Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հաղորդագրութիւն ՀՅԴ Մամլոյ Խորհրդաժողովի

Հոկտեմբեր 20, 2021
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

17-18 հոկտեմբեր 2021-ին, Երեւանի «Արամ Մանուկեան» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՅԴ մամլոյ խորհրդաժողովը: Խորհրդաժողովին կը մասնակցէին ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը եւ անդամներ, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամներ, ՀՅԴ Մամլոյ դիւանն ու հանրային կապերու եւ քարոզչական գրասենեակի անձնակազմերը, ՀՅԴ աշխարհատարած կառոյցի մամուլի խմբագիրները եւ շրջաններու հանրային կապերու պատասխանատուները, ընկերային ցանցերու մասնագէտներ:

Տրուած ըլլալով, որ խորհրդաժողովը տեղի կ’ունենար արցախեան 44-օրեայ պատերազմէն ետք, բնականաբար, իբրեւ համահայկական հրատապ օրակարգ, պատերազմի ընթացքին հայկական տեղեկատուութեան արժեւորումը եւ արձանագրած բացթողումները արժանացան համապատասխան քննարկումի:

Խորհրդաժողովի օրակարգին մաս կը կազմէին ՀՅԴ Մամլոյ դիւանի կազմած ռազմավարութեան եւ մարտավարութեան նախագիծի քննարկումը, ազգային-պետական արժէքներու եւ գաղափարներու քարոզչութիւնը եւ առկայ խնդիրներն ու մարտահրաւէրները, Դաշնակցութեան քարոզչութեան ընդհանուր ուղղութիւնները, ՀՅԴ մամուլի բովանդակութեան եւ թեքնիք հիմնախնդիրները, ինչպէս նաեւ ՀՅԴ մամուլի աշխատանքներու համադրումը:

Խորհրդաժողովը հաստատեց.

1.- Դաշնակցութեան մամուլը պիտի շարունակէ ազգային ազատագրական պայքարի եւ ընկերվարական գաղափարախօսութեան հունաւորման եւ ժողովրդականացման իր կենսական առաքելութիւնը:

2.- Դաշնակցութեան մամուլը Արցախի ներկայ կացութիւնը եւ դիմագրաւած մարտահրաւէրները կը շարունակէ պահել իր կիզակէտին` հետամուտ ըլլալով անոնց համապատասխան արձագանգին` ներազգային ու միջազգային հարթակներու վրայ:

3.- Դաշնակցութեան մամուլը պիտի մնայ ջատագովը ազգային արժէքներու եւ ազգային միասնականութեան: Հայաստանի ու հայութեան սպառնացող բոլոր վտանգները կը մնան համահայկական օրակարգ, առ այդ` պէտք է մղել Հայաստանի իշխանութիւնները վեր բարձրանալու ազգը պառակտող վարքագիծէ: Հայութեան միասնականութեան հարցը անսակարկելի անհրաժեշտութիւն է:

4.- Դաշնակցութեան մամուլը լայն զանգուածներուն առաւել հասանելի դարձնելու համար, պէտք է յաւելեալ զարկ տալ արդի արհեստագիտական հաղորդակցական միջոցներուն եւ ընկերային ցանցերուն:

5.- Դաշնակցութեան մամուլին մէջ քաջալերել Դաշնակցութեան քաղաքական միտքի զարգացումը եւ կառուցողական բանավէճը` նախանձախնդիր մօտեցում ցուցաբերելով դաշնակցական կեցուածքի օրինակելի դրսեւորման նկատմամբ, շարունակելով հեռու մնալ կարգ մը լրատուամիջոցներու եւ ընդհանրապէս ընկերային ցանցերու վրայ տեղ գտած անպատշաճ արտայայտութիւններէ եւ հակազդեցութիւններէ:

6.- Նկատի ուենալով պատերազմի ընթացքին հայկական լրատուադաշտի պարզած անհամարժէք ու անկազմակերպ իրողութիւնը, ժողովը անհրաժեշտ նկատեց մշակել ճգնաժամային իրավիճակի համարժէք քարոզչական մեքանիզմ: Ժողովը հաստատեց, որ տեղեկատուական պատերազմը չէ աւարտած եւ հայութիւնը պէտք է ծաւալէ կազմակերպուած աշխատանք եւ միջազգային տեղեկատուական դաշտին վրայ ունենայ գործօն ներկայութիւն:

7.- Մամուլի բնագաւառին մէջ մարդուժի պատրաստութիւնը եւ երիտասարդ սերունդին ներգրաւումը պէտք է դարձնել ուշադրութեան առանցք: Այս ծիրին մէջ շեշտը դրուեցաւ նաեւ արդի արհեստագիտական կարելիութիւններու օգտագործման համար քարոզչական համակարգը յաւելեալ մասնագէտ անձնակազմով օժտելու անհրաժեշտութեան վրայ:

8.-Խորհրդաժողովը հաստատեց.

ա.- Մեկնելով հայութեան ու Հայաստանի առջեւ ծառացած հիմնական մարտահրաւէրներէն` Դաշնակցութեան մամուլը վճռականօրէն պիտի հետապնդէ Արցախի հիմնահարցի հայանպաստ լուծման, ինչպէս նաեւ Հայաստանի պետականութեան, ինքնիշխանութեան եւ անվտանգութեան սպառնացող վտանգներու յաղթահարման քարոզչական իր առաքելութիւնը:

բ.- Սփիւռքի առջեւ ծառացած մարտահրաւէրները, մասնաւորապէս Միջին Արեւելքի դիմագրաւած ներկայ տագնապը, կը մնան Դաշնակցութեան մամուլի մշտական ուշադրութեան տակ:

ՀՅԴ ՄԱՄԼՈՅ ԽՈՐՀՐԴԱԺՈՂՈՎ

Երեւան. 18 հոկտեմբեր 2021

 

Նախորդը

ՀՅԴ Բիւրոյի Ներկայացուցիչը Հանդիպում Ունեցած Է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Նորընտիր Կաթողիկոս Պատրիարքին Հետ

Յաջորդը

Ռազմագերիներու Վերադարձ. Ազրպէյճանէն Հայաստան Վերադարձան 5 Հայ Ռազմագերիներ

RelatedPosts

Ակնարկ.  Անկարգապահ Տարրեր Կամ Պետութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Անկարգապահ Տարրեր Կամ Պետութիւններ

Հոկտեմբեր 22, 2025
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարան Եւ «Ճինիշեան» Յիշատակի Հիմնադրամ
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարան Եւ «Ճինիշեան» Յիշատակի Հիմնադրամ

Հոկտեմբեր 22, 2025
Վարդան Ղուկասեան Կալանաւորուեցաւ, Համայնքի Ղեկավարի Լիազօրութիւնները Կասեցուեցան
Գլխաւոր լուրեր

Վարդան Ղուկասեան Կալանաւորուեցաւ, Համայնքի Ղեկավարի Լիազօրութիւնները Կասեցուեցան

Հոկտեմբեր 22, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?