Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայ Դատի Կեդրոնական Խորհուրդի Յայտարարութիւնը Արցախեան Շարժման Եւ Ժողովրդավարութեան Մասին

June 30, 2026
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը «մոլորութեան» մէջ է: Բոլշեւիկեան գաղափարախօսութեան մէկ վիժած տարբերակը որդեգրած, Խորհրդային Միութեան ներքին, վարչական սահմանները յետ Խորհրդային Միութեան միջպետական սահմաններ ճանչցած Նիկոլ Փաշինեանը չէ հասկցած նաեւ ժողովրդավարութեան իմաստը, էութիւնը: Ըստ պաշտօնական թիւերու, Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիներու յիսուն տոկոսին քուէէն ալ պակաս քուէ ստացած «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան ղեկավարին կը թուի, թէ այդքանով ինք հաստատած է իր «դիկտատուրա»-ն (բռնատիրութիւնը): Ան չի հասկնար, որ ժողովրդավարութիւնը մեծամասնութեան իշխանութիւնն է, միաժամանակ երաշխաւորելով փոքրամասնութեան մարդկային եւ քաղաքացիական իրաւունքները:

Նիկոլ Փաշինեանը յայտարարած է. «Ցանկացած քայլ, որը հակասում է Հայաստանի Հանրապետութեան ժողովրդի կատարած ընտրութեանը, իսկ ժողովուրդը ասել է, որ Ղարաբաղի շարժումը չի շարունակւում, չի շարունակուելու, հիմա ցանկացած փորձ այլ մակարդակներում Ղարաբաղի շարժումը շարունակելու, բերելու է հայելային արձագանգներ, ընդ որում, էդ գործընթացը կարայ խնդիրներ, այո, առաջացնի»: Նիկոլ Փաշինեանը կ՛անտեսէ, որ Հայաստանի Հանրապետութեան առնուազն աւելի քան կէս միլիոն քաղաքացիներ, իրենց քուէի իրաւունքով, չեն կիսեր իր  եւ կամ մեծամասնութեան «Ղարաբաղի շարժումը չի շարունակւում, չի շարունակուելու» տեսակէտը: Այդ աւելի քան կէս միլիոն Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիները իրաւունք ունի՛ն իրենց տեսակէտը բարձրաձայնելու, հետապնդելո՛ւ, եթէ նոյնիսկ «էդ գործընթացը կարայ խնդիրներ, այո, առաջացնի»:

Աւելի՛ն, Նիկոլ Փաշինեանը, որուն կուսակցութիւնը հետեւողականօրէն հրաժարած է եւ կը շարունակէ հրաժարիլ այն ամէնէն, ինչ որ համահայկակա՛ն է, ազգայի՛ն է, կ՛ուզէ ստիպել, որ Հայաստանի Հանրապետութեան սահմաններէն դուրս ապրող հայերը, անկախ իրենց քաղաքացիութենէն, զրկուին իրենց տեսակէտը ունենալու, այդ տեսակէտը արտայայտելու եւ անոր իրականացումը հետապնդելու իրաւունքէն: Ան կ՛ըսէ. «Ես շատ ուղիղ ասում եմ` Միացեալ Նահանգների դաշնակցական լոպպինկը ինչքան էդ ուղղութեամբ ջանքեր գործադրեց, ինչքան քայլեր արեց, ստանալու են…»: Ա՛յս է Նիկոլ Փաշինեանի ըմբռնումը ժողովրդավարութեան` «դիկտատուրա», եթէ ոչ «պրոլետարիատի» («բանուորութեան»), ապա` ՔՊ կուսակցութեան:

Նիկոլ Փաշինեանը միաժամանակ եւ, հետեւողականօրէն, կը շարունակէ Ազրպէյճանի հակահայ եւ հակահայաստան քայլերը արդարացնողի իր վարքագիծը` Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքային ամբողջականութեան դէմ ուղղուած «Արեւմտեան Ազրպէյճան»-ի քարոզչութիւնն ու այդ ուղղութեամբ Ազրպէյճանի պետական քայլերը նկատելով պարզապէս «հայելային արձագանգներ»:

Պատմութենէն եւ ներկայ իրականութենէն ոչինչ չհասկցած կամ չհասկցող Նիկոլ Փաշինեանի համար հայ ազգային քաղաքական միտքն է պատճառը, որ Թուրքիան գործադրեր է Հայոց ցեղասպանութիւնը, որ Ազրպէյճանը ցեղասպանական քաղաքականութիւն  վարած է Արցախի դէմ` հայաթափ ընելով զայն, որ Ազրպէյճանն ու Թուրքիան այսօր, միասնաբար, կը սպառնան Հայաստանի Հանրապետութեան գոյութեան, կը սպառնան առնուազն պատերազմով, եթէ չբաւարարուին իրենց պահանջները:

Նիկոլ Փաշինեանը յայտարարած է, որ «Ղարաբաղեան շարժումը շարունակելու բոլոր փորձերը […] մենք գնահատելու ենք Հայաստանի ժողովրդին նոր արկածախնդրութեան մէջ ներքաշելու փորձ եւ մեր լիազօրութիւնների եւ օրէնքի սահմաններում ամէն ինչ անելու ենք դա կասեցնելու համար»: Նիկոլ Փաշինեանը կը յուսայ այդպիսով թաքցնել, որ իր իշխանութեան ութամեայ քաղաքականութիւնն ու քայլերն են, որ «Հայաստանի ժողովրդին նոր արկածախնդրութեան մէջ են ներքաշել», սպառնալիքի տակ դնելով նաե՛ւ Հայաստանի Հանրապետութիւնը:

ՀՅԴ Հայ դատի համակարգը նորոգուած վճռակամութեամբ եւ նպատակասլաց ձեւով պիտի շարունակէ իր աշխուժ մասնակցութիւնը բերել Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան պայքարին` պաշտպանելու հայութեան, ներառեալ` արցախցիներու, բոլո՛ր իրաւունքները, ամէնուրե՛ք:

ՀՅԴ ՀԱՅ ԴԱՏԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ

26 յունիս 2026

 

Նախորդը

Պըրրի. «Շրջագծային Համաձայնագիրը Պիտի Չգործադրուի»

Յաջորդը

Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը Միացած Է Թուրքիոյ 700 Միլիոն Տոլարի Կործանիչներու Շարժիչներու Վաճառքը Արգելակելու Նախաձեռնութեան

RelatedPosts

Ակնարկ.  Սահմանի Բացման Վաղուան (Ան)Հաւանականութիւնը
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Սահմանի Բացման Վաղուան (Ան)Հաւանականութիւնը

October 15, 2026
Թրամփ. «Իրանցիներուն Ծանր Դաս Մը Պիտի Տանք,  Որովհետեւ Մեր Համբերութիւնը Վերջացաւ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իրանցիներուն Ծանր Դաս Մը Պիտի Տանք, Որովհետեւ Մեր Համբերութիւնը Վերջացաւ»

October 15, 2026
Լեւոն ԺԴ. Պապին Մօտ  Թոքի Քաղցկեղ Ախտորոշուած Է
Գլխաւոր լուրեր

Լեւոն ԺԴ. Պապին Մօտ Թոքի Քաղցկեղ Ախտորոշուած Է

October 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.