Ակնարկ. Դ. Կէտի Հանգոյցը
Միացեալ Նահանգներ-Իրան միջնորդաւորուած բանակցութիւններու մասին կան հակասական տեղեկութիւններ: Շրջանառուող տեղեկութիւններէն բաժին մը պաշտօնական է, կարեւոր մասն ալ լրատուական արտահոսքերու վրայ հիմնուած հրապարակումներ են. տեղեկատուական պատերազմ է իր բոլոր ուղղութիւններով, եւ կարելի չէ յստակ հետեւութիւններ ընել շրջանառուող տեղեկութիւններէն կամ ապատեղեկութիւններէն: Եթէ պահ մը ընդունինք, որ իրօք Ուաշինկթըն 15 կէտնոց առաջարկներ փոխանցած է Թեհրանին Փաքիստանի ճամբով, ապա այս լուրին վրայ հիմնուելով նկատի...




















