Գլխաւոր լուրեր

Մաքրոն, Սթարմըր, Քառնի, Զելենսքի Եւ Շարք Մը  Այլ Երկիրներու Ղեկավարներ Հասան Հայաստան`  Մասնակցելու Եւրոպական  Քաղաքական Համայնքի Վեհաժողովին

Մաքրոն, Սթարմըր, Քառնի, Զելենսքի Եւ Շարք Մը Այլ Երկիրներու Ղեկավարներ Հասան Հայաստան` Մասնակցելու Եւրոպական Քաղաքական Համայնքի Վեհաժողովին

Եւրոպական քաղաքական համայնքի 8-րդ վեհաժողովին մասնակցելու համար Հայաստան հասած են շարք մը երկիրներու ղեկավարներ: Անոնց շարքին են` Ռումանիոյ, Մոլտովայի, Զուիցերիոյ, Ուքրանիոյ, Յունաստանի, Պուլկարիոյ, Պոսնիա-Հերցեկովինայի, Հիւսիսային Մակեդոնիոյ նախագահները, ինչպէս նաեւ Մոնաքոյի իշխանը: Ուքրանիոյ նախագահի բանբերը յայտնած է, որ Երեւանի մէջ նախատեսուած են երկկողմանի հանդիպումներ` Մեծն Բրիտանիոյ, Նորվեկիոյ, Ֆինլանտայի եւ Չեխիոյ վարչապետներուն հետ: Պետական այցելութեամբ Հայաստան է նաեւ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոն:...

Արցախի Հանրապետութեան  Ազգային Ժողովի Յայտարարութիւն

Արցախի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի Ուղերձը` Երեւանի Մէջ Կայանալիք Եւրոպական Միութեան Բարձրաստիճան Ներկայացուցիչներու Համաժողովի Մասնակիցներուն

Հիմք ընդունելով միջազգային իրաւունքի հիմնարար սկզբունքները, Մարդու իրաւունքների համընդհանուր հռչակագիրը եւ միջազգային մարդասիրական իրաւունքի կանոնները` Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովը, որպէս արցախահայութեան առաջնային լիազօրագրով օժտուած ներկայացուցչական մարմին, սոյն ուղերձով դիմում է Երեւանում կայանալիք համաժողովի մասնակիցներին եւ միջազգային հանրութեանը: 2020 եւ 2023 թուականներին Ազրպէյճանի կողմից իրականացուած ռազմական յարձակումը, որն ուղեկցուել է ցեղասպանական գործողութիւնների ակնյայտ դրսեւորումներով, յանգեցրել է շուրջ 150.000 հայերի բռնի տեղահանմանը...

Աուն. «Այն Տեղեկութիւնը, Թէ Հըզպալլան Մերժած Է  Խուզարկելու Համար Հարաւային Արուարձաններու Մէջ  Դիրքերէն Մէկը Բանակին Մուտք Գործելը Սխալ Է»

Աուն. «Լիբանանի Մէջ Համայնքապետներուն Եւ Հոգեւոր Հեղինակութիւններուն Նկատմամբ Վատ Վերաբերմունքը Դատապարտելի Եւ Մերժելի Է»

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն յայտնեց, թէ Լիբանանի մէջ քրիստոնեայ եւ իսլամ համայնքապետներուն եւ հոգեւոր հեղինակութիւններուն նկատմամբ վատ վերաբերմունքը դատապարտելի եւ մերժելի արարք է` նկատի ունենալով հոգեւոր պետերուն ունեցած այն արժէքները, որոնք կրօնականէն անդին անցնելով կը հասնին ազգայինին, ուստի բոլորէն կը սպասուի Լիբանանի եւ անոր ժողովուրդի միասնականութիւնը մարմնաւորող այդ արժէքները չխաթարել, ինչպէս նաեւ կիրարկուող օրէնքները կ՛արգիլեն այդպիսի արարքները եւ անոնց հեղինակները...

Թրամփ. «Չեմ Կարծեր, Թէ Իրանի Ծրագիրը  Ընդունելի Պիտի Ըլլայ»

Թրամփ. «Չեմ Կարծեր, Թէ Իրանի Ծրագիրը Ընդունելի Պիտի Ըլլայ»

Իրանեան իշխանութիւնները Միացեալ Նահանգներուն ներկայացուցած են 14 կէտերէ բաղկացած խաղաղութեան ծրագիր մը, որուն մէջ կ՛ուրուագծուին Իրանի հիմնական պայմանները Միջին Արեւելքի մէջ պատերազմը դադրեցնելու համար: Ըստ իրանեան լրատուամիջոցներուն, Թեհրան այժմ կը սպասէ Ուաշինկթընի պատասխանին: Այս մասին երէկ գիշեր յայտնած են իրանեան «Ֆարս» եւ «Թասնիմ» լրատու գործակալութիւնները, որոնք փաստաթուղթը որակած են իբրեւ Միացեալ Նահանգներու նախորդ 9 կէտերէ բաղկացած առաջարկի պատասխան: Այդ առաջարկը...

Խմբագրական.  Լիբանանի Քաղաքացին Եւ Մայիս 1-ը

Խմբագրական. Լիբանանի Քաղաքացին Եւ Մայիս 1-ը

Լիբանանի մէջ մայիս մէկի նշումը բոլոր պատճառները ունէր սղաճին եւ տնտեսական ահագնացող տագնապին դէմ հասարակական բողոքի գործողութիւններ դրսեւորելու: Երկիրը սակայն կը տուայտի պատերազմի եւ դիւրաբեկ կամ  մասնակի յարգուող զինադուլի պայմաններուն միջեւ, եւ անվտանգային խնդիրները առաջնային նշանակութիւն ունին պետութեան եւ քաղաքացիին համար: Առընթեր` պատերազմի շարունակուող երեւոյթներն ու անոնց անմիջական հետեւանքները յաղթահարելու սուր խնդիր կայ: Լիբանանի մէջ անլոյծ կը մնան տարրական կենցաղային...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Լիբանանի Մէջ  Սէուտական Արաբիոյ Դեսպան Ուալիտ Պուխարին

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Լիբանանի Մէջ Սէուտական Արաբիոյ Դեսպան Ուալիտ Պուխարին

Հինգշաբթի, 30 ապրիլ 2026-ին, Անթիլիասի մայրավանքին մէջ, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը ընդունեց այցելութիւնը Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պուխարիի: Մտերմիկ մթնոլորտի մէջ կարեւոր զրոյց մը տեղի ունեցաւ վեհափառ հայրապետին եւ դեսպանին միջեւ` ընդհանրապէս շրջանը եւ յատկապէս Լիբանանը յուզող հարցերու շուրջ: Վեհափառ հայրապետը կարեւորութեամբ շեշտեց տագնապալից ներկայ ժամանակներուն Լիբանանի մէջ հանդարտութիւնն ու ապահովութիւնը պահելու առաջնահերթութիւնը: Դատապարտելով իսրայէլեան թափանցումը հարաւային Լիբանանի...

Եւրոպական Խորհրդարանը Ազրպէյճանէն Պահանջեց  Հայ Պատերազմական Գերիները «Անյապաղ  Եւ Անվերապահ» Կերպով Ազատ Արձակել

Եւրոպական Խորհրդարանը Ազրպէյճանէն Պահանջեց Հայ Պատերազմական Գերիները «Անյապաղ Եւ Անվերապահ» Կերպով Ազատ Արձակել

Եւրոպական խորհրդարանը «Աջակցութիւն Հայաստանի մէջ ժողովրդավարական դիմակայունութեան» բանաձեւով կը վերահաստատէ իր աջակցութիւնը Արցախի հայերու իրաւունքներուն, ներառեալ անոնց ինքնութեան, սեփականութեան եւ մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութիւնը, ինչպէս նաեւ անոնց անվտանգ, անխոչընդոտ եւ արժանապատիւ վերադարձի իրաւունքը` համապատասխան միջազգային երաշխիքներու տակ: Եւրոպական խորհրդարանը 476 թեր, 47 դէմ, 48 ձեռնպահ քուէներով որդեգրեց «Աջակցութիւն Հայաստանի մէջ ժողովրդավարական դիմակայունութեան» բանաձեւի նախագիծը: Բանաձեւին մէջ ամրագրումներ կան Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ...

Թրամփ. «Փոթորիկը Կու Գայ,  Եւ Ոչինչ Կրնայ Զայն Կանգնեցնել»

Թրամփ. «Փոթորիկը Կու Գայ, Եւ Ոչինչ Կրնայ Զայն Կանգնեցնել»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարեց. «Հարվըրտ-Հարիսի հարցախոյզը ցոյց կու տայ, թէ ուժեղ մեծամասնութիւն մը Իրանի հիւլէական ծրագիրի դադրեցման հարցով ինծի կը զօրակցի»: Ան նաեւ «Թրութ Սոշըլ» ընկերային ցանցին վրայ հրապարակեց իր լուսանկարը, որուն կցուած էր «փոթորիկը կու գայ, եւ ոչինչ կրնայ զայն կանգնեցնել» խօսքը: Աւելի ուշ ան նաեւ հրապարակեց Հորմուզի նեղուցի քարտէսի նկարը, որուն վրայ նեղուցը կոչուած է «Թրամփի...

Թրամփ. «Կը Նախատեսեմ, Որ Նեթանիահուի Հետ  Բանակցութիւնները Կեդրոնական Կազայի Վրայ»

Թրամփը` Նեթանիահուին. «Պէտք Է Լիբանանի Մէջ Սահմանափակ Զինուորական Գործունէութեամբ Բաւարարուիս»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտնեց, որ Իրանն ու Հըզպալլան Լիբանանը քանդեցին: Ան այս մասին յայտնեց «Աքսիոս»-ի հետ զրոյցի ընթացքին: «Երբ Իրանին վերջ տանք, Հըզպալլան ինքնաբերաբար վերջ կը գտնէ», ըսաւ ան: Միացեալ Նահանգներու նախագահը յայտնեց, որ Լիբանանն ու անոր ղեկավարութիւնը կը հաւնի` նշելով, որ երկիրը կրնայ անգամ մը եւս ոտքի կանգնիլ: Թրամփ Լիբանանի վերաբերեալ զգուշացուց Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուն` շեշտելով,...

Խմբագրական.  Ազգային Զօրաշարժի Առաջնային Խնդիրը

Խմբագրական. Ազգային Զօրաշարժի Առաջնային Խնդիրը

Արցախի հայկական եկեղեցիներու քանդման գործողութիւնները Պաքուի կողմէ  մէկ մասնիկն են ընդհանրապէս ամբողջ շրջանի հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան բնաջնջման քաղաքականութեան: Այս գործողութիւնները միանշանակ բնոյթ չունին. պատմամշակութային որոշ կոթողներ Ազրպէյճանի կողմէ հակագիտական մօտեցումներով կը ներկայացուին իբրեւ աղուանական, ուրիշներու ճարտարապետութիւնը կը վերափոխուի, իսկ մեծ մասը պարզապէս կ՛ոչնչացուի: Արցախը նախիջեւանացումի ենթարկելու միեւնոյն վարքագիծն է, որ կը կիրարկէ Պաքուն` մարտավարական նոր քայլեր որդեգրելով: Այս խնդիրը եւս «հայելային»...

Թրամփ. «Միացեալ Նահանգներ Իրանը  Զինուորական Գետնի Վրայ  Պարտութեան Մատնեցին»

Թրամփ. «Միացեալ Նահանգներ Իրանը Զինուորական Գետնի Վրայ Պարտութեան Մատնեցին»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ Սպիտակ տան մէջ Բրիտանիոյ Չարլզ Գ. թագաւորին ի պատիւ ընթրիքի մը ընթացքին յայտարարեց, թէ Միացեալ Նահանգներ «Իրանը զինուորական գետնի վրայ պարտութեան մատնեցին»: «Այս հակառակորդը զինուորական գետնի վրայ պարտութեան մատնեցինք եւ երբեք պիտի չարտօնենք, որ հիւլէական զէնք ձեռք ձգէ», նշեց ան` աւելցնելով. «Այս կէտին վրայ Չարլզ թագաւորը ինծի հետ աւելի համաձայն է, քան ես ինծի հետ»:...

Ազրպէյճանի Փոխվարչապետը Հայաստան Այցելեց,  Քննարկուեցան Սահմանազատման Եւ Այլ Հարցեր

Ազրպէյճանի Փոխվարչապետը Հայաստան Այցելեց, Քննարկուեցան Սահմանազատման Եւ Այլ Հարցեր

Երէկ Հայաստան այցելեց Ազրպէյճանի պատուիրակութիւնը` փոխվարչապետ Շահին Մուսթաֆայեւի գլխաւորութեամբ: Մուսթաֆայեւ նաեւ սահմանազատման ազրպէյճանական յանձնախումբի նախագահն է: Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան հաղորդագրութեան համաձայն, փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեանի եւ Շահին Մուսթաֆայեւի նախագահութեամբ երէկ տեղի ունեցաւ երկու երկիրներուն միջեւ պետական սահմանի սահմանազատման եւ սահմանային անվտանգութեան հարցերով յանձնախումբի եւ պետական սահմանի սահմանազատման պետական յանձնախումբի 13-րդ հանդիպումը: «Գոհունակութեամբ նշուած է, որ յանձնախումբերու 13-րդ հանդիպումը կրկին կը...

Հաղորդագրութիւն` Ֆրանսահայ  Կազմակերպութիւններու Խորհուրդի

Ֆրանսահայ Շարք Մը Ներկայացուցիչներ Հայաստանի Նոր Դեսպանատան Բացման Արարողութենէն Հեռու Պահելու Երեւանի Որոշումը Կը Քննադատուի

Ստորեւ կու տանք Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդին յայտարարութիւնը, ուր կը քննադատուի համայնքին շարք մը ներկայացուցիչները եւ Արցախի ներկայացուցիչը Հայաստանի դեսպանութեան նոր շէնքի բացման արարողութենէն հեռու պահելու Երեւանի որոշումը. «Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւնների համակարգող խորհուրդն իր դժգոհութիւնն է արտայայտում Ֆրանսայի հայկական համայնքի մի շարք ներկայացուցչական անձանց` խորհրդի համանախագահներ Արա Թորանեանին եւ Մուրատ Փափազեանին, Ֆրանսայի հայոց թեմի առաջնորդ Գրիգոր եպիսկոպոս Խաչատրեանին եւ...

Նախագահ Աուն. «Բանակցութիւններուն Շուրջ  Իմ Առած Իւրաքանչիւր Քայլս Պըրրիի  Եւ Սալամի Հետ Համակարգած Էի»

Նախագահ Աուն. «Բանակցութիւններուն Շուրջ Իմ Առած Իւրաքանչիւր Քայլս Պըրրիի Եւ Սալամի Հետ Համակարգած Էի»

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն Տնտեսական խորհուրդներու պատուիրակութիւնը Պաապտայի պալատի մէջ ընդունելու ընթացքին նշեց. «Ի տարբերութիւն լրատուամիջոցներուն մէջ հաղորդուածին, բանակցութիւններուն շուրջ իմ առած իւրաքանչիւր քայլս խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի եւ վարչապետ Նաուաֆ Սալամի հետ հակամարգած էի»: «Ինչ կը վերաբերի այն քննադատութիւններուն, որոնք Ուաշինկթընի մէջ եռակողմ բանակցութիւններէն ետք Իսրայէլի` Լիբանանի վրայ իր յարձակումները շարունակելու ազատութիւն տալուն վերաբերեալ հնչեցին, կ՛ըսեմ, թէ այդ խօսքը...

Մոսկուայի Մէջ Բագրատունի Հանդիպում  Ունեցաւ Արտաքին Գործոց Նախարարութեան  Ներկայացուցիչին Հետ

Մոսկուայի Մէջ Բագրատունի Հանդիպում Ունեցաւ Արտաքին Գործոց Նախարարութեան Ներկայացուցիչին Հետ

Աշխատանքային այցելութեամբ Մոսկուա կեցութեան շրջագիծին մէջ, Յակոբ Բագրատունի այցելեց Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւն, ուր հանդիպում ունեցաւ նախարարութեան Միջին Արեւելքի բաժանմունքի Լիբանանի եւ Սուրիոյ հարցերու գլխաւոր տեղակալ Թիմոր Սերքեւիչ Փեշաթքինի հետ: Աւելի քան մէկ ժամ տեւած հանդիպումին արծարծուեցան շրջանային զարգացումները` Իրանի վրայ ամերիկեւիսրայէլեան եւ Լիբանանի վրայ Իսրայէլի կատարած յարձակումներուն լոյսին տակ: Ռուս դիւանագէտը լայնօրէն պարզեց տիրող իրավիճակը եւ այդ ուղղութեամբ Ռուսիոյ...

Լիբանանի Մէջ Բրիտանիոյ Դեսպանատունը  ՀՅԴ Հայ Դատի Մարմինի Նամակը Պիտի Փոխանցէ  «Լոնտոնի Առնչակից Բաժանմունքին»

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Նամակը` ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Ընդհանուր Քարտուղարին Եւ Պէյրութի Մէջ Շրջանային Գրասենեակի Տնօրէնին

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի ընդհանուր քարտուղար դոկտ. Խալետ Էնանիի եւ Պէյրութի մէջ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի շրջանային գրասենեակի տնօրէն Փաոլօ Ֆոնթանիի յղեց նամակ մը` անդրադառնալով Արցախի մէջ հայկական մշակութային եւ հոգեւոր ժառանգութեան դէմ գործուող մշակութային ցեղասպանութեան: Հայ դատի մարմինը իր նամակին մէջ նշեց. «Ձեզի կը գրենք` արտայայտելու մեր խոր մտահոգութիւնն ու աներկբայելի դատապարտումը Լեռնային Ղարաբաղի/Արցախի մէջ հայկական մշակութային եւ կրօնական ժառանգութեան...

Թրամփ. «Իրան Կ՛ուզէ, Որ Հորմուզի  Նեղուցը Կարելի Եղածին Չափ Շուտ Բանանք»

Թրամփ. «Իրան Կ՛ուզէ, Որ Հորմուզի Նեղուցը Կարելի Եղածին Չափ Շուտ Բանանք»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ նշեց. «Իրան քիչ առաջ մեզի յայտնեց, որ փլուզման կացութեան մէջ է»: «Մեզմէ կարելի եղածին չափ շուտ Հորմուզի նեղուցի բացումը կ՛ուզեն, մինչ այդ կը փորձեն իրենց ղեկավարութեան կացութիւնը կարգաւորել. բան մը, որ կը հաւատամ, որ պիտի կարենան իրագործել», աւելցուց Սպիտակ տան ղեկավարը: Ամերիկացի պաշտօնատարներ «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ»-ին նշած են. «Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփն ու անոր...

Պաքու Կը Հաստատէ, Որ Քանդած Է Ստեփանակերտի  Մայր Տաճարն Ու Ս. Յակոբ Եկեղեցին

Պաքու Կը Հաստատէ, Որ Քանդած Է Ստեփանակերտի Մայր Տաճարն Ու Ս. Յակոբ Եկեղեցին

Նախորդ շաբաթ հաղորդուեցաւ, որ բռնագրաւուած Ստեփանակերտի մէջ քանդուած են Մայր տաճարն ու Սուրբ Յակոբ եկեղեցին: Կրօնական եւ մշակութային տարբեր կազմակերպութիւններ դատապարտեցին քանդումը: Պաքու 27 ապրիլին հաստատեց, որ երկու «ապօրինի կառոյցներու» քանդումը կարելի չէ դիտարկել իբրեւ կրօնական կամ մշակութային ժառանգութեան ոչնչացում: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանի Փրակայի գրասենեակին մէջ արբանեակային թարմ լուսանկարները սերտելով կարելի է յստակ տեսնել` հսկայ մայր տաճարին տեղը սպիտակ սալայատակն...

Այցելելով Շէյխ Խաթիպի`  Պուխարի Քաղաքացիական Խաղաղութեան  Ամրապնդման Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեց

Այցելելով Շէյխ Խաթիպի` Պուխարի Քաղաքացիական Խաղաղութեան Ամրապնդման Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեց

Շիիներու Իսլամական գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ալի Խաթիպ ընդունեց Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պուխարին եւ անոր հետ քննարկեց Լիբանանի ու շրջանին մէջ ներկայ կացութիւններն ու երկրին մէջ յառաջիկայ փուլի հեռանկարները: Դեսպան Պուխարի կացութեան ապագային նկատմամբ իր լաւատեսութիւնը յայտնեց` շեշտելով «Լիբանանի մէջ քաղաքացիական խաղաղութիւնը ամրապնդելու անհրաժեշտութիւնը, բան մը, որուն վրայ թագաւորութիւնը կը հիմնուի իր վերջին աշխատանքին մէջ, եւ այս...

Ակնարկ. 25 Անուն

Ակնարկ. 25 Անուն

Հայոց ցեղասպանութեան 111-ամեակին առիթով «Ազդակ»-ի հրատարակած յատուկ թիւը ուշագրաւ բաժին ունէր: Բաժինը կը վերաբերի ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան, երիտասարդական եւ ուսանողական միութիւններու էջերուն, ուր ներկայացուած նիւթերուն տակ ստորագրած են 25 անուններ: 25 պատանի, երիտասարդ, ուսանող գրիչներ, որոնք ըսելիք ունին ոչ միայն իրենց հասակակիցներուն, այլ նաեւ հանրութեան: Ներկայ պայմաններուն մէջ, ուր աւելի ահազանգներ կը հնչեն, մռայլ պատկերներ կը գծուին կամ յոռետեսական գնահատականներ...

Page 30 of 795 1 … 29 30 31 … 795

Արխիւներ