Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ռուսիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւն. «Մոսկուայի Մէջ Տեղի Ունեցաւ «3+3» Խորհրդատուական Շրջանային Հարթակի Առաջին Հանդիպումը»

December 11, 2021
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

«10 դեկտեմբերին Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցած է «3+3» խորհրդատուական շրջանային հարթակի առաջին հանդիպումը` Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Ա. Ռուտենքոյի, Ազրպէյճանի արտաքին գործոց փոխնախարար Ա. Խալաֆովի, Հայաստանի արտաքին գործոց փոխնախարար Վ. Գէորգեանի, Թուրքիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Ս. Էօնալի, ինչպէս նաեւ Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան ընդհանուր տնօրէն Ա. Հակիկեանի մասնակցութեամբ: Վրաստանի ներկայացուցիչները, որոնք նոյնպէս հրաւիրուած էին, ձեռնպահ մնացած են հանդիպումին մասնակցելէ», յայտնեց Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը:

Կը նշուի, որ հանդիպման ընթացքին քննարկուած են շրջանային բազմակողմանի համագործակցութեան զարգացման հեռանկարները: Համաձայնութիւն գոյացած է հարթակի աշխատանքը կեդրոնացնել ատոր բոլոր մասնակիցները հետաքրքրող գործնական հարցերու վրայ: Անոնք կը ներառեն վստահութեան բարձրացման, առեւտուրի, տնտեսական, փոխադրամիջոցային, մշակութային եւ մարդասիրական ոլորտներու մէջ փոխադարձ գործակցութեան, ինչպէս նաեւ ընդհանուր մարտահրաւէրներուն եւ սպառնալիքներուն դիմակայելուն ուղղուած քայլեր:

Ըստ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան, հինգ երկիրներու ներկայացուցիչները ցանկութիւն յայտնած են Վրաստանի` հարթակի աշխատանքներուն միանալուն. Վրաստանի համար «դուռը» բաց կը մնայ:

Համապատասխան նախարարութիւններու եւ գերատեսչութիւններու հաւանական ներգրաւումով քննարկուած են հետագայ քայլերն ու ապագայ աշխատանքային ծրագիրները:

«ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը, յղում կատարելով Ռուսիոյ մէջ Իրանի դեսպանատան, հաղորդեց, որ իրանի ներկայացուցիչ «Հակիկեանը իր խօսքի ընթացքին յայտնած է, որ Իրան կը զօրակցի ձեւաչափին, որովհետեւ անիկա կը տեղաւորուի Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան քաղաքականութեան ծիրին մէջ, եւ վստահ է, որ շրջանի երկիրներուն միջեւ խնդիրները, մարտահրաւէրները եւ հակասութիւնները անհրաժեշտ է լուծել շրջանային պետութիւններու ջանքերով»:

 

 

Նախորդը

Պատգամաւորներ Արմէն Չարչեան, Մխիթար Զաքարեան Եւ Արթուր Սարգսեան Ազատ Արձակուեցան

Յաջորդը

Արցախի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի Խմբակցութիւններու Յայտարարութիւն

RelatedPosts

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Հետ  Զրոյց-Հանդիպում Լիբանանի Ազգային Առաջնորդարանին Մէջ
Գաղութային

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Հետ Զրոյց-Հանդիպում Լիբանանի Ազգային Առաջնորդարանին Մէջ

October 30, 2026
Ազգային Ժողովին Մէջ Բուռն Ծեծկռտուք`  Իշխանական Եւ Ընդդիմադիր  Պատգամաւորներու Միջեւ
Գլխաւոր լուրեր

Ազգային Ժողովին Մէջ Բուռն Ծեծկռտուք` Իշխանական Եւ Ընդդիմադիր Պատգամաւորներու Միջեւ

October 30, 2026
Լեւոն Մնացականեան Պաքուի Դատարանին Մէջ Հերքած Է Ազրպէյճանցիի Մեղադրանքը
Հայկական

Ըստ Հայաստանի Իշխանութիւններուն Գերիներու Հարցի Լուծման Ուղին Կ՛անցնի Ազրպէյճանի Հետ Երկխօսութեան Ընդմէջէն

October 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.