Իշխան Սաղաթէլեան. «Սենեկային Ընդդիմութիւն Չենք, Եւ Յառաջիկային Պիտի Ունենանք Մեծ Հանրահաւաք»
«Մենք մեր անցեալով եւ գործունէութեամբ ցոյց տուած ենք, որ սենեկային ընդդիմութիւն չենք եւ քննարկումներով պիտի չբաւարարուինք, բայց այս ամբողջ գործընթացը պէտք է հասունցնենք, եւ յառաջիկային մենք պիտի ունենանք մեծ հանրահաւաք», ըսաւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ, Ազգային ժողովի փոխնախագահ Իշխան Սաղաթէլեանը «Հայաստան» դաշինքի կազմակերպած` «Հայաստանին եւ Արցախին սպառնացող վտանգներն ու անոնց յաղթահարման ուղիները» կլոր սեղան-քննարկումի ժամանակ պատասխանելով լրագրողներու հարցումին դիմադրութեան...



















