Իրան

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեան երէկ մեկնած է Իրան: «23 փետրուարին պաշտօնական այցելութեամբ ժամանած եմ Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւն», Դիմատետրի մէջ գրած է Սուրէն Պապիկեան` հրապարակելով տեսանիւթ մը: Մանրամասնութիւններ առայժմ չեն հաղորդուիր պաշտօնական այցելութենէն:    

Ակնարկ.  Ուրբաթ Օր Եւ Բանակցային Փուլի  Կայացման Հաւանականութիւնը

Ակնարկ. Ուրբաթ Օր Եւ Բանակցային Փուլի Կայացման Հաւանականութիւնը

Ըստ ամերիկեան աղբիւրներու, Ուաշինկթընի կողմէ բանակցողները պատրաստ են ուրբաթ օր Ժընեւի մէջ Իրանի հետ բանակցութիւններու եւս մէկ փուլ թեւակոխել, եթէ յառաջիկայ 2  օրերուն ստանան հիւլէական համաձայնագիրին վերաբերեալ մանրամասն  առաջարկներ Թեհրանի կողմէ: Ըստ ամերիկեան լրատուամիջոցին, ամերիկացի պաշտօնատարները  կը նշեն,  որ ներկայիս դիւանագիտական տարբերակը, հաւանաբար, վերջին կարելիութիւնն է, որ նախագահ Թրամփը կու տայ Իրանին, նախքան Միացեալ Նահանգներ-Իսրայէլ լայնածաւալ ռազմական գործողութեան ձեռնարկելը, որ...

Ըստ Իրանցի Բարձրաստիճան Պաշտօնատարի Մը.  Իրան-Միացեալ Նահանգներ Անուղղակի  Բանակցութիւնները` Մարտի Սկզբնաւորութեան

Ըստ Իրանցի Բարձրաստիճան Պաշտօնատարի Մը. Իրան-Միացեալ Նահանգներ Անուղղակի Բանակցութիւնները` Մարտի Սկզբնաւորութեան

Իրանցի բարձրաստիճան պաշտօնատար մը «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ Թեհրան ու Ուաշինկթըն տարակարծիք են պատժամիջոցները վերցնելու տարողութեան եւ մեքանիզմին շուրջ: Պաշտօնատարը ըսաւ, որ պէտք է ճանչնալ հիւլէական զէնքերու տարածման դէմ պայքարի համաձայնագիրի ծիրին մէջ իւրանիոմ հարստացնելու Իրանի իրաւունքը` շեշտելով, որ իր երկիրը կառչած կը մնայ իր իրաւական իրաւունքներուն: Իրանցի բարձրաստիճան պաշտօնատարը «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներու հետ անուղղակի...

Ըստ «Աքսիոս»-ի.  Միացեալ Նահանգներ-Իրան  Բանակցութիւններ Ուրբաթ Օր, Եթէ…

Ըստ «Աքսիոս»-ի. Միացեալ Նահանգներ-Իրան Բանակցութիւններ Ուրբաթ Օր, Եթէ…

Ամերիկեան «Աքսիոս» կայքը երէկ հաղորդեց. «Ուրբաթ օր Միացեալ Նահանգներ-Իրան բանակցութիւններ կրնան տեղի ունենալ, եթէ Իրան մօտ օրէն առաջարկ մը ուղարկէ»: Ամերիկացի բարձրաստիճան պաշտօնատար մը «Աքսիոս» կայքին յայտնեց. «Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի վարչակազմը պատրաստ է ուսումնասիրելու առաջարկ մը, որ Իրանին կ՛արտօնէ իւրանիոմի խորհրդանշական հարստացում կատարել, պայմանով որ ատիկա հիւլէական զէնք ձեռք բերելու կարելիութիւն չձգէ»: Ամերիկեան կայքը նշեց. «Ասիկա ցոյց կու...

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւն

Տեղի Ունեցաւ ՀՅԴ Ղեկավար Մարմիններու Ընդլայնուած Ժողով

ՀՅԴ Բիւրոյի հրաւէրով 19-20 փետրուարին Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան ղեկավար մարմիններու ընդլայնուած խորհրդաժողով` մասնակցութեամբ աւելի քան 20 երկիրներու ՀՅԴ կազմակերպական կառոյցներու ներկայացուցիչներու: Խորհրդաժողովին հանգամանալի քննարկուեցան աշխարհասփիւռ հայութեան եւ հայոց պետականութեան առջեւ ծառացած հիմնախնդիրներն ու մարտահրաւէրները, այդ ուղղութեամբ համակարգուած, ցանցային աշխատանքներու իրականացման հարցերը: Առանձնայատուկ շեշտուեցաւ ազգային ինքնութեան, ազգային արժէքներու, արցախահայութեան իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ մեր պետականութեան անվտանգային մարտահրաւէրներու եւ...

Լիբանանի Եւ 13 Այլ Երկիրներու Արտաքին  Գործոց Նախարարութիւնները Կը Դատապարտեն  Թել Աւիւի Մէջ Միացեալ Նահանգներու  Դեսպանին Յայտարարութիւնը

Լիբանանի Եւ 13 Այլ Երկիրներու Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնները Կը Դատապարտեն Թել Աւիւի Մէջ Միացեալ Նահանգներու Դեսպանին Յայտարարութիւնը

14 Արաբական ու իսլամական պետութիւններ, ներառեալ Լիբանանը, միացեալ հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով դատապարտեցին Իսրայէլի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մայք Հաքիպիի այն յայտարարութիւնը, թէ Իսրայէլ Եփրատ գետէն մինչեւ Նեղոս գետ երկարող շրջանին տիրելու թորայական իրաւունք ունի: «Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները, Եգիպտոսը, Յորդանանը, Ինտոնեզիան, Փաքիստանը, Թուրքիան, Սէուտական Արաբիան, Պահրէյնը, Քաթարը, Սուրիան, Պաղեստինը, Քուէյթը, Լիբանանը, Օմանը, Ծոցի համագործակցութեան խորհուրդի դիւանը, Արաբական լիկան եւ Իսլամական համագործակցութեան...

Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը Ընդունեց Տարբեր  Երկիրներէ Ժամանած Հայ Յեղափոխական  Դաշնակցութեան Ներկայացուցիչները

Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը Ընդունեց Տարբեր Երկիրներէ Ժամանած Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Ներկայացուցիչները

20 փետրուարին Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսը Մայր աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ ընդունեց տարբեր երկիրներէ ժամանած Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան ներկայացուցիչները` գլխաւորութեամբ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեանի: Վեհափառ հայրապետը իր օրհնութիւնն ու գնահատանքը տուաւ ներկաներու ազգանուէր իրագործումներուն առնչութեամբ` պատգամելով շարունակել ջանքեր գործադրել հայրենիքի զօրացման, ազգի զաւակներու արժանապատիւ ու ապահով կեանքի կերտման եւ մերօրեայ մարտահրաւէրներու յաղթահարման ուղղութեամբ: Հանդիպումին անդրադարձ կատարուեցաւ ազգային-եկեղեցական կեանքը...

Արցախի Հանրապետութեան  Ազգային Ժողովի Յայտարարութիւն

Արցախի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի Խմբակցութիւններու Յայտարարութիւն

Սիրելի՛ հայրենակիցներ 38 տարի առաջ Ստեփանակերտում հրաւիրուեց ԼՂԻՄ ժողովրդական պատգամաւորների մարզային խորհրդի 20-րդ գումարման արտահերթ նստաշրջան, որի որոշումները` Լեռնային Ղարաբաղի ինքնավար մարզը Ազրպէյճանական ԽՍՀ կազմից դուրս բերելու եւ Հայկական ԽՍՀ կազմում ընդգրկելու վերաբերեալ ճակատագրական եղան մեր ժողովրդի հետագայ չորս տասնամեակների ընթացքի համար: Դրան յաջորդած երեք տասնամեակների ընթացքում հազարաւոր նուիրեալների կեանքի ու մեր ողջ ժողովրդի հերոսական պայքարի գնով մենք վերագտել էինք...

Ըստ «Էյ. Պի. Սի.»-ի.  Թրամփ Իրանի Հիւլէական Կառոյցներուն Մեծ  Հարուած Հասցնելու Կարելիութիւնը Կը Դիտարկէ

Ըստ «Էյ. Պի. Սի.»-ի. Թրամփ Իրանի Հիւլէական Կառոյցներուն Մեծ Հարուած Հասցնելու Կարելիութիւնը Կը Դիտարկէ

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ Իրանի հիւլէական կառոյցներուն լայնածաւալ հարուած հասցնելու կարելիութիւնը կը դիտարկէ: Այս մասին կը հաղորդէ ամերիկեան «Էյ.Պի.Սի.» պատկերասփիւռի կայանը` յղում կատարելով իր աղբիւրին: Ըստ ստացուած տուեալներու, Ուաշինկթընի վարչակազմի ղեկավարը քննարկած է Իրանի դէմ գործողութիւններու տարբեր տարբերակներ, որոնցմէ մէկը հզօր հարուածն է հիւլէական, ինչպէս նաեւ զինուորական ու կառավարական կառոյցներուն: Նախքան այդ, «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ» օրաթերթը, յղում կատարելով իր...

Լաւրով Եւ Արաղչի Քննարկած Են Իրանի  Շուրջ Ստեղծուած Կացութիւնը

Լաւրով Եւ Արաղչի Քննարկած Են Իրանի Շուրջ Ստեղծուած Կացութիւնը

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով եւ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչի քննարկած են Իրանի հիւլէական ծրագիրին շուրջ ստեղծուած կացութիւնը, ներառեալ հաշուի առնելով Ժընեւի մէջ տեղի ունեցած Իրան-Միացեալ Նահանգներ անուղղակի բանակցութիւններու արդիւնքները: Այս մասին հաղորդեց ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը: «Արտաքին քաղաքական գերատեսչութիւններու ղեկավարները միտքեր փոխանակած են Իրանի հիւլէական ծրագիրին շուրջ ստեղծուած ներկայ իրավիճակին վերաբերեալ, ներառեալ հաշուի առնելով ժընեւեան հարթակի վրայ...

ՄԱԿ-ի Մէջ Իրանի Դեսպան.  «Շրջանին Մէջ Ամերիկեան Բոլոր Ռազմակայանները,  Ենթակառոյցներն Ու Դրամագլուխները Օրինական  Թիրախներ Պիտի Ըլլան, Եթէ Յարձակումի Ենթարկուինք»

ՄԱԿ-ի Մէջ Իրանի Դեսպան. «Շրջանին Մէջ Ամերիկեան Բոլոր Ռազմակայանները, Ենթակառոյցներն Ու Դրամագլուխները Օրինական Թիրախներ Պիտի Ըլլան, Եթէ Յարձակումի Ենթարկուինք»

Իրան, ՄԱԿ-ի Ընդհանուր քարտուղարին յղուած նամակի մը մէջ, վերահաստատեց յարձակումի ենթարկուելուն պարագային Միջին Արեւելքի մէջ ամերիկեան ռազմակայաններուն դէմ իր սպառնալիքները: ՄԱԿ-ի մէջ Իրանի դեսպանը ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերեսին իր յղած նամակին մէջ գրեց. «Եթէ Իրան զինուորական յարձակումի ենթարկուի, վճռական ու պատշաճ կերպով պիտի հակադարձէ ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան 51-րդ յօդուածին մէջ նշուած ինքնապաշտպանութեան սկզբունքին համաձայն»: «Այդպիսի պայմաններուն մէջ, շրջանին մէջ ամերիկեան...

Խմբագրական.  Սումկայիթէն Արցախ` Անցնելով Պուտափեշտէն

Խմբագրական. Սումկայիթէն Արցախ` Անցնելով Պուտափեշտէն

19 փետրուար 2004-ին Պուտափեշտի մէջ ՕԹԱՆ-ի ռազմափորձի շրջանակներուն մէջ, ազրպէյճանցի զինուորին կողմէ դաւադրաբար կացինահար կը սպաննուէր հայ սպայ Գուրգէն Մարգարեանը: Կը կանխուէր ոճրագործին երկրորդ սպանութիւնը հայ երկրորդ սպայի մը: Որոշ ժամանակ բանտարկուելէ ետք ազրպէյճանցի ոճրագործը գործարքային պայմաններով կը յանձնուէր Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն` պատիժը Պաքուի մէջ շարունակելու սին խոստումներով: Ոճրագործը շատ արագ Պաքուի մէջ ազգային հերոսի կոչում կը ստանար եւ գնդապետի պաշտօնի...

Page 42 of 795 1 … 41 42 43 … 795

Արխիւներ