Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարեց. «Հարվըրտ-Հարիսի հարցախոյզը ցոյց կու տայ, թէ ուժեղ մեծամասնութիւն մը Իրանի հիւլէական ծրագիրի դադրեցման հարցով ինծի կը զօրակցի»:
Ան նաեւ «Թրութ Սոշըլ» ընկերային ցանցին վրայ հրապարակեց իր լուսանկարը, որուն կցուած էր «փոթորիկը կու գայ, եւ ոչինչ կրնայ զայն կանգնեցնել» խօսքը:
Աւելի ուշ ան նաեւ հրապարակեց Հորմուզի նեղուցի քարտէսի նկարը, որուն վրայ նեղուցը կոչուած է «Թրամփի նեղուց»:
Աղբիւր մը «Աքսիոս»-ին յայտնեց. «Ամերիկեան բանակի կեդրոնական շրջանի հրամանատարութիւնը պատրաստեց Իրանին կարճատեւ եւ ուժեղ հարուածներ հասցնելու ծրագիր մը»:
Աղբիւրը կայքին նշեց, որ հարուածներու թիրախները հաւանական է, որ ներառեն Իրանի մէջ ենթակառոյցներ:
«Իրանին կարճատեւ եւ ուժեղ հարուածներու ալիքի ծրագիրի նպատակը բանակցութիւններուն մէջ տիրող անելը բեկանելն է, եւ կը նախատեսուի, որ Թրամփին ներկայացուի այլ ծրագիր մը, որ կը ներառէ Հորմուզի նեղուցի վերաբացման համար անոր մէկ մասին վրայ վերահսկողութեան հաստատումը»` աւելցնելով, որ այդ մէկը կրնայ ցամաքային ուժերու մասնակցութիւնը ներառել:
Երկու աղբիւրներ «Աքսիոս»-ին յայտնած են. «Թրամփ շրջափակումը ճնշումի գործադրման գլխաւոր գործիք կը նկատէ, սակայն կրնայ զինուորական ընտրանքին դիմել, եթէ Իրան շարունակէ մերժել»:
«Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ» հաղորդեց, որ ամերիկեան վարչակազմը աշխատանք կը տանի պետութիւնները մղելու մաս կազմելու միջազգային նոր դաշինքի մը, որպէսզի նաւերը կարենան Հորմուզի նեղուցէն նաւարկել:
Օրաթերթը իր տեղեկութիւնը քաղած էր Միացեալ Նահանգներու ներքին գործոց նախարարութեան ներքին շրջաբերականէ մը, որ ուղարկուած է Միացեալ Նահանգներու դեսպանատուներուն: Ըստ հաղորդագրութեան, նոր դաշինքը կը կոչուի «Նաւարկման ազատութեան կառուցում»:
Իրանի նախագահ Մեսուտ Փեզեշքիան յայտնեց, որ Արաբական ծոցին մէջ անվտանգութեան չգոյացման պատասխանատուն Միացեալ Նահանգներն ու Իսրայէլն են:
Ան ըսաւ, որ Արաբական ծոցը արտաքին միակողմանի կամքի պարտադրման թատերաբեմ չէ` շեշտելով, որ այս ռազմավարական տարածքի անվտանգութիւնը միայն զայն շրջապատող պետութիւններու գործակցութեան ճամբով է:
«Հորմուզի նեղուցի ջրային ռազմավարական միջանցքը իրանցիներու ազգային ինքնութեան անբաժանելի մասն է, եւ Իրանի գերիշխանութեան խորհրդանիշ մը», նշեց Իրանի նախագահը:
Ըստ անոր, շրջափակում կամ նաւարկման սահմանափակում պարտադրելու որեւէ փորձ դատապարտուած է ձախողութեան:
Փաքիստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Թահեր Անտրապի յայտնեց, որ դիւանագիտութեան ժամացոյցը կանգ չէ առած: Ան լաւատեսութիւն յայտնեց Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի միջեւ բանակցուած լուծումի մը հասնելու նկատմամբ:
Աղբիւր մը «Սի.Էն.Էն.»-ին յայտնեց. «Իրանի դէմ պատերազմին իրական արժէքը կը գնահատուի 40-էն 50 միլիառ տոլարի միջեւ»:
Խամենէի. «Պարսից Ծոցի Ապագան Ամերիկեան Ներկայութենէ Զուրկ Ապագայ Մը Պիտի Ըլլայ»
Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ սէյիտ Մոջթաբա Խամենէի հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց. «Շնորհիւ Աստուծոյ եւ օրհնութեամբ երրորդ պարտադրուած պատերազմի նահատակներուն, մասնաւորաբար հանգուցեալ գերագոյն հոգեւոր պետի արեան, ոչ միայն համաշխարհային հասարակաց կարծիքին ու շրջանի ժողովուրդներու, այլ նաեւ ղեկավարներուն յստակ դարձաւ, թէ Պարսից ծոցին մէջ ամերիկեան ներկայութիւնը անկայունութեան հիմնական ազդակն է, եւ անոր ռազմակայանները կարողութիւնը չունին նոյնիսկ իրենք զիրենք պաշտպանելու, ուստի ինչպէ՞ս պիտի կարենան ուրիշներունը ապահովել»:
«Պարսից ծոցի ապագան պիտի ըլլայ ամերիկեան ներկայութենէն զուրկ ապագայ մը, որ կը ծառայէ անոր ժողովուրդներու յառաջընթացին, բարօրութեան ու հանգստութեան: Մենք եւ Պարսից ծոցի ու Օմանի ծովու մեր դրացիները «մէկ ճակատագիր» ունինք: Անոնք, որոնք հազարաւոր քիլոմեթրներ հեռաւորութենէ կու գան եւ քաոս ու չարիք կը ստեղծեն, այդտեղ տեղ չունին, ո՛չ ալ անոր ջուրերուն խորերուն մէջ:
«Աստուծոյ շնորհիւ արձանագրուած այս յաղթանակներու շարքը, որ իրագործուեցաւ դիմադրութեան քաղաքականութեան լոյսին տակ, շրջանային եւ միջազգային նոր համակարգի սկիզբ պիտի ըլլայ», նշեց Խամենէի:
«Հորմուզի նեղուցի կառավարման նոր կանոնները շրջանի բոլոր ժողովուրդներուն բարօրութիւն եւ յառաջընթաց պիտի բերէ», աւելցուց Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետը:


