Պըրրի. «Իսրայէլեան Հեռացումը Պէտք Է Տեղի Ունենայ. Որեւէ Գիծ Մեզ Չի Հետաքրքրեր, Եւ Եթէ Պնդեն Մնալ, Դիմադրութեամբ Պիտի Դիմակայուին»
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի «Ժումհուրիա» օրաթերթին յայտնեց. «Ո՞վ ըսաւ, որ բանակցութեան դէմ ենք: Մենք հաստատօրէն անուղղակի բանակցութեան հետ ենք, նախապէս այդ առնչութեամբ շարք մը փորձառութիւններ ունինք, եւ ես անձնապէս երկարատեւ անուղղակի բանակցութիւններ կատարեցի ամերիկացի մեծաթիւ պատուիրակներու հետ, եւ անոնց վերջինը Էյմըս Հոքշթայնի հետ էր` ծովային սահմանագծման թղթածրարին շուրջ, եւ անոնց ընթացքին համաձայնութեան հասանք: Նոյնն է պարագան Կապոյտ գիծին շուրջ տարակարծութեան...




















