Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լաւրով. «Հայաստանը Կը Փորձեն Ներքաշել Հակառուսական Սխալ Ճամբար` Ռուսիոյ Վնասելու Համար»

May 25, 2026
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանը կը փորձեն ներքաշել հակառուսական ճամբար` նպատակ ունենալով Ռուսիոյ կարելի եղածին չափ մեծ ցաւ պատճառել: «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով:

«Արեւմուտքը կը փորձէ պառակտել մեր դաշնակիցները` նախ եւ առաջ սկսելով մեր դրացիներէն, ինչպէս ատիկա ըրաւ Վրաստանի եւ Մոլտովայի հետ, ինչպէս հիմա ատիկա կ՛ընէ Ուքրանիոյ հետ, եւ ինչպէս հիմա կը փորձեն Հայաստանը ներքաշել նոյն սխալ տրամաբանութեան մէջ», ըսած է Լաւրով` Արտաքին եւ պաշտպանական քաղաքականութեան խորհուրդի վեհաժողովի ընթացքին:

Նախարարը ընդգծած է, որ այս ամէնը կը կատարուի միայն մէկ նպատակով, «Ռուսիոյ կարելի եղածին չափ մեծ ցաւ պատճառել, եթէ կ՛ուզէք` աւելի բարդացնել Ռուսիոյ` իբրեւ իսկապէս մեծ տէրութեան եւ քաղաքակրթութեան պահպանման ու ամրապնդման խնդիրը»:

Մետվետեւ. «Փաշինեանը Յամառօրէն Հայաստանը Եւրոպական Միութիւն Կը Ներքաշէ»

«ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ Անվտանգութեան խորհուրդի փոխնախագահ, «Ետինայա Ռոսիա» կուսակցութեան նախագահ Տմիթրի Մետվետեւ «Մաքս» հարթակին վրայ գրառում կատարելով յայտարարած է. «Ինչպէս յայտնի է, ան, որ կը փորձէ նստիլ երկու աթոռի միջեւ, ռիսքի կը դիմէ ցաւոտ էջք կատարելու նոյնինքն իր թուլացած հետոյքին վրայ: Ըստ ամենայնի, ճիշդ այս ալ մօտ ատենէն կը պատրաստուի ընել Նիկոլ անունով մարդուկ մը: Ան յամառօրէն պետութիւնը Եւրոպական Միութենէն ներս կը քաշէ` միեւնոյն ժամանակ ջանալով պահպանել ԵԱՏՄ-ին մասնակցութենէն ստացուող բոլոր օգուտները»:

Անոր համաձայն, Հայաստանի բնակչութիւնը պիտի վռնտէ Նիկոլ Փաշինեանը, եթէ Երեւան անցնի կազի եւրոպական գիներու:

«Եւ իրօք, չէ՞ որ բոլորին յստակ է, որ եւրոպական կազի գիներուն անցնելու պարագային երկրի բնակչութիւնը այս քեռին կեղտոտ ցնցոտիներով պիտի քշէ ուղղակի դէպի Փարիզ` իր սիրառատ ընկեր Մաքրոնի մօտ», գրած է Մետվետեւ:

Օվերչուք. «Ոչ Ոք Հայաստանը ԵԱՏՄ–էն Դուրս Կը Մղէ, Սակայն Պէտք Է Արագ Կողմնորոշուիլ»

Ռուսիոյ փոխվարչապետ Ալեքսէյ Օվերչուք յայտարարած է. «Շատ տարօրինակ, արտասովոր իրավիճակ է: Մենք կողմնակից ենք, որ Հայաստանը մնայ ԵԱՏՄ-ի մէջ, բարգաւաճի ու շարունակէ զարգանալ նոյն կշռոյթով, ինչպէս որ ըրած է վերջին տարիներուն, երբ ԵԱՏՄ-ի մէջ էր: Հայաստանի ղեկավարութիւնն ալ կը յայտարարէ, որ կ՛ուզէ կառոյցին մէջ մնալ:

«Ոչ ոք Հայաստանը ԵԱՏՄ-էն դուրս կը մղէ, պարզապէս իրենք ըսած են, որ կ՛ուզեն անդամակցիլ Եւրոպական Միութեան: Պէտք է կողմնորոշուիլ: Որքան շուտ ատիկա կատարուի, այնքան լաւ պիտի ըլլայ բոլորին համար:

Ան նաեւ պնդած է, թէ այն փաստը, որ Հայաստանի վարչապետը պիտի չմասնակցի այս ամսուան վերջաւորութեան Ասթանայի մէջ տեղի ունենալիք ԵԱՏՄ-ի վեհաժողովին, կը կը վկայէ անոր առաջնահերթութիւններուն մասին: «Ակնյայտ է, որ այս հարցերը պիտի բարձրացուին եւ քննարկուին այդ հանդիպումի ժամանակ», ըսած է ան:

«Եթէ Փաշինեանը հեռակայ կարգով միանայ` աւելի լաւ պիտի ըլլայ, քան եթէ ընդհանրապէս չերեւնայ», ըսած է Ռուսիոյ փոխվարչապետը:

Նշենք, որ Ռուսիոյ սպառողներու պաշտպանութեան պետական մարմինը` «Ռոսփոթրեպնատզոր»-ը յայտարարած է, թէ Հայաստանի մէջ արտադրուող անորակ ոգելից ըմպելիներ յայտնաբերած է, եւ Ռուսիոյ մէջ անոնց վաճառքը կասեցուած է:

Ըստ կառոյցին, պարտադիր պահանջներուն չեն համապատասխանած «ՎԵՏԻ-ԱԼՔՕ»-ի, «Աբովեանի քոնիաքի գործարան»-ի եւ «Շահնազարեան» գինիի եւ քոնիաքի տան արտադրանքը:

Նախքան այդ, «Ռոսփոթրեպնատզոր»-ը յայտնեց, որ ժամանակաւորապէս կասեցուցած է հայկական «Ջերմուկ» հանքային ջուրի բոլոր քանակներու ներածումն ու վաճառքը` անոնց մէջ որոշ նիւթերու արժեչափէն բարձր պարունակութեան պատճառով:

Կառոյցը նաեւ ժամանակաւորապէս սահմանափակած է Հայաստանէն ծաղիկներու Ռուսիա ներածումը:

 

 

 

 

 

Նախորդը

Քոչարեանը Կրկին Պնդեց, Թէ Իշխանութիւնը Կը Փճացնէ Յարաբերութիւնները Դաշնակիցի Հետ

Յաջորդը

Ըստ Ազրպէյճանցի Պաշտօնատարի Մը. Զանգեզուրի Միջանցք-ի Իրագործումը Կը Շարունակուի

RelatedPosts

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում  Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս  Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»

October 26, 2026
Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք  Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»
Գլխաւոր լուրեր

Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»

October 26, 2026
Թրիփոլի Այցելելով.  Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով,  Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի,  Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի  Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրիփոլի Այցելելով. Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով, Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի, Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.