Գլխաւոր լուրեր

Էրտողան. «Ծոցի Եղբայրական Պետութիւններուն Վրայ  Իրանի Յարձակումները Չենք Կրնար Ընդունիլ,  Անկախ Անոր Պատճառներէն»

Էրտողան. «Ծոցի Եղբայրական Պետութիւններուն Վրայ Իրանի Յարձակումները Չենք Կրնար Ընդունիլ, Անկախ Անոր Պատճառներէն»

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան շաբաթ օր յայտարարեց. «Ծոցի եղբայրական պետութիւններուն վրայ Իրանի յարձակումները չենք կրնար ընդունիլ, անկախ անոր պատճառներէն»: «Բոլոր կողմերը պէտք է աշխատանք տանին չընդլայնելու պատերազմը եւ դադրեցնելու արիւնահեղութիւնը», նշեց ան: Էրտողան միեւնոյն ժամանակ դատապարտեց Իրանի գերիշխանութիւնը եւ անոր ժողովուրդի կայունութիւնը թիրախաւորող յարձակումները: «Մեծապէս մտահոգ եմ եւ տխուր կը զգամ Իրանի վրայ կատարուած յարձակումներուն համար», յայտնեց ան: Թուրքիոյ...

ՀՅԴ Լիբանանի Եւ Արցախի Կեդրոնական  Կոմիտէներու Ներկայացուցիչները  Կ՛այցելեն Արամ Ա. Կաթողիկոսին

ՀՅԴ Լիբանանի Եւ Արցախի Կեդրոնական Կոմիտէներու Ներկայացուցիչները Կ՛այցելեն Արամ Ա. Կաթողիկոսին

Շաբաթ, 28 փետրուար 2026-ին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին այցելեց ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Արա Պուլուզեան` ընկերակցութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Ալպեր Պալապանեանի: ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչը վեհափառ հայրապետին ընդհանուր գիծերով պարզեց Արցախի հայութեան կատարած աշխատանքները եւ դիմագրաւած մարտահրաւէրները: Ան իր գնահատանքը յայտնեց Արցախի հայութեան իրաւունքներու պաշտպանութեան գծով վեհափառ հայրապետին եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան տարած աշխատանքներուն: Վեհափառ...

Հաղորդագրութիւն

Հաղորդագրութիւն

Որոշ լրատուամիջոցներ շրջանառութեան մէջ դրած են լուրեր, որոնք կը վերագրուին Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան ենթադրեալ դիրքորոշման մը` երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար դոկտ. Նորա Պայրագտարեանի նկատմամբ` յղում կատարելով կուսակցութեան «պատասխանատու աղբիւր»-ի: Կուսակցութեան Հանրային կապերու գրասենեակը կը շեշտէ, թէ վերոյիշեալ տեղեկութիւնը իրականութեան չի համապատասխաներ, եւ կը նկատէ, որ նախարար Պայրագտարեանի գործունէութիւնը այս պաշտօնին մէջ պատիւ կը բերէ այն կողմին, զոր կը ներկայացնէ: Գրասենեակը...

Պաշտպանութեան Բարձրագոյն  Խորհուրդը Կը Յայտարարէ.  «Խաղաղութեան Եւ Պատերազմի  Որոշումին Միակ Տէրը Պետութիւնն Է»

Պաշտպանութեան Բարձրագոյն Խորհուրդը Կը Յայտարարէ. «Խաղաղութեան Եւ Պատերազմի Որոշումին Միակ Տէրը Պետութիւնն Է»

Պաշտպանութեան բարձրագոյն խորհուրը երէկ հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունի հրաւէրով Պաապտայի պալատին մէջ գումարեց ժողով մը, որուն աւարտին հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը` բարձր գնահատելով լիբանանցիներուն կարգապահութեան ոգին, որ կու գայ հաստատելու այն սկզբունքները, որոնց կարեւորագոյնը Լիբանանի նկատմամբ հաւատարմութիւնն է: Խորհրուրդը շեշտեց, թէ խաղաղութեան ու պատերազմի որոշումին միակ տէրը պետութիւնն է, եւ լրատուամիջոցներէն խնդրեց պատասխանատուութեան ոգի ցուցաբերելու: Պաշտպանութեան բարձրագոյն խորհուրդը նաեւ վստահեցուց, թէ...

Հայաստանի Սենեկային  Պետական Նուագախումբին  Իւրայատուկ Համերգը Լիբանանի Մէջ

Հայաստանի Սենեկային Պետական Նուագախումբին Իւրայատուկ Համերգը Լիբանանի Մէջ

Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, օրհնութեամբ լիբանանահայ երեք համայնքապետներուն, բարերարութեամբ Պէզիքեան ընտանիքին, երէկ` ուրբաթ, 27 փետրուար 2026-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի «Էսեմպլի Հոլ»-ին մէջ տեղի ունեցաւ «Լոյսով` լոյսին» խորագիրով Հայաստանի Սենեկային պետական նուագախումբի համերգը, նուիրուած` Անի Պէզիքեանի յիշատակին: Համերգին ներկայ էին հոգեւոր պետեր, կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներ, ներկայ եւ նախկին նախարարներ եւ երեսփոխաններ, միութիւններու ներկայացուցիչները, արուեստագէտներ եւ մեծաթիւ արուեստասէրներ: Նուագախումբի...

Վանս Կը Բացառէ Միջին Արեւելքի Մէջ  Երկարատեւ Պատերազմի Կարելիութիւնը

Վանս Կը Բացառէ Միջին Արեւելքի Մէջ Երկարատեւ Պատերազմի Կարելիութիւնը

Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Ճէյ. Տի. Վանս Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահի օդանաւին մէջ «Ուաշինկթըն Փոսթ» օրաթերթին հետ զրոյցի ընթացքին յայտնեց, որ մինչ Իրանի դէմ զինուորական հարուածներու ընտրանքը կը մնայ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի սեղանին վրայ, այդպիսի հարուածի մը Միացեալ Նահանգները Միջին Արեւելքի մէջ երկարատեւ հակամարտութեան մէջ ներքաշելը «բացառուած է»: Վանս յայտնեց, որ չի գիտեր, թէ Թրամփի Իրանի վերաբերեալ որոշումը ի՛նչ պիտի...

Արաղչի. «Ժընեւի Մէջ Լաւ Յառաջընթաց  Արձանագրեցինք. Յաջորդ Նիստը` Մէկ Շաբաթ Ետք»

Արաղչի. «Ժընեւի Մէջ Լաւ Յառաջընթաց Արձանագրեցինք. Յաջորդ Նիստը` Մէկ Շաբաթ Ետք»

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչի յայտարարեց, թէ «Ուաշինկթընի հետ բանակցութիւններու յաջորդ փուլը պիտի գումարուի մէկ շաբաթ ետք»` աւելցնելով. «Երկուշաբթի օր մասնագիտական մանրամասնութիւններու քննարկման համար թեքնիք բանակցութիւններ պիտի կատարուին»: «Ասիկա Միացեալ Նահանգներու հետ ամէնէն լուրջ բանակցութիւններէն մէկն էր, եւ այսօրուան փուլը բոլոր փուլերուն մէջ լաւագոյնն էր», նշեց իրանեան դիւանագիտութեան պետը: «Մեր պահանջները յստակ կերպով ներկայացուցինք ամերիկեան կողմին», ըսաւ ան` յայտարարելով....

Աուն-Սալամ Հանդիպում

Աուն-Սալամ Հանդիպում

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն առաւօտեան Պաապտայի պալատին մէջ ընդունեց վարչապետ Նաուաֆ Սալամը եւ անոր հետ քննարկեց երկրի ընդհանուր կացութիւնը, մասնաւորաբար Լիբանանի վրայ շարունակուող իսրայէլեան յարձակումներու լոյսին տակ հարաւային Լիբանանի եւ Պեքայի կացութիւնները: Անոնք նաեւ անդրադարձան 5 մարտին Փարիզի մէջ լիբանանեան բանակին ու ներքին ապահովութեան ուժերու աջակցութեան միջազգային խորհրդաժողովի ընթացող նախապատրաստական աշխատանքներուն, ինչպէս նաեւ Թրիփոլիի մէջ շէնքերու փլուզման դէպքերու կարգաւորման, անոնց...

Ժընեւի Մէջ Քննարկուած Է Պաքուի Մէջ Պահուող  Հայ Պատանդներու Խնդիրի  Հասցէագրման Անհրաժեշտութիւնը

Ժընեւի Մէջ Քննարկուած Է Պաքուի Մէջ Պահուող Հայ Պատանդներու Խնդիրի Հասցէագրման Անհրաժեշտութիւնը

Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Ռոպերթ Աբիսողոմեան եւ Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի փոխնախագահ Ժիլ Քարպոնիէ Ժընեւի մէջ քննարկած են Պաքուի մէջ պահուող հայ գերիներու խնդիրի հասցէագրման անհրաժեշտութիւնը: Այս մասին կը հաղորդէ «Սփութնիք Արմենիա»-ն: Շեշտուած է նաեւ անհետ կորսուած անձերու ճակատագիրներու պարզաբանման եւ բռնի անհետացումներու դէպքերու բացայայտման անհրաժեշտութիւնը:  

Խմբագրական.  Չփակելո՛ւ Համար Արցախի Էջը

Խմբագրական. Չփակելո՛ւ Համար Արցախի Էջը

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի նախաձեռնութեամբ երէկ նշուեցաւ Արցախի ազատամարտի 38-ամեակը: ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի մասնակցութիւնը այս ձեռնարկին` իր ներկայացուցիչին ճամբով, քաղաքական յստակ ուղերձ կը պարունակէ իր մէջ: Նախ, անշուշտ Արցախի էջը փակուած չնկատելու հաւաքական կեցուածքի արտայայտութիւնն էր նախաձեռնութիւնը: Հակառակ հայաթափումին, բռնի տեղահանումին, բռնագրաւումին եւ հակառակ` Երեւանի իշխանութիւններուն կողմէ Արցախը Ազրպէյճանի կազմին մէջ ճանչնալու պաշտօնական որոշումներուն, Արցախի հայապատկանելիութեան վերադարձի երթը փաստօրէն...

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Յաւերժական Արցախ» Խորագիրով` Արցախեան  Ազատագրական Պայքարի 38-Ամեակին Նուիրուած Ձեռնարկ

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Յաւերժական Արցախ» Խորագիրով` Արցախեան Ազատագրական Պայքարի 38-Ամեակին Նուիրուած Ձեռնարկ

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին, հինգշաբթի, 26 փետրուար 2026-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Արցախի ազատագրական պայքարի 38-ամեակին նուիրուած «Յաւերժական Արցախ» խորագիրը կրող ձեռնարկը: Բացման խօսքը արտասանեց Սագօ Սապունճեան: Այնուհետեւ ցուցադրուեցաւ Արցախի ազատագրական պայքարի պատմականը եւ վերջին տարիներու իրադարձութիւնները ներկայացնող տեսերիզ մը: Օրուան պատգամը ուղղեց ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Արա Պուլուզեան: Ձեռնարկին ընթացքին գործադրուեցաւ...

6 Նորագիրներ Անցան ՀՅ Դաշնակցութեան Շարքերը

6 Նորագիրներ Անցան ՀՅ Դաշնակցութեան Շարքերը

Նախաձեռնութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին, երէկ` հինգշաբթի, 26 փետրուար 2026-ի երեկոյեան, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութենէն 6 նորագիրներ անցան ՀՅ Դաշնակցութեան շարքերը: ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին անունով բացման խօսքը արտասանեց Եղիա Թաշճեան: Այնուհետեւ նորագիրներուն իր պատգամը ուղղեց երդման արարողութեան կնքահայր` ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Արա Պուլուզեան: Պուլուզեան խօսքը նորագիրներուն ուղղելով ըսաւ, որ իրենց վճռակամութիւնը միանալու ՀՅ...

Ժընեւի Մէջ Իրան-Միացեալ Նահանգներ  Բանակցութիւններու 3-րդ Փուլ

Ժընեւի Մէջ Իրան-Միացեալ Նահանգներ Բանակցութիւններու 3-րդ Փուլ

Օմանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը երէկ առտու հաղորդեց, որ երկրի արտաքին գործոց նախարար Պատր Պուսահիտի Ժընեւի մէջ Իրան-Միացեալ Նահանգներ բանակցութիւններուն ծիրին մէջ հանդիպում ունեցած է Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչիի հետ: Նախարարութիւնը նշեց, որ անոնք քննարկած են Իրանի հիւլէական թղթածրարին շուրջ համաձայնութեան հասնելու համար Իրանի առաջարկները: Իրանեան ԻՐՆԱ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Արաղչի եւ Պուսահիտի Ժընեւի մէջ պատժամիջոցներու վերացման եւ...

Ազրպէյճան Պիտի Չմասնակցի Հայաստանի Մէջ  Եւրոպական Քաղաքական Համայնքի Վեհաժողովին

Ազրպէյճան Պիտի Չմասնակցի Հայաստանի Մէջ Եւրոպական Քաղաքական Համայնքի Վեհաժողովին

Ազրպէյճան պիտի չմասնակցի Հայաստանի մէջ գումարուելիք Եւրոպական քաղաքական համայնքի վեհաժողովին: Ազրպէյճանական լրատուամիջոցները կը հաղորդեն, որ այս մասին յայտնած է Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով: Ան ըսած է, որ Հայաստանի մէջ կայանալիք վեհաժողովին Ազրպէյճանի տարբեր մակարդակով մասնակցութիւնը նախատեսուած չէ: Պայրամով նշած է, որ երկրի նախագահ «Իլհամ Ալիեւի` մայիսի խիստ եւ յագեցած օրակարգին վրայ նման այցելութիւն նախատեսուած չէ»: Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին...

Չուլճեան. «Թուրքիան Պատրաստ Է Դիմելու  Որեւէ Միջոցի` Ցեղասպանութեան  Ճանաչումը Մերժելու Համար»

Չուլճեան. «Թուրքիան Պատրաստ Է Դիմելու Որեւէ Միջոցի` Ցեղասպանութեան Ճանաչումը Մերժելու Համար»

Ամերիկացի ելեւմտագէտ Ճեֆրի Էփշթէյնի վերաբերեալ փաստաթուղթերը կը բացայայտեն անոր ցանցին հետ կապ ունեցող անձերու շրջանակը: Այդ փաստաթուղթերուն մէջ կը նշուին երեք կառավարական գործիչներու անուններ, որոնք ուղղակիօրէն կապուած են Հայ դատի աշխատանքներուն հետ: Այս մասին «Ալֆա նիուզ»-ի հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսած է Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի մամլոյ քարտուղար Եղիսաբէթ Չուլճեան: «Խօսքը Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախկին նախարար եւ վարչապետ Ահմետ Տաւութօղլուի,...

Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքը Կ՛առաջարկէ  Սինոտական Կառոյց Ստեղծել

Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքը Կ՛առաջարկէ Սինոտական Կառոյց Ստեղծել

Պոլսոյ Հայոց պատրիարք Սահակ արք. Մաշալեան կ՛առաջարկէ սինոտական կառոյց ստեղծել` իբրեւ իշխանութիւն-եկեղեցի յարաբերութիւններուն մէջ ճգնաժամէն ելք: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ Պոլսոյ հայոց պատրիարքարանին համաձայն, ան այս մասին յայտարարած է Աւստրիոյ մէջ գումարուած Եպիսկոպոսական հաւաքի բացման նիստի ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ: Ըստ պատրիարքին, ասիկա պիտի ամրապնդէ Մայր աթոռի եւ Ամենայն հայոց կաթողիկոսին դիրքերը: Մաշալեան նաեւ առաջարկած է սահմանել...

Թրամփ. «Իրան Ներկայիս Կը Զարգացնէ  Հրթիռներ, Որոնք Մօտ Օրէն  Միացեալ Նահանգներ Պիտի Հասնին»

Թրամփ. «Իրան Ներկայիս Կը Զարգացնէ Հրթիռներ, Որոնք Մօտ Օրէն Միացեալ Նահանգներ Պիտի Հասնին»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ Քոնկրեսին մէջ «Միութեան իրավիճակը» տարեկան ուղերձի ընթացքին յայտնեց, որ ինք մաքսատուրքեր օգտագործած է եւ միլիառաւոր տոլարներով եկամուտ ապահոված, ինչպէս նաեւ շարք մը գործարքներ կնքած` նշելով. «Պիտի գայ ժամանակ, երբ մաքսատուրքերը պիտի փոխարինեն տուրքերը, որոնք ամերիկացի քաղաքացիին բեռը կը ծանրացնեն»: «Մեր երկիրը որեւէ ժամանակէ աւելի մեծ, լաւ, հարուստ եւ հզօր դարձաւ», ըսաւ Սպիտակ տան ղեկավարը: «Մենք...

Արաղչի. «Իրանի Նախագահի Հայաստան  Այցելութեան Նպատակը Հարաւային Կովկասի  Աշխարհաքաղաքական Քարտէսի  Անփոփոխութեան Ապահովումն Է»

Արաղչի. «Հիւլէական Ճարտարագիտութեան Բարիքներէն Օգտուելու Մեր Իրաւունքէն Պիտի Չհրաժարինք»

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչի յայտնեց. «Ուաշինկթընի հետ Ժընեւի մէջ բանակցութիւնները վճռակամութեամբ պիտի շարունակենք կարելի եղածին չափ կարճ ժամանակի ընթացքին արդար համաձայնութիւն մը գոյացնելու համար»: «Հիւլէական զէնք պիտի չզարգացնենք, եւ հիւլէական ճարտարագիտութեան բարիքներէն օգտուելու մեր իրաւունքէն պիտի չհրաժարինք», նշեց իրանեան դիւանագիտութեան պետը: «Պատմական առիթ մը ունինք հասնելու աննախադէպ համաձայնութեան մը, որ լուծում կը բերէ հասարակաց մտավախութիւններուն եւ հասարակաց շահերը...

Միացեալ Նահանգներ Միջին Արեւելքի Մէջ  Աւելի Քան 300 Զինուորական Օդանաւ Տեղակայած Են

Միացեալ Նահանգներ Միջին Արեւելքի Մէջ Աւելի Քան 300 Զինուորական Օդանաւ Տեղակայած Են

Թռիչքներու բաց տուեալները չորեքշաբթի ցոյց տուին, թէ աւելի քան 300 ամերիկեան զինուորական ու մարտական օդանաւեր տեղակայուած են Միջին Արեւելքի մէջ ամերիկեան բանակի կեդրոնական հրամանատարութեան ռազմակայաններուն մէջ, ինչ որ տարիներէ ի վեր շրջանին մէջ ամերիկեան օդուժի ամէնէն մեծ տեղակայումն է: Օդանաւերը հիմնականին մէջ բաժնուած են Քաթարի Ատիտ օդուժի ռազմակայանին, Յորդանանի «Մուաֆաք Սուլթի» ռազմակայանին եւ Սէուտական Արաբիոյ Ամիր Սուլթան ռազմակայանին մէջ, ինչպէս...

Ակնարկ.  Իսրայէլի Թիրախափոխումները

Ակնարկ. Իսրայէլի Թիրախափոխումները

Ուաշինկթըն-Թեհրան հանդիպումի նախաշեմին  արձանագրուող լարուածութեան բարձր աստիճանին վրայ Իսրայէլ տեղ կը գրաւէ եւ այս անգամ սպառնալիքներ կ՛ուղղէ Պէյրութին: Սպառնալիքը Հըզպալլայի ներգրաւուածութեան որեւէ փորձի դիմաց լիբանանեան կառոյցներ հարուածելն է. մասնաւորաբար կը շեշտուի օդակայանը: Սպառնալիքներու այս խորապատկերին վրայ, լիբանանեան բանակը կը հաղորդէր, որ հարաւային Լիբանանի սահմանային շրջաններու հսկողութեան ընթացքին, բանակի յենակէտ մը ենթարկուած է իսրայէլեան կրակոցներու: Անօդաչու սարքեր կը սաւառնէին տուեալ շրջանի...

Page 41 of 795 1 … 40 41 42 … 795

Արխիւներ