Ակնարկ. Քառեակին Առաքելութիւնը
Միացեալ Նահանգներ - Իրան թէական համաձայնութեան մասին ամերիկեան յայտարարութիւնները կը շարունակուին: Նախագահ Թրամփ նոյնիսկ հրապարակուած ժամկէտէն առաջ հաւանական կը նկատէ գործարքը: Առընթեր կ՛արծարծուին միջազգային ներգրաւուածութեան եւ Հորմուզի նեղուցի օգտագործման նոր ձեւաչափերու եւ դրոյթներու մասին նախագիծեր: Իրանեան կողմը նոյն խանդավառութիւնը չի ցուցաբերեր անշուշտ եւ կը պահանջէ երաշխիքներ կրակի դադրեցումին համար, կառչած կը մնայ նեղուցի օգտագործումը թշնամի պետութիւններուն չարտօնելու սկզբունքին: Ընդհանուր այս...




















