Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գեղամ Մանուկեան. «Անոնք Անցած Են Կարմիր Գիծերը»

October 27, 2021
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Ազգային ժողովի ամպիոնը չըլլայ, 100 հատ հրապարակ կայ: 30 տարի մեզ չեն կրցած լռեցնել, հիմա ալ չեն կրնար լռեցնել», Ազգային ժողովին մէջ լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսաւ ՀՅԴ անդամ, «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Գեղամ Մանուկեան:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք նման վերաբերմունք մը միայն «դաւաճան» բառին հե՞տ կապուած էր, Գեղամ Մանուկեան ըսաւ, թէ որեւէ բառ, որուն համար ինքը պատասխանատու է, չեն կրնար թոյլ չտալ, որ Ազգային ժողովի ամպիոնէն ըսէ:

Նշենք, որ երէկ Հայաստանի Ազգային ժողովի անվտանգութեան աշխատակիցները Ազգային ժողովի փոխնախագահ Ռուբէն Ռուբինեանին հրահանգով ամպիոնէն հեռացուցին  պատգամաւոր Գեղամ Մանուկեանը: Խորհրդարանի ամպիոնէն ան կրկին յայտարարեց, որ Արցախը ուրացողը դաւաճան է:

«Անցնող 3 ամիսներուն Փաշինեանի երեսին ալ ըսած եմ` հողատու ես, դաւաճան ես, պիտի շարունակեմ ըսել, որովհետեւ ասիկա համոզում է: Անոնք կարմիր գիծերը անցած են, հայրենիքի անվտանգութեան, մեր ժողովուրդի միասնականութեան, արցախահայութեան իրաւունքներու կարմիր գիծերը անցած են», ըսաւ Գ. Մանուկեան:

Ըստ Մանուկեանի, իրերը իրենց անունով պէտք է կոչել, եւ ինք այդպէս ալ ըրաւ, Արցախը ուրանալը կոչեց դաւաճանութիւն, քանի որ Հայաստանի մէջ բազմաթիւ կուսակցութիւններ փոխած Վիգէն Խաչատրեանը օրերս ինքն իրեն թոյլ տուած էր ըսել, որ «Հայաստանի ապագան պայմանաւորուած է Արցախով» ձեւակերպումը սխալ է:

«Երեւի Ռուբէն Ռուբինեանը չհաւնեցաւ, որ Ազգային ժողովի ամպիոնէն Արցախ պաշտպանող պէտք է ըլլայ: Վիգէն Խաչատրեանը ինքնաբերաբար ուրացած է Արցախը, արցախեան հարցը, որուն պարագային ոեւէ խելամիտ մարդ, այդ կարգին ես եւ  տարեկիցներս, որոնք 30 տարի առաջ, ի տարբերութիւն խաչատրեանվիգէններու, կանգնած են Ազատութեան հրապարակին վրայ, պայքարած են Արցախի համար: Ռուբէն Ռուբինեանը այդպիսով նաեւ ուրացաւ իր հօր` Կարապետ Ռուբինեանի պայքարը, որ արցախեան շարժման առաջին օրերէն եղած է պայքարին մէջ», ըսաւ Մանուկեան:

 

 

Նախորդը

ՀՅԴ Հայ Դատի Կեդրոնական Գրասենեակի Յայտարարութիւնը` Օտարերկրեայ Որոշ Գործիչներու Հակահայ Յայտարարութիւններու Վերաբերեալ

Յաջորդը

Նախագահ Արմէն Սարգսեան Պատմական Այցելութիւն Կատարած Է Սէուտական Արաբիա

RelatedPosts

Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակի Հերթական Առցանց Նիստ
Գաղութային

«Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակ»ի հերթական առցանց նիստ

February 2, 2026
Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ

February 2, 2026
Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.