 Միացեալ նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի եւրոպական եւ եւրասիական հարցերով տեղակալ Քարըն Տանֆրիտ 14-19 յունիսին պիտի այցելէ Ազրպէյճան, Վրաստան եւ Հայաստան: «Արմէնփրես»-ի հաղորդումով, այս մասին յայտնած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի բանբերի գրասենեակը` նշելով, որ այցելութեան նպատակը ընդգծելն է Միացեալ Նահանգներու` Հարաւային Կովկասի շրջանին մէջ խաղաղութեան, ժողովրդավարութեան եւ բարեկեցութեան հաստատման գործին նկատմամբ յանձնառութիւնը:
Միացեալ նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի եւրոպական եւ եւրասիական հարցերով տեղակալ Քարըն Տանֆրիտ 14-19 յունիսին պիտի այցելէ Ազրպէյճան, Վրաստան եւ Հայաստան: «Արմէնփրես»-ի հաղորդումով, այս մասին յայտնած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի բանբերի գրասենեակը` նշելով, որ այցելութեան նպատակը ընդգծելն է Միացեալ Նահանգներու` Հարաւային Կովկասի շրջանին մէջ խաղաղութեան, ժողովրդավարութեան եւ բարեկեցութեան հաստատման գործին նկատմամբ յանձնառութիւնը:
«Նշելով բոլոր երեք երկիրներուն հետ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 30-ամեակը` արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Տանֆրիտ պիտի շեշտէ Միացեալ Նահանգներու աջակցութիւնը այդ երկիրներու գերիշխանութեան եւ անկախութեան` ընդգծելով Ազրպէյճանի, Վրաստանի եւ Հայաստանի իրաւունքը` գծելու իրենց սեփական ուղին: Ան նաեւ պիտի ընդգծէ Միացեալ Նահանգներու պատրաստակամութիւնը` օգնելու Հարաւային Կովկասի մէջ կառուցելու տեւական խաղաղութիւն, աջակցելով նաեւ ամբողջ շրջանին մէջ քաղաքական, տնտեսական զարգացման ու ժողովուրդներու միջեւ հաղորդակցութիւններուն», կը նշուի արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութեան մէջ:
Տանֆրիտ 18 յունիսին պիտի այցելէ Հայաստան, ուր հանդիպում պիտի ունենայ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ այլ պաշտօնատար անձերու հետ: «Արտաքին գործոց նախարարի տեղակալը պիտի յայտնէ Միացեալ Նահանգներու աջակցութիւնը Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ դիւանագիտական ջանքերուն` յանուն տեւական խաղաղութեան: Ան պիտի ընդգծէ մեր ամուր համագործակցութիւնը` հիմնուած ընդհանուր արժէքներու վրայ, ինչպէս նաեւ մեր փոխադարձ յանձնառութիւնը` ուղղուած Հայաստանի ժողովրդավարական զարգացման», կը նշուի յայտարարութեան մէջ:
Մինչեւ Հայաստան այցելելը` Տանֆրիտ 15-16 յունիսին պիտի այցելէ Ազրպէյճան, իսկ 17 յունիսին` Վրաստան:
Ամերիկացի պաշտօնատարը Պաքուի մէջ պիտի հանդիպի նախագահ Իլհամ Ալիեւի, բարձրաստիճան պաշտօնատարներու, քաղաքացիական հասարակութեան անդամներու հետ, ան Ազրպէյճանին շնորհակալութիւն պիտի յայտնէ Ուքրանիոյ ցուցաբերած աջակցութեան համար:
Տանֆրիտ Թիֆլիսի մէջ խօսք պիտի արտասանէ Վրաստանի նախագահ Սալոմէ Զուրապիշվիլիի կազմակերպած Կիներու միջազգային խորհրդաժողովի ընթացքին, հանդիպումներ պիտի ունենայ վարչապետ Ղարիպաշվիլիի եւ այլ պաշտօնատար անձերու, ընդդիմադիր գործիչներու եւ քաղաքացիական հասարակութեան ներկայացուցիչներու հետ: Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի տեղակալը Թիֆլիսի մէջ նաեւ պիտի քննարկէ Ուքրանիոյ մէջ ռուսական կողմի գործողութիւնները, պիտի վերահաստատէ Միացեալ Նահանգներու աջակցութիւնը Վրաստանի գերիշխանութեան եւ միջազգայնօրէն ճանչցուած սահմաններու մէջ տարածքային ամբողջականութեան, ինչպէս նաեւ պիտի անդրադառնայ Միացեալ Նահանգներու կողմէ տրամադրուելիք հետագայ աջակցութեան` յանուն ժողովրդավարութեան զարգացման եւ օրէնքի գերակայութեան յառաջխաղացման` բազմազանեցնելու երկրի տնտեսութիւնը եւ կառուցելու բարեկեցիկ ապագայ:
 
			

