Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Երեք Հայ Հոգւոր Պետերու Հանդիպում Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

April 23, 2026
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին հրաւէրով, չորեքշաբթի, 22 ապրիլ 2026-ի առաւօտեան ժամը 10:00-ին, կաթողիկոսարանի վեհարանին մէջ գումարուեցաւ միջհամայնքային խորհրդակցական ժողով մը: Ժողովին կը մասնակցէին Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. կաթողիկոս պատրիարք եւ Մերձաւոր Արեւելքի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան նախագահի տեղապահ վերապատուելի Փոլ Հայտոսթեան: Ժողովին մասնակցելու համար հրաւիրուած էին Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեան, Ազգային վարչութեան ատենապետ Գրիգոր Արսլանեան, Պէյրութի թեմի հայ կաթողիկէ պատրիարքական փոխանորդ Գրիգոր եպս. Պատիշահ, խորհրդական Միհրան Նաճարեան, Նոր Մարաշի աւետարանական եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ վերապատուելի Րաֆֆի Մսըրլեան եւ Հայկազեան համալսարանի խնամակալութեան փոխատենապետ Ճան Սաղըրեան: Ժողովին կը մասնակցէին նաեւ կաթողիկոսութեան Ազգային կեդրոնական վարչութեան Քաղաքական ժողովի դիւանի անդամներ Սեդա Խտըշեան եւ Շահան Գանտահարեան, կաթողիկոսարանի դիւանապետ Տաճատ եպս. Աշըգեան:

Վեհափառ հայրապետը բարի գալուստ մաղթեց համայն հայութեան հաւաքական տունը` խօսելով նման ճգնաժամային պայմաններու մէջ համախմբուելու եւ խորհրդակցելու անհրաժեշտութեան մասին` հայ եկեղեցւոյ մէկութեան շրջածիրին մէջ:

Ապա, վեհափառ հայրապետը հանգամանալից պարզաբանումներ կատարեց տարածաշրջանի պատերազմին, այսօրուան դիւրաբեկ հրադադարին եւ անոր հետեւողութեամբ Լիբանանի մէջ արձանագրուող իրադարձութիւններուն մասին:

Այնուհետեւ ժողովը խորհրդակցութեան եւ քննարկման ճամբով արձանագրեց.

ա) Համագաղութային այս հանդիպումը կը գումարուի Հայոց ցեղասպանութեան 111-ամեակի նախօրեակին: Ժողովականները կոչ կ՛ընեն սփիւռքի թէ լիբանանահայ համայնքի բոլոր կառոյցներուն եւ կազմակերպութիւններուն համախումբ եւ միացեալ մարմիններով ոգեկոչելու Հայոց ցեղասպանութեան զոհերուն յիշատակը եւ համակարգուած ձեւով մշակելու իրենց աշխատանքները` Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման եւ անոր հետեւանքներուն վերացման առումներով:

բ) Հայկական համայնքներու հոգեւոր եւ ազգային մարմինները կը շարունակեն մօտէն հետեւիլ տարածաշրջանի տարբեր երկիրներուն մէջ ապրող հայութեան իրավիճակին, դիմագրաւած դժուարութիւններուն եւ առօրեայ հաղորդակցութիւններով կը փորձեն համակարգել համասփիւռքեան կեդրոններու եւ տեղւոյն հոգեւոր-ազգային մարմիններու աշխատանքները:

գ) Լիբանանի պարզած այս դժուար պայմաններուն մէջ լիբանանահայ համայնքը իր զօրակցութիւնը կը վերահաստատէ հանրապետութեան նախագահին եւ պետական կառոյցներուն կայացուցած որոշումներուն, ինչ կը վերաբերի երկրի տարածքային ամբողջականութեան պահպանման եւ գերիշխանութեան իրաւունքի գերադասման:

դ) Կը դատապարտէ Իսրայէլի կողմէ Լիբանանի դէմ շարունակուող յարձակումները, լիբանանեան տարածքներու գրաւումը, հրադադարի խախտումները եւ ժողովուրդին բռնի տեղահանումը:

ե) Կ՛ընդգծէ հրամայականը ներլիբանանեան կայունութիւնն ու անդորրութիւնը պահպանելու եւ գերլարուած իրավիճակներ չստեղծելու, յատկապէս այս գերզգայուն իրավիճակին մէջ:

զ) Շեշտելով հայութեան պատմական արմատներու գոյութիւնը Լիբանանի մէջ, ժողովը կոչ կ՛ուղղէ Լիբանանին, իբրեւ ցեղասպանութեան ենթարկուած եւ անոր տառապանքներն ու հետեւանքները կրած ժողովուրդ, միակամ եւ միասնական կեցուածքներով դիմակայելու ճգնաժամային պայմանները եւ Քրիստոսի Յարութեան հետեւողութեամբ հաւատալու մայրիներու երկրին վերականգնումին:

է) Լիբանանահայ համայնքը իր համասփիւռքեան տարողութիւն ունեցող հոգեւոր եւ ազգային կառոյցներով կը շարունակէ հիմնական դերակատարութիւն ունենալ համահայկական առաջադրանքներուն ընդառաջ տարուող աշխատանքներուն մէջ: Այդ դերակատարութեան շարունակականութեան նկատմամբ վառ պէտք է պահել ժողովուրդին մօտ հաւատքն ու վճռակամութիւնը:

ը) Այս առումով ալ ժողովը կ՛ողջունէ հայ քաղաքական կուսակցութիւններուն միջեւ կայացող հերթական խորհրդակցութիւնները, ինչպէս նաեւ հայկական բարեսիրական կազմակերպութիւններուն համակարգուած աշխատանքները, յատկապէս օժանդակելու բռնատեղահանումներուն հետեւանքով Լիբանանի զանազան շրջաններուն մէջ յայտնուած գաղթականական զանգուածներուն: Ժողովը որոշեց յաւելեալ թափ տալ այս աշխատանքին եւ յանձնարարեց երեք համայնքներու հոգեւոր առաջնորդներուն միասնաբար խորհրդակցելու գաղթականական շրջանակներուն օժանդակութիւններ հասցնելու կարելիութեան շուրջ:

թ) Հայ հոգեւոր պետերը կ՛աղօթեն առ բարձրեալն Աստուած խաղաղութիւն շնորհելու շրջանին եւ յատկապէս Լիբանանին, որպէսզի վերջ գտնեն այս արհաւիրքներն ու մարդկային ողբերգութիւնները, եւ Լիբանանը վերստին վերադառնայ համակեցութեան, փոխըմբռնման ու փոխհասկացողութեան սկզբունքներու վրայ կառուցուած կեանքին:

Համասփիւռքեան եւ լիբանանեան մակարդակներով հայկական եկեղեցիներու պետերու եւ ազգային մարմիններու ներկայացուցիչներու այս խորհրդակցական եւ ներկայացուցչական հաւաքը հերթական արձանագրումն է համախմբուածութեան եւ յատկապէս ճգնաժամային պայմաններու մէջ մեր համընդհանուր աշխատանքներուն ուղեցոյցի ճշդումին:

Cilicia TV

Նախորդը

Երկարաձգելէ Ետք Իրանի Հետ Զինադադարը. Թրամփ. «Բանակցութիւններու 2-րդ Փուլ Կարելի Է Յառաջիկայ Օրերուն Ընթացքին»

Յաջորդը

Փարիզի Մէջ. « Միասին՝ Լիբանանի Համար» Բարեսիրական Ձեռնարկ՝ Համախմբման Եւ Յանձնառութեան Ոգիով

RelatedPosts

Խմբագրական.  Գերիշխանութեան Պահպանման Համար (Հայաստանի Վերանկախացման 35-Ամեակին Առիթով)
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Գերիշխանութեան Պահպանման Համար (Հայաստանի Վերանկախացման 35-Ամեակին Առիթով)

September 21, 2026
Մուսա Լերան Հերոսամարտի 111-Ամեակի  Եւ Այնճարի Հիմնադրութեան  87-Ամեակի Հանդիսաւոր Նշում
Գաղութային

Մուսա Լերան Հերոսամարտի 111-Ամեակի Եւ Այնճարի Հիմնադրութեան 87-Ամեակի Հանդիսաւոր Նշում

September 21, 2026
Հայաստանի Վերանկախութեան Տօնին Առիթով  Հանրապետական Մաղթանք Կատարուեցաւ  Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ
Գաղութային

Հայաստանի Վերանկախութեան Տօնին Առիթով Հանրապետական Մաղթանք Կատարուեցաւ Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

September 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.