Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայրապետական Ս. Պատարագ` Նուիրուած Հայոց Ցեղասպանութեան 111-Ամեակին

April 27, 2026
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. կաթողիկոս պատրիարքը 24 ապրիլ 2026-ին, երեկոյեան ժամը 5:00-ին, Զալքայի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ մատուցեց Հայոց ցեղասպանութեան 111 ամեակին նուիրուած հայրապետական Ս. պատարագ` առընթերակայութեամբ Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետ Սահակ վրդ. Քէշիշեանի եւ Ս. Խաչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետ Լեւոն վրդ. Ստեփանեանի, իսկ արարողապետն էր Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եւ Ս. Եղիա աթոռանիստ եկեղեցւոյ փոխժողովրդապետ Արամ վրդ. Աբրահամեան:

Հաւատացեալներուն կողքին ներկայ էին քոյր եկեղեցիներու պետեր եւ ներկայացուցիչներ, որոնց կարգին` մարոնի համայնքի Պշարա Պութրոս Ռայի պատրիարքը, ասորի կաթողիկէ եկեղեցւոյ Եուսեֆ Գ. Եունան պատրիարքը, ասորի ուղղափառ Իգնատիոս Բ. Աֆրամ պատրիարքի ներկայացուցիչ Իգլիմոս Տանիէլ եպս. Գուրիէ, Պէյրութի թեմին պատրիարքական օգնական եպիսկոպոս Գրիգոր եպս. Պատիշահ, Զմմառու պատրիարքական կղերի միաբանութեան պատրիարքական փոխանորդ եւ Զմմառու մայրավանքի մեծաւոր Մաշտոց թ.ծ.վրդ. Զահթէրեան, եպիսկոպոսներ, վարդապետներ եւ մայրապետներ: Պաշտօնական հիւրերու կարգին էին ներկայ եւ նախկին նախարարներ եւ երեսփոխաններ, քաղաքական կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ կրթական եւ մշակութային անձնաւորութիւններ:

Հոգեւոր տէրը հայերէն եւ արաբերէն լեզուներով ուղղած իր հայրապետական պատգամին մէջ ըսաւ. «Ես զաւակն եմ ցեղասպանուած, ոտնահարուած, կեղեքուած, տեղահանուած եւ հայրենազուրկ դարձած գերդաստանի, որ սակայն, վտարանդրութեան մէջ կարողացաւ վերակազմակերպել իր կեանքը…»: Ան ընդգծեց, որ ոճրագործը հաշուի չէ առած Աստուծոյ զօրութիւնը եւ հաւատքի ուժը, որոնց շնորհիւ հայ ժողովուրդը վերածնունդ ապրեցաւ 1915-ի աղէտէն ետք: Հոգեւոր Տէրը յիշատակեց նաեւ նահատակ Ս. Իգնատիոս Մալոյեանը` շեշտելով անոր զոհաբերութիւնը իր ժողովուրդին եւ հաւատքին համար:

Հոգեւոր տէրը իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ նաեւ ժամանակակից աշխարհին մէջ շարունակուող բռնութիւններուն եւ կոչ ուղղեց. «Եկէ՛ք միասին աշխատինք խաղաղութեան համար… ոչ թէ զէնքով, այլ` սիրով եւ խաղաղութեան կամքով»: Ան նաեւ ընդգծեց Լիբանանի միասնութեան կարեւորութիւնը եւ կոչ ուղղեց` կանգնելու հանրապետութեան նախագահ զօրավար Ժոզեֆ Աունի եւ պետական կառոյցներուն կողքին` խաղաղութեան ամրապնդման համար:

Սրբագործումի պահուն խորան բարձրացան Պշարա Պութրոս Ռայի եւ Եունան պատրիարքները եւ աղօթքով մասնակցեցան Ս. խորհուրդին: Ս. պատարագի ընթացքին հայերէն, արաբերէն, ֆրանսերէն եւ անգլերէն լեզուներով դիտաւորութիւնները աղօթեցին Ս. Մեսրոպի արիները, Ս. Խաչի ՀԿՄ-ի պատանիները, «Յիսուսի բարեկամները», Ս. Փրկիչի ՀԿՄ-ի,  Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եւ Ս. Եղիայի ՀԿՄ-ի, ՀԿՀՄ-ի եւ ՀԿԵՄ-ի երիտասարդները:

Արարողութեան աւարտին հոգեւոր տէրը օրհնեց հաւատացեալները Ս. Իգնատիոս Մալոյեանի ձեռաց խաչով, որ այս առիթով բերուած էր Զմմառու մայրավանքէն: Ապա տեղի ունեցաւ աղօթք նահատակներու հոգիներուն համար եւ պատրիարքարանի անունով ծաղկեպսակի զետեղում:

Արարողութեան աւարտին հաւատացեալները իրենց յարգանքի տուրքը մատուցեցին մոմավառութեամբ:

 

Նախորդը

Հայ Աւետարանական Ապրիլեան Միացեալ Ոգեկոչում

Յաջորդը

Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ Մատուցուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան Նահատակներուն Նուիրուած Սուրբ Պատարագ

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.