Իրանի Դէմ Քիւրտերու Յարձակո՞ւմ
Ամերիկացի պաշտօնատար մը «Աքսիոս» կայքին յայտնեց, որ իրանեան քրտական խմբաւորումները Իրանի հիւսիս-արեւմուտքին դէմ ցամաքային յարձակում շղթայազերծած են: Իսրայէլեան աղբիւր մը «Իսրայէլ Հայոմ» օրաթերթին յայտնած է. «Իրանի վերաբերեալ քիւրտերուն առնչուող խօսակցութիւնը ճիշդ է եւ մեծ կարեւորութիւն ունի»: Իրանեան բանակը երէկ բուռն կերպով ռմբակոծեց Իրանի արեւմուտքին մէջ մեծամասնութեամբ քիւրտերով բնակուած Սանանեժ քաղաքը: Իրանեան պետական պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ Իրաքի Քրտական ինքնավար մարզին...




















