Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական. Հաւատարիմ` Հանրապետութեան Զինանշանի Խորհուրդին (Անկախութեան Տօնի 108-Ամեակ)

May 27, 2026
| Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի Հանրապետութեան զինանշանին ամփոփած խորհուրդները այսօր այժմէական նշանակութիւն կը ստանան եւ յստակ ուղերձներ կը յղեն: Զինանշանով պատկերուած խորհրդանշաններէն կեդրոնանանք վահանի կեդրոնը ամփոփուած Արարատ լերան եւ Նոյեան տապանին վրայ, որոնք  հայ ժողովուրդի հայրենիքին եւ յարատեւութեան խորհրդանիշն են: Տապանը` մարդկութեան վերածնունդի ու քրիստոնէական աւանդութեան նշանը: Վահանի չորս բաժինները կը ներկայացնեն Հայոց պատմութեան  չորս թագաւորական տոհմերը:

Ա. հանրապետութեան օրով ընդունուած այս զինանշանը վերահաստատուեցաւ որոշ գեղագիտական վերաձեւաւորումով, վերանկախացման առիթով:

Պատահական չէր, որ դրօշակը, զինանշանն ու քայլերգը, որոնք ամրագրուած էին առաջին հանրապետութեամբ, վերահաստատուեցան, եւ աւելի՛ն, սահմանադրութեամբ ամրագրուեցան: Նպատակը ներառած էր Ա. հանրապետութեան իրաւաժառանգորդութեան առաջադրանքը: Այս երեք խորհուրդները ամրագրուած են սահմանադրութեամբ:

Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանադրութեան  21-րդ յօդուածի երկրորդ  կէտը կ՛արձանագրէ.

«Հայաստանի Հանրապետութեան զինանշանն է. կենտրոնում` վահանի վրայ, պատկերուած են Արարատ լեռը` Նոյեան տապանով, եւ պատմական Հայաստանի չորս թագաւորութիւնների զինանշանները: Վահանը պահում են` արծիւը եւ առիւծը, իսկ վահանից ներքեւ պատկերուած են սուր, ճիւղ, հասկերի խուրձ, շղթայ եւ ժապաւէն»:

Իսկ սահմանադրութեան նախաբանով յղում ստացած Անկախութեան հռչակագիրը բաժին ունի Ա. հանրապետութեան վերաբերող` «… զարգացնելով 1918 թուականի մայիսի 28-ին ստեղծուած անկախ Հայաստանի Հանրապետութեան ժողովրդավարական աւանդոյթները…»: Զարգացնելը յստակ է, որ պատմականօրէն վաստակուած ժառանգութեան մը տէր կանգնելու եւ անոր հիման վրայ զարգանալու սկզբունքն է, որ կը շեշտէ:

Փաստացի այս հանգամանքները նկատի ունենալով` Արարատի խորհրդանիշի շուրջ ստեղծուած վէճին, արհեստական ըլլալէ աւելի, հակասահմանադրական կը նկատուին Արարատի մասին թէ «իրական Հայաստան»-ի ապագաղափարախօսութեան բոլոր պաշտօնական յայտարարութիւնները: Հանրապետութեան զինանշանով եւ սահմանադրութեամբ  Արարատը խորհրդանիշ է, իսկ պատմական  Հայաստանը` սահմանադրութեան մէջ ամրագրուած բնօրրան-տարածք:

Նիւթերու հաւաքածոյ կրնան կազմել, ուրեմն, բարձրագոյն դիրքերէ պատմական Հայաստանին թէ Արարատին  կամ անոնցմով խորհրդանշուող մեր պատմութեան եւ ակունքներուն նկատմամբ կատարուած հակասահմանադրական յայտարարութիւնները: Խնդիրը իրաւական պետութեան անգործունեայ վիճակն է, աւելի ճիշդը` Սահմանադրական դատարանի  չկայացումը` իբրեւ անկախ հաստատութիւն:

Սահմանադրութիւն փոխելու տարազին տակ չէ բացառուած, որ Անկախութեան հռչակագիրին յղուող բաժինի վերացումէն բացի, դուրս գայ նաեւ զինանշանին հետ առնչուած խորհուրդներու բացատրութիւնը:

Զինանշանը վահան է թէ՛ այսօրուան Հայաստանին եւ թէ՛ կերտելի Հայաստանին նկատմամբ մեր բոլոր իրաւունքներէն  չհրաժարելու սկզբունքներուն: Զինանշանը թէ՛ Արագածն է եւ թէ՛ Արարատը: Թէ՛ մեր պատմութիւնն է եւ թէ՛ ներկան: Թէ՛ առաջին եւ թէ՛ ներկայ հանրապետութիւնը: Այսօր անիկա դուրս կու գայ իր խորհրդանշական տարազէն եւ կը ստանայ իրաւական, քաղաքական նշանակութիւն` սահմանադրականութի՛ւն:

Նախորդը

28 Մայիս 1918-ն Իրական Անկախութեան Հիմնաքարն Է

Յաջորդը

Յայտարարութիւններ ( Մայիս 27 2026)

RelatedPosts

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում  Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս  Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»

October 26, 2026
Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք  Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»
Գլխաւոր լուրեր

Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»

October 26, 2026
Թրիփոլի Այցելելով.  Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով,  Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի,  Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի  Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրիփոլի Այցելելով. Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով, Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի, Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.