Իրան Զինադադարի Չի Ձգտիր, Իսկ Իսրայէլի Համար Պատերազմը «Տակաւին Աւարտած Չէ»
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ «Ֆոքս Նիուզ» պատկերասփիւռի կայանին հետ զրոյցի ընթացքին յայտարարեց. «Հաւանական է, որ Իրանի հետ խօսիմ»: Երէկ «Ֆոքս Նիուզ»-ի հետ իր զրոյցէն առաջ Թրամփ յայտնեց. «Իրանը մահուան, կրակի եւ զայրոյթի պիտի բախի, եթէ Հորմուզի նեղուցով քարիւղի հոսքը դադրեցնելու որեւէ քայլ ձեռնարկէ»: «Եթէ Իրան Հորմուզի նեղուցով քարիւղի հոսքը դադրեցնէ, պիտի քանդենք թիրախներ, զորս քանդելը դիւրին է, ինչ որ...




















