Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Փորձառութիւններ Եւ Փորձառականութիւն

June 25, 2026
| Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ուաշինկթընեան բանակցութիւնները զուիցերիականին հետ առնչելու կամ չառնչելու խօսոյթը կը բխի գերիշխան իրաւունքը պահելու սկզբունքէն: Այս մէկը սակայն առանցքային նշանակութիւն չունի, որովհետեւ գետնի վրայ, Լիբանանի մէջ իսրայէլեան յարձակումները դադրեցան  ամերիկեան ճնշումներով: Ներկայ հրադադարը կրնայ փխրուն ըլլալ, ինչպէս նախորդները, բայց պարզ է, որ անիկա հիմնովին կախեալ է այդ ճնշումներու իրողականութենէն:

Հիմա գանք լիբանանեան կողմի նախապայմանային մօտեցումներուն, բանակցութիւնները արդիւնաւորելու առումով: Նախ Իսրայէլի կողմէ Լիբանանի դէմ կիրարկուող յարձակումներու ամբողջական դադրեցում: Եթէ նոյնիսկ վաղ է եզրայանգում կատարելը, ապա պէտք է արձանագրել եռօրեայ տեւողութեամբ ընդհանուր առումով կրակի դադրեցումին մասին:

Երկրորդը աւելի բարդ դրուածք եւ էութիւն ունի` իսրայէլեան ուժերու հեռացում լիբանանեան գերիշխան տարածքներէն: Կը խօսուի ծրագիրի մը մասին, որ փորձառական բնոյթ պիտի ունենայ եւ առաջին հերթին լիբանանեան կարգ մը տարածքներէն իսրայէլեան ուժերու հեռացումը պիտի իրականացնէ: Առաջադրուած անվտանգութեան գօտին պահելով հանդերձ, ըստ հրապարակումներուն, Իսրայէլ իր ուժերը պիտի հեռացնէ կարգ մը տարածքներէ, որոնց վրայ լիբանանեան բանակը վերահսկողութիւն պիտի հաստատէ ամերիկեան երաշխաւորութեամբ: Այդ երաշխաւորութիւնը կ՛ենթադրէ ամերիկեան քննութենէն անցում` տեղակայուելիք զինուորներու, կամ Հըզպալլայի ազդեցութեան բացառում այդ ուժերուն վրայ:

Այս հրապարակումները անպայման չեն նշանակեր, որ Հըզպալլայի համաձայնութեամբ են: Հըզպալլայի դիրքերու յանձնումը ռազմական պարզագոյն տրամաբանութեամբ պէտք է երաշխաւորուի իսրայէլեան ուժերու ամբողջական հեռացումով:

Ուշագրաւ են իսրայէլեան դաշտէն հնչած յայտարարութիւնները: Անոնք եւս կը հաստատեն, որ կայ փորձառական ծրագիր, որուն շուրջ փոխըմբռնումի բանակցութիւններ կ՛ընթանան: Անոնք չեն պահեր, որ ամերիկեան ճնշումներ ի գործ կը դրուին լիբանանեան տարածքներէն հեռացումի գծով: Սակայն Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարարը կը յայտարարէր, որ լիբանանեան տարածքներէն հեռանալու մտադրութիւն չունին իր զօրքերը, նոյնիսկ եթէ այդ պահանջը ներկայացնեն Միացեալ Նահանգները:

Փաստօրէն այդ պահանջը կը ներկայացուի Ուաշինկթընի կողմէ: Իսրայէլացի նախարարին յայտարարութիւնը կրնայ օդին մէջ մնալ, ինչպէս պատահեցաւ հրադադարի գծով իր կատարած յայտարարութեան: Ըստ անոր, Ուաշինկթըն-Թեհրան համաձայնութիւնը չի կրնար ազդել Լիբանանի մէջ իրենց կատարած գործողութիւններուն վրայ: Փաստօրէն, գէթ կարճ ժամանակով արձանագրուած, Իսրայէլ ենթարկուած է Ուաշինկթընի որոշումին:

Հիմա ալ իրադրութիւններ այնպէս կ՛ընթանան ,որ Իսրայէլ արդէն կը խօսի իր ուժերու հեռացման հաւանականութեան մասին, թէկուզ անվտանգութեան գօտին պահպանելով:

Իրադարձութիւններու այս շղթան որոշ հետեւութիւններու կ՛առաջնորդէ:

Նախքան պատերազմը  սկսած էր գործադրուիլ լիբանանեան բանակի վերատեղակայման գործընթաց: Լիբանանեան բանակը փուլ առ փուլ սկսած էր փոխարինել դիրքերը: Պատերազմէն ետք, դարձեալ լիբանանեան բանակը, այս անգամ, ըստ փորձառական ծրագիրին պիտի փոխարինէ իսրայէլեան ուժերը լիբանանեան տարածքներու վրայ:

Փորձառական ծրագիրը ուրեմն, մեքանիզմի վերափոխումն է, ամերիկեան երաշխաւորութեամբ լիբանանեան բանակի վերատեղակայումին: Փուլային է այս ծրագիրը: Փորձառականը փորձառութիւն կը վաստակի: Նախորդ փորձառութիւնները Իսրայէլի նկատմամբ հարցականներ կը ստեղծեն սակայն: Այդ փորձառութիւնները կը խօսին իսրայէլեան յարձակողապաշտութեան, տարածքներու բռնագրաւումին եւ լայածաւալ աւերումներուն մասին:

Երաշխիքներ անհրաժեշտ են ուրեմն, հրադադարի պահպանման, լիբանանեան գերիշխան տարածքներէն ամբողջական հեռացման եւ մանաւանդ յարձակողապաշտութեան չվերաձեռնարկումին:

 «Ա.»

Նախորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս «Կիլիկեան Իշխան» Շքանշանով Պարգեւատրեց Կիպրոսի Նախագահը

Յաջորդը

Մահուան Քառասունքին Առիթով. Սիրեցեալ Եւ Նուիրեալ Հօրս` Նշան Աշըգեանի Անթառամ Յիշատակին

RelatedPosts

ԵԽԽՎ-ն Մտահոգիչ Կը Նկատէ Բարգաւաճ Հայաստանը Ազգային Ժողովէն Դուրս Ձգած Ընտրատեղամասերու Արդիւնքներու Չեղեալ Նկատուիլը
Գլխաւոր լուրեր

ԵԽԽՎ-ն Մտահոգիչ Կը Նկատէ Բարգաւաճ Հայաստանը Ազգային Ժողովէն Դուրս Ձգած Ընտրատեղամասերու Արդիւնքներու Չեղեալ Նկատուիլը

September 29, 2026
Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Ընդունեց ՀՅԴ Հայ Դատի Համահայկական Խորհրդաժողովի Մասնակիցները
Գլխաւոր լուրեր

Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Ընդունեց ՀՅԴ Հայ Դատի Համահայկական Խորհրդաժողովի Մասնակիցները

September 29, 2026
Միջլիբանանեան Համագումար` Հարաւի Զօրակցութեան Համար.  Բագրատունի. «Քրիստոնեայ Ներկայութեան Պաշտպանութիւնը Զայն Իր Արաբական Ու Միջինարեւելեան Շրջապատէն Մասնատել Չ՛առաջադրեր»
Գլխաւոր լուրեր

Միջլիբանանեան Համագումար` Հարաւի Զօրակցութեան Համար. Բագրատունի. «Քրիստոնեայ Ներկայութեան Պաշտպանութիւնը Զայն Իր Արաբական Ու Միջինարեւելեան Շրջապատէն Մասնատել Չ՛առաջադրեր»

September 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.