Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թրամփ Հորմուզի Նեղուցին Մէջ Նաւարկումը Ազատագրման Սկիզբը Յայտարարեց

May 5, 2026
| Գլխաւոր լուրեր, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ նշեց. «Աշխարհի բոլոր կողմերէն պետութիւններ, գրեթէ մեծամասնութիւնը, որոնք ներգրաւուած չեն բոլորին առջեւ յստակ ու բուռն կերպով ընթացող Միջին Արեւելքի հակամարտութեան մէջ, Միացեալ Նահանգներէն խնդրած են, եթէ կրնան օգնել Հորմուզի նեղուցին մէջ բանտարկուած իրենց նաւերու ազատագրման:

«Անոնք հակամարտութեան հետ բացարձակապէս կապ չունին եւ չէզոք ու անմեղ կողմեր են: Իրանի, Միջին Արեւելքի եւ Միացեալ Նահանգներու շահերէն մեկնելով այդ պետութիւններուն յայտնեցինք, թէ իրենց նաւերը պիտի առաջնորդենք այս փակուած ջրային միջանցքներէն ապահով կերպով դուրս գալու, որպէսզի կարենան իրենց աշխատանքը շարունակել ազատութեամբ ու ատակութեամբ»:

«Այս նաւերը աշխարհի այն շրջաններէն են, որոնք որեւէ ձեւով չեն մասնակցիր Միջին Արեւելքի մէջ ներկայիս տեղի ունեցողին: Ներկայացուցիչներուս ըսի, որ անոնց տեղեակ պահեն, թէ մեր առաւելագոյն ջանքը պիտի թափենք իրենց նաւերն ու անոնց անձնակազմերը նեղուցէն ապահով դուրս բերելու համար:

«Ամէն պարագայի, ըսին, թէ շրջան պիտի չվերադառնան, մինչեւ որ անիկա նաւարկման համար ապահով ըլլայ: Այս գործողութիւնը` «Ազատութեան ծրագիր»-ը, պիտի սկսի Միջին Արեւելքի ժամանակացոյցով երկուշաբթի առաւօտեան: Ես ամբողջովին տեղեակ եմ, թէ ներկայացուցիչներս Իրանի պետութեան հետ չափազանց դրական քննարկումներ կը կատարեն, եւ այդ քննարկումները կրնան բոլորին համար շատ դրական բանի մը յանգիլ», աւելցուց Սպիտակ տան ղեկավարը:

Ան նշեց, որ վերոնշեալ նաւերու դուրսբերումը «Միացեալ Նահանգներու, Միջին Արեւելքի պետութիւններուն եւ մասնաւորաբար Իրանի պետութեան կողմէ մարդասիրական նախաձեռնութիւն է»:

«Եթէ այս մարդասիրական գործողութեան մէջ որեւէ ձեւով միջամտութիւն տեղի ունենայ, ապա ցաւօք, այդ միջամտութեան նկատմամբ պէտք է ուժ կիրարկուի», շեշտեց Միացեալ Նահանգներու նախագահը:

Ամերիկեան բանակի կեդրոնական շրջանի հրամանատարութիւնը երէկ յայտարարեց, որ իր ուժերը կը սկսին աջակցիլ «Խաղաղութեան ծրագիր»-ին` Հորմուզի նեղուցի ճամբով առեւտրական նաւերու նաւարկման վերականգնման համար:

Ամերիկեան բանակի կեդրոնական շրջանի հրամանատար ծովակալ Պրատ Քուփըր յայտնեց. «Այս պաշտպանական առաքելութեան մեր աջակցութիւնը անհրաժեշտ է շրջանային անվտանգութեան եւ համաշխարհային տնտեսութեան, մինչ կը շարունակենք ծովային շրջափակումը»:

Ան աւելցուց, որ այդ աջակցութեան պիտի մասնակցին հեռակառավարուող հրթիռներով զինուած խորտընկէցներ, աւելի քան 100 օդանաւեր եւ աւելի քան 15000 զինուորներ:

Իրանի խորհրդարանի ազգային անվտանգութեան յանձնախումբի նախագահ Իպրահիմ Ազիզի զգուշացուց. «Հորմուզի նեղուցի ծովային նոր համակարգին մէջ ամերիկեան որեւէ միջամտութիւն զինադադարի խախտում պիտի նկատուի»:

Իրանեան զինեալ ուժերու «Խաթեմ Անպիա» կեդրոնը յայտնեց, որ իր ուժերը կը վերահսկեն Հորմուզի նեղուցին` նշելով, որ նեղուցէն որեւէ անցում պէտք է իրեն հետ համակարգուած ըլլայ:

Կեդրոնը նաեւ զգուշացուց, որ օտար որեւէ ուժ, մասնաւորաբար ամերիկեան բանակը յարձակումի պիտի ենթարկուի, եթէ նեղուցին միանայ: Ան առեւտրական եւ քարիւղատար նաւերուն կոչ ուղղեց` իրենց անվտանգութենէն մեկնելով առանց համակարգումի նեղուցը անցնելու փորձէ ետ կանգնելու:

Միւս կողմէ, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ իսրայէլեան պետական պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց, որ ծանօթացած է իրանեան նոր առաջարկին, որ անընդունելի է` շեշտելով, որ ճակատամարտը հոյակապ կերպով կ՛ընթանայ:

Ամերիկացի պատուիրակ Սթիւ Ուիթքոֆ «Սի.Էն.Էն.»-ին յայտնեց. «Միացեալ Նահանգները Իրանի հետ քննարկումներ կը կատարեն»:

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Իսմայիլ Պաղայի յայտարարեց. «Ամերիկացիները մեր առաջարկին պատասխան մը ներկայացուցին փաքիստանցի միջնորդին, եւ մենք զայն աչքէ կ՛անցընենք»:

Նախորդը

Նախագահ Աուն. «Նեթանիահուի Հետ Հանդիպումի Համար Պահը Յարմար Չէ»

Յաջորդը

Հաճիեւի Համաձայն` Արցախի Հայկական Եկեղեցիներու Քանդումը Կը Բխի Ազրպէյճանի Օրէնսդրութենէն

RelatedPosts

Ակնարկ  Վենեզուելա – Իրան – Քուպա
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ Վենեզուելա – Իրան – Քուպա

September 30, 2026
Երեւանի Մէջ Հանդիպում Ունեցան Արցախի Ազգային Ժողովի Պատգամաւորներն Ու Հյդ Հայ Դատի Ներկայացուցիչները
Գլխաւոր լուրեր

Երեւանի Մէջ Հանդիպում Ունեցան Արցախի Ազգային Ժողովի Պատգամաւորներն Ու Հյդ Հայ Դատի Ներկայացուցիչները

September 30, 2026
«Հայաստան» Խմբակցութեան Անդամներ Տեսակցեցան «Հայաստանի Մէջ Ժողովրդավարութեան Միջազգային Դիտարան»-ի Ներկայացուցիչներուն Հետ
Գլխաւոր լուրեր

«Հայաստան» Խմբակցութեան Անդամներ Տեսակցեցան «Հայաստանի Մէջ Ժողովրդավարութեան Միջազգային Դիտարան»-ի Ներկայացուցիչներուն Հետ

September 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.