Գլխաւոր լուրեր

Ռաժժի. «Կառավարութիւնը Իր Յոյսը  Կը Կապէ Աունի Նախաձեռնութեան Արաբական  Եւ Միջազգային Աջակցութեան»

Ռաժժի. «Կառավարութիւնը Իր Յոյսը Կը Կապէ Աունի Նախաձեռնութեան Արաբական Եւ Միջազգային Աջակցութեան»

Լիբանանի արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Եուսեֆ Ռաժժի Ռիատի մէջ արաբական եւ իսլամական պետութիւններու արտաքին գործոց նախարարներու խորհրդակցական նիստի ընթացքին խօսք մը արտասանելով յայտնեց. «Այսօր ժողով կը գումարենք վճռորոշ պահու մը, որ կը պահանջէ խօսքի յստակութիւն, դիրքորոշման համարձակութիւն եւ մեր ժողովուրդներու անվտանգութիւնն ու գերիշխանութիւնը պաշտպանելու պատմական պատասխանատուութիւն: Մենք այսօր ժողով կը գումարենք ցնցուած վիճակի մէջ Իրանի կողմէ Ծոցի...

Ակնարկ.  Երկխօսութիւնը Բռնակցումէն Ետք

Ակնարկ. Երկխօսութիւնը Բռնակցումէն Ետք

Մինչ Լիբանան կը շարունակէ յայտարարել, որ պատրաստ է բանակցելու Իսրայէլի հետ, վերջինը անվտանգութեան կամ արգելակիչ գօտիի սահմանները կը ճշդէ եւ իր նախագծած տարածքը կ՛անջատէ Լիբանանէն բոլոր կամուրջները քանդելով: Փաստօրէն, ըստ էութեան լիբանանեան տարածքներու բռնակցում կը կատարուի ընդհանուր սահմանէն մինչեւ Լիթանի-Զահրանի: Անվտանգութեան գօտիի անուան տակ տարածքներու բռնակցումով երկրի ջրային պաշարներուն տիրապետելով Իսրայէլ քանի մը խնդիր կը լուծէ այս ձեւով: Պէյրութի առաջարկին...

Թրամփ. «Աշխատանք Կը Տանինք Ահաբեկչութեան  Թիւ Մէկ Հովանաւոր Իրանը Բեմէն Հեռացնելու»

Թրամփ. «Աշխատանք Կը Տանինք Ահաբեկչութեան Թիւ Մէկ Հովանաւոր Իրանը Բեմէն Հեռացնելու»

Ամերիկեան բանակը երէկ յայտարարեց, թէ Հորմուզի ռազմավարական նեղուցին մօտ իրանեան հականաւային հրթիռներու դիրքերը հարուածած է` օգտագործելով պատնէշները խոցող ռումբեր, որոնք ամերիկեան զինանոցին մէջ հզօրագոյններէն են: Ամերիկեան բանակի կեդրոնական շրջանի հրամանատարութիւնը նշեց, որ Հորմուզի նեղուցին մօտ իրանեան ծովեզերքին վրայ իրանեան հրթիռներու դիրքերուն դէմ 5000 թոն կշռող ռումբեր օգտագործած է: «Այդ դիրքերուն վրայ գտնուող իրանեան «Քրուզ» հրթիռները նեղուցին մէջ միջազգային նաւարկումին վտանգ...

Զելենսքի. «Միջին Արեւելքի Պատերազմը  Կրնայ Ուքրանիան Ձգել Առանց Հակաօդային  Պաշտպանութեան Հրթիռներու  Հայթայթման Աղբիւրներու»

Զելենսքի. «Միջին Արեւելքի Պատերազմը Կրնայ Ուքրանիան Ձգել Առանց Հակաօդային Պաշտպանութեան Հրթիռներու Հայթայթման Աղբիւրներու»

Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքի նախազգուշացուցած է, որ Միջին Արեւելքի մէջ պատերազմը կրնայ Ուքրանիան ձգել առանց հակաօդային պաշտպանութեան հրթիռներու հայթայթման աղբիւրներու: Այս մասին կը հաղորդէ «Պի.Պի.Սի.»-ն: «Մենք կրնանք յայտնուիլ կացութեան մը մէջ, երբ դժուարութիւններ պիտի ունենանք մեր երկինքը պաշտպանելու համար հրթիռներ եւ զէնքեր ձեռք բերելու հարցին մէջ: Անոնք ամերիկացիներուն եւ անոնց դաշնակիցներուն կրնան անհրաժեշտ ըլլալ իրենք զիրենք պաշտպանելու համար, օրինակ` «Փաթրիոթ»...

Իսրայէլ Կը Թիրախաւորէ  Լիթանի Գետի Կամուրջները

Իսրայէլ Կը Թիրախաւորէ Լիթանի Գետի Կամուրջները

Լիբանանի հարցով ֆրանսացի պատուիրակ Ժան Իվ Լը Տրիան նշեց. «Իսրայէլ չկրցաւ Հըզպալլան զինաթափել, ուստի կարելի չէ ակնկալել, որ լիբանանեան կառավարութիւնը այդ մէկը կատարէ երեք օրուան մէջ, ռմբակոծման տակ: Միակ լուծումը Լիբանանի մէջ պատերազմին վերջ տալն ու բանակցիլն է»: «Լիբանանի մէջ պատերազմին վերջ տալու միակ լուծումը բանակցութիւնն է», յայտարարեց ան: «Ժատիտ»-ի եւ «Լեպանոն Տիպէյթ»-ի տեղեկութիւններուն համաձայն, Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան...

Քոս Կ՛այցելէ Հայաստան` Ամրապնդելու  Եւրոպական Միութեան  Եւ Հայաստանի Գործընկերութիւնը

Քոս Կ՛այցելէ Հայաստան` Ամրապնդելու Եւրոպական Միութեան Եւ Հայաստանի Գործընկերութիւնը

Եւրոպական Միութեան ընդլայնման հարցերով յանձնակատար Մարթա Քոս հինգշաբթի եւ ուրբաթ Հայաստան պիտի այցելէ` Եւրոպական Միութեան եւ Հայաստանի համագործակցութիւնը ամրապնդելու եւ շրջանային կապակցուածութիւնը զարգացնելու նպատակով: Լուրը կը հաղորդէ Եւրոպական Միութեան կայքը: Ուրբաթ օրը Երեւանի մէջ յանձնակատարը պիտի հանդիպի Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ: Քննարկումներու հիմնական նիւթերը պիտի ըլլան յառաջիկային սպասուող Եւրոպական Միութիւն-Հայաստան վեհաժողովի նախապատրաստութիւնը, ինչպէս նաեւ փոխադրական, թուային, ուժանիւթի եւ առեւտրական...

Պալապանեան. «Թիրախաւորուող Շրջաններուն Մէջ  Հայութեան Թիւը Համեմատաբար Նուազ Է»

Պալապանեան. «Թիրախաւորուող Շրջաններուն Մէջ Հայութեան Թիւը Համեմատաբար Նուազ Է»

«Հիմա հայաբնակ շրջանները համեմատաբար աւելի հանդարտ են, անշուշտ կան այն շրջանները, որոնք շարունակ կը ռմբակոծուին պատերազմի սկիզբէն ի վեր, այնպէս չէ, որ հոն բնաւ հայութիւն չկայ, բայց եթէ բաղդատական պիտի ընենք բնակչութեան խտութեան իմաստով, այդ շրջաններուն մէջ աւելի նուազ թիւով հայեր կան», յայտնեց ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Ալպեր Պալապանեան երէկ հայրենի «Հ1» հանրային պատկերասփիւռի կայանի «Լուրեր» յայտագիրի հարցումներուն պատասխանելով:...

Յակոբ Բագրատունի. «Մեզի Համար Հիմնականը  Մեր Ժողովուրդի Կամքը Ամուր Պահելն Է  Եւ Լիբանանեան Մեր Հայրենիքին Կառչիլը»

Յակոբ Բագրատունի. «Մեզի Համար Հիմնականը Մեր Ժողովուրդի Կամքը Ամուր Պահելն Է Եւ Լիբանանեան Մեր Հայրենիքին Կառչիլը»

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Միջին Արեւելքի պատասխանատու եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի երէկ հեռավար հարցազրոյց ունեցաւ Աւստրալիոյ «Արմինիըն  Միտիա» կայանի հաղորդավար Նորա Սեւակեանի հետ: Հարցազրոյցը կեդրոնացաւ Միջին Արեւելքի եւ յատկապէս Լիբանանի այժմու դրութեան վրայ` արձանագրուող ապահովական ու զինուորական նորագոյն իրադարձութիւններու լոյսին տակ: Անդրադառնալով Լիբանանի ու յատկապէս լիբանանահայութեան ներկայ դրութեան` երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի հաստատեց, որ Իսրայէլ ոչինչ կը խնայէ ու...

Թրամփ. «Պատերազմը Երկար Պիտի Չտեւէ»

Թրամփ. «Պատերազմը Երկար Պիտի Չտեւէ»

Իրանցի պաշտօնատար մը «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնեց. «Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ Մոջթաբա Խամենէի արտաքին քաղաքականութեան նիստի ընթացքին մերժեց Ամերիկայի հետ լարուածութեան մեղմացման կամ խաղաղութեան առաջարկները»: «Ան արտաքին քաղաքականութեան նիստի ընթացքին ըսաւ, որ ժամանակը խաղաղութեան համար յարմար չէ, եւ պէտք է Ամերիկան ու Իսրայէլը պարտութեան մատնել, անոնք պէտք է մեզի փոխհատուցում վճարեն», նշեց պաշտօնատարը: Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոն պատրաստակամութիւն յայտնեց Հորմուզի...

Լիբանանի Զանազան Շրջանները  Իրարմէ Անջատելու Ծիրին Մէջ.  Իսրայէլ Կը Շարունակէ Հարուածել Մարդկային  Թէ Տնտեսական Կարեւոր Թիրախներ

Լիբանանի Զանազան Շրջանները Իրարմէ Անջատելու Ծիրին Մէջ. Իսրայէլ Կը Շարունակէ Հարուածել Մարդկային Թէ Տնտեսական Կարեւոր Թիրախներ

Հակառակ բազմակողմանի զգուշացումներու` Լիբանանը թիրախաւորելէ, Իսրայէլ երէկ դարձեալ հարուածեց հարաւային Լիբանանի, Պէյրութի Հարաւային արուարձաններու եւ Պաալպեքի շրջանները` պատճառելով մարդկային զոհեր եւ նիւթական ահաւոր կորուստներ: Արդարեւ, Եւրոպական մէկէ աւելի ազդեցիկ երկիրներու հրապարակած զգուշացումն ու անմիջական զինադուլ պահանջող հաղորդագրութիւնը չկրցաւ սանձել Իսրայէլի ախորժակները, ան այս անգամ հարուածեց նոյնիսկ «անձեռնմխելի» նկատուած Պէյրութի օդակայանի նախկին ճանապարհը` պատճառելով մէկ զոհ եւ մէկ վիրաւոր: Աւելի՛ն, Իսրայէլ...

Եւրոպական Միութիւնը Կը Հաստատէ,  Որ Հայաստան Խառնածին Արագ Արձագանգման  Խումբ Պիտի Ուղարկէ Ընտրութիւններուն Ընդառաջ

Եւրոպական Միութիւնը Կը Հաստատէ, Որ Հայաստան Խառնածին Արագ Արձագանգման Խումբ Պիտի Ուղարկէ Ընտրութիւններուն Ընդառաջ

Եւրոպական Միութիւնը Հայաստանի Հանրապետութիւն պիտի ուղարկէ խառնածին արագ արձագանգման խումբ` Ազգային ժողովի ընտրութիւններուն ընդառաջ սպառնալիքները դիմակայելու համար: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Եւրոպական Միութեան արտաքին գործոց ու անվտանգութեան քաղաքականութեան հարցերով բարձր ներկայացուցիչ Քայա Քալլաս: Ան նշած է, որ Եւրոպական Միութիւնը ատով ընդառաջէ Հայաստանի խնդրանքին: «Դրացնութեան ժողովրդավարական դիմադրողականութեան աջակցութիւնը կը մնայ կարեւոր: Մենք Հայաստանը մինակ պիտի...

Ակնարկ.  Խարք Կղզիէն Մինչեւ Լիթանի Գետ

Ակնարկ. Խարք Կղզիէն Մինչեւ Լիթանի Գետ

Միջինարեւելեան տարածաշրջանային պատերազմի բուն հանգոյցները սկսած են հետզհետէ աւելի տեսանելի դառնալ: Յայտնաբար 2 զինուորական առաջադրանք կայ. երկուքն ալ` ներխուժման տեսքով: Առաջինը` իրականանալի, ամերիկեան ուժերուն կողմէ, երկրորդը` իսրայէլեան: Առաջինին ուղղութիւնը իրանեան Խարք կղզին է, երկրորդը` հարաւային Լիբանանի մէջ, մինչեւ Լիթանի գետի տարածքը: Նախ կեդրոնանանք առաջինին վրայ: Խարքը Իրանի ուժանիւթային համակարգի կարեւորագոյն կեդրոն է եւ ռազմագիտական առումով անշրջանցելի դեր ունի Հորմուզի ջրանցքի...

«Հայաստան» Դաշինքի Վարչապետի  Թեկնածուն Ռոպերթ Քոչարեանն Է

«Հայաստան» Դաշինքի Վարչապետի Թեկնածուն Ռոպերթ Քոչարեանն Է

16 մարտին Կարէն Դեմիրճեանի անուան մարզահամերգային համալիրին մէջ տեղի ունեցաւ «Հայաստան» դաշինքի հանդիսաւոր ձեռնարկը, որուն ընթացքին յայտարարուեցաւ, որ յունիսին կայանալիք խորհրդարանական ընտրութիւններուն «Հայաստան» դաշինքի վարչապետի թեկնածուն նախկին նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանն է, իսկ կարգախօսը` «Միասին կարող ենք»: Քոչարեան ընտրութիւններուն կը մասնակցի Հայ Յեղափոխական դաշնակցութեան եւ «Առաջ» կուսակցութեան հետ միասին: Ձեռնարկին ընթացքին խօսք առաւ «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Աննա Գրիգորեան, որ շեշտեց, թէ...

Թրամփ. «Իրանի Պատերազմին  Վերջ Տալու Չեմ Պատրաստուիր»

Թրամփ. «Իրանի Պատերազմին Վերջ Տալու Չեմ Պատրաստուիր»

Իսրայէլեան բանակը հաղորդեց, որ երկուշաբթի գիշեր թիրախային հարուած հասցնելով` ոչնչացուցած է Թեհրանի Մեհրապատ օդակայանին մէջ գտնուող այն օդանաւը, որ կ՛օգտագործուէր Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետին կողմէ: «Օդանաւը կ՛օգտագործուէր իրանեան ահաբեկչական վարչակազմի գերագոյն հոգեւոր պետ Ալի Խամենէիի, այլ բարձրաստիճան պաշտօնատարներու եւ իրանցի զինուորականներու կողմէ` զինուորական գնումներ կատարելու, ինչպէս նաեւ ներքին ու միջազգային թռիչքներու միջոցով դիմադրութեան դաշնակից երկիրներու հետ համակարգումը ապահովելու նպատակով», գրուած...

Հարաւային Լիբանանի Մէջ Իսրայէլեան  Ցամաքային Ներխուժման Առընթեր.  Լիբանանի Նկատմամբ Միջազգային Զօրակցութեան Յաւելեալ Կեցուածքներ Կը Դրսեւորուին

Հարաւային Լիբանանի Մէջ Իսրայէլեան Ցամաքային Ներխուժման Առընթեր. Լիբանանի Նկատմամբ Միջազգային Զօրակցութեան Յաւելեալ Կեցուածքներ Կը Դրսեւորուին

Իրանի վրայ իսրայէլեան ու ամերիկեան յարձակումներու շարունակման կողքին եւ հակառակ Լիբանանի թիրախաւորման դատապարտումի ու զինադուլի գծով բանակցութեանց կոչերուն, Իսրայէլ անդրդուելիօրէն կը շարունակէ իր յարձակողական յառաջխաղացքը: Աւելի՛ն, Իսրայէլ նոյնիսկ հետաքրքրուած չէ Լիբանանի կողմէ Իսրայէլի պետութեան պաշտօնապէս ճանաչումի քայլով` յայտարարելով, թէ հիմնականը Իսրայէլի հիւսիսային բնակեցման վայրերը խաղաղ ձգելն է, իսկ եթէ խաղաղութեան պայմանագիր կնքուի, այդ ալ յաւելեալ դրական քայլ մը կ՛ըլլայ: Փաստօրէն,...

Պատուիրակութիւններ Շարունակեցին  Պուրճ Համուտի Քաղաքապետարան  Իրենց Այցելութիւնը

Պատուիրակութիւններ Շարունակեցին Պուրճ Համուտի Քաղաքապետարան Իրենց Այցելութիւնը

Ապահովական նորագոյն զարգացումներուն լոյսին տակ երէկ Պուրճ Համուտի քաղաքապետարան այցելեցին նոր պատուիրակութիւններ` իրենց զօրակցութիւնը յայտնելու քաղաքապետարանին: Այս ծիրին մէջ Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան երէկ իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան մէկ պատուիրակութիւնը, որուն մաս կը կազմէին կուսակցութեան փոխնախագահ Ղասսան Խուրի, նախկին երեսփոխան Էտի Մաալուֆ եւ շրջանին մէջ նշեալ կուսակցութեան կարգ մը պատասխանատուներ: Հանդիպումին ներկայ էին նաեւ ՀՅԴ...

Քաց. «Հակամարտութիւնը  Մուտք Կը Գործէ Վճռական Փուլ»

Քաց. «Հակամարտութիւնը Մուտք Կը Գործէ Վճռական Փուլ»

Մինչ Միջին Արեւելքի մէջ պատերազմը մուտք գործեց իր երրորդ շաբաթը, ամերիկեան «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ» օրաթերթը ամերիկացի երկու պաշտօնատարներ վկայակոչելով յայտնեց, որ ամերիկեան օդուժին պատկանող վառելանիւթի մատակարարման հինգ օդանաւեր Սէուտական Արաբիոյ օդուժի «Ամիր Սուլթան» ռազմակայանին մէջ հարուածի թիրախ դառնալով վնասուած են: Օդանաւերը վնասուած են, երբ վերջին օրերուն սէուտական ռազմակայանը Իրանի կողմէ հրթիռակոծուած է: Նշեալ օդանաւերը վնասուած են, սակայն ամբողջովին չեն ջախջախուած,...

Ֆիտան. «Նեթանիահուի Կառավարութեան` Լիբանանի Մէջ  Հըզպալլայի Դէմ Պայքարի Պատրուակով Կատարած  Ցեղային Մաքրագործման Փորձով Մտահոգ Ենք»

Ֆիտան. «Նեթանիահուի Կառավարութեան` Լիբանանի Մէջ Հըզպալլայի Դէմ Պայքարի Պատրուակով Կատարած Ցեղային Մաքրագործման Փորձով Մտահոգ Ենք»

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան յայտնեց. «Պատերազմը պէտք է կարելի եղածին չափ շուտ դադրի, եւ անհրաժեշտ է, որ կողմերը բանակցութեան սեղան վերադառնան»: «Հիմա պայմանները այնքան ալ նպաստաւոր չեն դիւանագիտութեան համար: Իրանցիները իրենք զիրենք դաւաճանուած կը զգան», ըսաւ նախարարը` աւելցնելով, որ երկիրը, բայց եւ այնպէս, դրական տրամադրուած է «ոչ պաշտօնական ուղիներով» որեւէ խելամիտ դիւանագիտութեան համար: «Մտահոգ ենք, որ այս զարգացումները...

Քրեմլին Ֆրանսացի Պատուիրակի Մը  Մոսկուա Այցելութիւնը Կը Բացայայտէ

Քրեմլին Ֆրանսացի Պատուիրակի Մը Մոսկուա Այցելութիւնը Կը Բացայայտէ

Քրեմլինի բանբեր Տմիթրի Փեսքով յայտնեց, որ ֆրանսացի պատուիրակ մը այցելած է Ռուսիա` «Ուքրանիոյ շուրջ երկխօսութեան» ծիրին մէջ: Փեսքով այս մասին յայտնեց բրիտանական «Ֆայնենշըլ Թայմզ» օրաթերթին: «Ան իրեն հետ որեւէ դրական ցուցանիշ չբերաւ», նշեց ան: Ռուսիոյ նախագահի բանբերը յայտնեց. «Եւրոպացիները չեն ուզեր խաղաղութեան հոլովոյթին աջակցիլ: Երբ ֆրանսացի պատուիրակը հասաւ, իրեն հետ որեւէ դրական ցուցանիշ չբերաւ, այդ պատճառով ալ ինք եւս որեւէ...

Իսրայէլեան Ներխուժման Վտանգին  Եւ Զարկերու Տարափին Տակ.  Զինադուլի Բանակցութեանց Հնգեակի  Գործուղման Սերտ Ճիգեր` Զանազան  Ուղղութիւններով

Իսրայէլեան Ներխուժման Վտանգին Եւ Զարկերու Տարափին Տակ. Զինադուլի Բանակցութեանց Հնգեակի Գործուղման Սերտ Ճիգեր` Զանազան Ուղղութիւններով

Շաբաթավերջին Լիբանանի մէջ շեշտակիօրէն շարունակուած պատերազմական գործողութիւնները եկան հաստատելու երկրին մէջ զարկերու շարունակման եւ բանակցութեանց մեկնարկին գծով տիրող շփոթ մթնոլորտը: Արդարեւ, զինադուլի շուրջ յանձին նախագահ Ժոզեֆ Աունի` Լիբանանի առաջադրած բանակցութեանց մեկնարկի ծրագիրին գծով հակասական կեցուածքներ դրսեւորուեցան պատկան, յատկապէս իսրայէլեան կողմերէն մերթ յայտնելով, թէ Իսրայէլ ներկայիս համաձայն չէ բանակցութեանց սեղանին նստելու, միւս կողմէ` իսրայէլեան աղբիւրներու համաձայն լիբանանեան թղթածրարը ստանձնած նախկին նախարար...

Page 37 of 795 1 … 36 37 38 … 795

Արխիւներ