Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն շնորհակալութիւն յայտնեց ֆրանսացի դիւանագէտներուն եւ զինուորներուն, որոնք մասնակից եղած են Ազրպէյճանէն հայ 8 գերիներու հայրենիք վերադարձման գործողութիւններուն:
Մաքրոն «Թուիթըր»-ի իր էջին վրայ գրեց. «Ձերբակալուած ութ հայեր ազատ արձակուած են Ազրպէյճանի կողմէ եւ Պաքուէն տեղափոխուած Երեւան: Անոնք պիտի վերադառնան իրենց ընտանիքներուն, որոնցմէ քանի մը ամիս է` բաժնուած էին», գրած է ան:
Մաքրոն հրապարակեց նաեւ լուսանկարը ֆրանսական ռազմափոխադրական օդանաւին, որով հայ գերիները վերադարձած են հայրենիք:
Մաքրոն մէկ այլ գրառումի մէջ նշեց. «Ձերբակալուածներու ազատ արձակում, անհետ կորսուածներու որոնումին մէջ միացեալ ջանքեր, երկաթուղիներու վերանորոգման համար ապագայ աշխատանքներ` դեկտեմբերին Պրիւքսելի մէջ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի հետ մեր հանդիպումէն ետք յառաջընթացները այստեղ են: Կը շարունակենք (ընթանալ) դէպի խաղաղեցում եւ վստահութիւն»:


