Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տեղական Ինքնակառավարման Մարմիններու Ընտրութիւններ` Հայաստանի 6 Համայնքներու Մէջ

October 19, 2021
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կիրակի, 17 հոկտեմբերին տեղի ունեցան տեղական ինքնակառավարման մարմիններու համամասնական ընտրակարգով հերթական ընտրութիւններ Շիրակի, Սիւնիքի եւ Տաւուշի մարզերու 6 համայնքներու մէջ, իսկ Արագածոտնի, Արմաւիրի եւ Լոռիի մարզերու 3 համայնքներու մէջ` մեծամասնական ընտրակարգով:

Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբը ամփոփեց ընտրութիւններու նախնական արդիւնքները, որոնք հետեւեալ պատկերը կը պարզեն.

Գորիս. «Առուշ Առուշանեան» դաշինք` 6269 քուէ, «Հայ ազգային քոնկրես» կուսակցութիւն` 282, «Քաղաքացիական պայմանագիր»` 3568:

Գիւմրի. «Հայրաքաղաք» դաշինք` 1162 քուէ, «Արժանապատիւ ուղի» կուսակցութիւն` 388, Հայաստանի հանրապետական կուսակցութիւն` 1333, «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութիւն` 7785, «Զարթօնք» ազգային քրիստոնէական կուսակցութիւն` 2793,  Հայաստանի համայնավար կուսակցութիւն` 260, «Գիւմրին կրնայ» դաշինք` 904, «Բալասանեան դաշինք» կուսակցութիւն` 9637, «Թասիբով» դաշինք` 586, «Ապրելու երկիր» կուսակցութիւն` 1489:

Տաթեւ. «Ապրելու երկիր» կուսակցութիւն` 337 քուէ, «Շանթ» դաշինք` 949, «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութիւն` 1280:

Տեղ. «Ապրելու երկիր» կուսակցութիւն` 806 քուէ, «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութիւն` 1501: Դիլիջան. «Ապրելու երկիր» կուսակցութիւն` 1927 քուէ, «Հայրենիք» կուսակցութիւն` 219, «Հանրապետութիւն» կուսակցութիւն` 514,  «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութիւն` 4591, «Քաղաքացու որոշում» կուսակցութիւն` 605:

Մեղրի. «Ազատական» կուսակցութիւն` 716 քուէ, «Ապրելու երկիր» կուսակցութիւն` 487, «Հանրապետութիւն» կուսակցութիւն` 2133, «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութիւն` 1637:

Ըստ նախնական տուեալներուն, ընտրութիւններուն մասնակցեցան քուէարկելու իրաւունք ունեցող 166 հազար 753 քաղաքացիներէն 55 հազար 410-ը կամ` 33,23 առ հարիւրը:  Ընտրողները աւելի աշխուժ եղած են Սիւնիքի մարզի Տաթեւ, Տեղ, Մեղրի եւ Գորիս համայնքներուն մէջ: Ամէնէն քիչ մասնակցութիւնը արձանագրուեցաւ Գիւմրիի մէջ` 24,14 առ հարիւր:

Յատկանշական է, որ Գորիսի մէջ քուէներու բացարձակ առաւելութեամբ` ստանալով 6269 քուէ կամ ընտրողներու ձայներուն 60,28 առ հարիւրը, վերընտրուեցաւ քաղաքապետ Առուշ Առուշանեան, որ կը գտնուի բանտը, իսկ մինչեւ անոր ազատ արձակումը քաղաքապետի պարտականութիւնները ժամանակաւորապէս կը կատարէ փոխքաղաքապետ Մենուա Յովսէփեան:  «Առուշ Առուշանեան» դաշինքի հիմնական մրցակիցն էր «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութիւնը, որուն օգտին քուէարկեց 3568 հոգի կամ` 34.3 առ հարիւր:

Մ. Յովսէփեան դիտել տուաւ, որ ժողովուրդը ընտրեց Առուշ Առուշանեանը, որովհետեւ ականատես եղաւ Գորիսի մէջ տարուած մեծածաւալ աշխատանքներուն: Փոխքաղաքապետը վստահեցուց, որ Առուշ Առուշանեանի որդեգրած քաղաքականութիւնը իրենք պիտի շարունակեն մինչեւ վերջ: «Պիտի պայքարինք արդարութեան եւ ճշմարտութեան համար», շեշտեց ան:

Նախորդը

Երեւանի Մէջ Տեղի Ունեցաւ ՀՅԴ Մամլոյ Խորհրդաժողովը

Յաջորդը

Լաւրով Կարմիր Խաչի Միջազգային Կոմիտէի Նախագահին Հետ Քննարկած Է Արցախի Հարցը

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.