Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արմէն Գրիգորեան. «Հայաստանը Պատրաստ Է Ազրպէյճանի Հետ Սահմանագծման Ու Սահմանազատման Հոլովոյթին»

October 30, 2021
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի կառավարութեան (28 հոկտեմբերի) նիստէն ետք, լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան հաստատեց, որ Հայաստան պատրաստ է Ազրպէյճանի հետ սահմանագծման եւ սահմանազատման հոլովոյթին: Ան դիտել տուաւ, որ ասոր կարեւոր մօտեցումներէն է Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի զօրքերու ետ քաշուիլն ու համապատասխան տարածքներուն մէջ երկու երկիրներու սահմանապահ զօրքերու տեղակայումը:

«Մենք յայտարարած ենք, որ պատրաստ ենք սահմանազատման եւ սահմանագծման հոլովոյթի սկսելու, այդ բաժինով կը սպասենք դրական ազդակի Ազրպէյճանէն», յայտնեց Գրիգորեան` նկատել տալով, որ Ազրպէյճան այդ մասին ՄԱԿ-ի մէջ յայտարարեց, սակայն հոլովոյթը չէ սկսած:

Միաժամանակ, ան նշեց, որ Խորհրդային Միութեան տարիներուն առաջին սահմանագծումը 1920-ականներուն սկսած է` 1926-27-ին, որ աւարտած է 1929-ին, իսկ հետագային ձեւաւորուած քարտէսներուն հիմքը եղած է ինքնին այդ թուականներու քարտէսը: Ըստ Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղարին` քարտէսները, որոնք պէտք է հիմք ծառայեն բանակցութիւններուն, քննարկուած են աշխատանքային խումբին մէջ:

«Ընդհանուր առմամբ մեր ընկալումով մօտեցումը այնպիսին է, որ Ռուսիոյ խաղաղապահ ուժերը պիտի մնան աւելի երկար», ըսաւ Արմէն Գրիգորեան` անդրադառնալով խաղաղապահներուն` Արցախի մէջ մնալու ժամկէտներուն:

Գրիգորեան նաեւ դիտել տուաւ, որ Հայաստան Ռուսիոյ հետ կը քննարկէ այն, թէ ինչպէ՛ս կարելի է յառաջ շարժիլ հայ-թրքական յարաբերութիւններու լուծման հոլովոյթին մէջ: «Կը կարծեմ, որ աւելի արդիւնաւէտ կ՛ըլլայ, որ սկսինք այդ աշխատանքները, որովհետեւ ե՛ւ մենք, ե՛ւ թրքական կողմը նշած ենք, որ կան դրական ազդակներ, եւ կրնանք սկսիլ յարաբերութիւններու կարգաւորումին»:

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Ազգային ժողով-կառավարութիւն հարցում-պատասխանի օրակարգին ընթացքին ըսած է, որ նախորդ տարուան դեկտեմբերին իր պատասխանատուութեամբ որոշուած է, որ հայկական զօրքերը պէտք է ետ քաշուին Սիւնիքէն: Արմէն Գրիգորեան դիտել տուաւ, որ Սիւնիքի մէջ զօրքերը ետ քաշելու որոշումը հիմնաւոր եղած է:

Արմէն Գրիգորեան դիտել տուաւ, որ այդ հարցով Անվտանգութեան խորհուրդի առանձին նիստ չէ գումարուած, բայց որոշումը քննարկումներու հիմամբ տրուած է:

 

 

 

Նախորդը

Սէուտական Արաբիան Վտարեց Ռիատի Մէջ Լիբանանի Դեսպանը

Յաջորդը

Արծուիկ Մինասեան. «Ոչ Միայն Միջազգային Յանցագործութիւն Տեղի Ունեցած Է Հայաստանի Եւ Արցախի Նկատմամբ, Այլ Նաեւ Արցախի Տարածքը Բռնագրաւուած Է»

RelatedPosts

Ակնարկ.  Թեհրանի Ընտրած Պահը`  Շեշտակի Զգուշացնելու
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Թեհրանի Ընտրած Պահը` Շեշտակի Զգուշացնելու

November 7, 2026
Վելայաթի Կը Զգուշացնէ Հայաստանը
Գլխաւոր լուրեր

Վելայաթի Կը Զգուշացնէ Հայաստանը

November 7, 2026
Փանքին. «Հայաստան Յաջորդ Շաբաթ Կրնայ  Զրկուիլ ՀԱՊԿ-ի Մէջ Քուէարկելու Իրաւունքէն»
Հայկական

Փանքին. «Հայաստան Յաջորդ Շաբաթ Կրնայ Զրկուիլ ՀԱՊԿ-ի Մէջ Քուէարկելու Իրաւունքէն»

November 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.