ՀՅԴ Բիւրոյի Անդամ Յակոբ Բագրատունիի Աշխատանքային Այցելութիւնը Մոսկուա
23-27 ապրիլ Ռուսիոյ հայերու միութեան հրաւէրով աշխատանքային այցելութեամբ Մոսկուա կը գտնուէր Լիբանանի ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Միջին Արեւելքի պատասխանատու եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի: Այցելութեան շրջագիծին մէջ Բագրատունի մասնակցեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յուշաքարի պսակադրութեան արարողութեան, որմէ ետք իբրեւ յատուկ հիւր` բանախօսութեամբ եւ յատուկ ուղերձով հանդէս եկաւ Մոսկուայի «Փրեզիտենթ հոթել»-ին մէջ կազմակերպուած միջազգային համաժողովին, որուն կը մասնակցէին Ռուսիոյ Դաշնութեան պետական...




















