Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Աուն. «Ժողովրդավարական Գործընթացը Պիտի Շարունակուի»

Յունիս 14, 2022
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Եոաննա Վրոնեցքան:

Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն հաստատեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւններու կայացումէն ետք, ժողովրդավարական գործընթացը պիտի շարունակուի եւ պիտի հասնի վարչապետի նշանակման խորհրդարանական պարտադիր խորհրդակցութիւններու, ապա` կառավարութեան կազմութեան:

Նախագահ Աուն շեշտեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւններուն ընթացքին արձանագրուեցան կարգ մը օրինազանցութիւններ, որոնցմէ ամէնէն ակներեւն էր կարգ մը թեկնածուներուն մսխած երեւակայական գումարները, կարգ մը ընտրաշրջաններու մէջ քուէներ գնելու աշխատանքը, ինչպէս նաեւ երկրին քաղաքական, ելեւմտական ու տեղեկատուական մարզերուն մէջ արձանագրուած արտաքին միջամտութիւնները:

«Լիբանանի երեսփոխանական ընտրութիւններուն հսկած տեղացի, եւրոպացի եւ արաբ դէտերը այս խախտումները արձանագրած են, պիտի պատրաստեն տեղեկագիրներ եւ զանոնք ներկայացնեն դատական համապատասխան ատեաններուն», ըսաւ նախագահ Աուն:

Հանրապետութեան նախագահը աւելցուց նաեւ, որ լիբանանեան պետութիւնը ծովային սահմանագծումի բանակցութիւնները վարող ամերիկացի միջնորդ Էյմըս Հոքշթայնին պիտի յայտնէ Լիբանանի միացեալ կեցուածքը` այդ բանակցութիւնները վերսկսելու եւ Լիբանանի իրաւունքներուն տէր կանգնելու առումով:

Իր կարգին, Վրոնեցքա շնորհաւորեց նախագահ Աունը` երեսփոխանական ընտրութիւնները կայացնելու առիթով, եւ հաստատեց, որ այդ ընտրութիւններուն արձագանգը դրական էր` ներքին եւ արտաքին առումով:

Ան մաղթեց, որ նոր կառավարութիւնը անյապաղ կազմուի` նկատի ունենալով երկրին մէջ կազմակերպելիք աշխատանքներուն կարիքը:

Վրոնեցքա հաստատեց ՄԱԿ-ի պատրաստակամութիւնը` իր ներդրումը ունենալու ծովային սահմանագծումի բանակցութիւններուն վերսկսելու հոլովոյթին մէջ:

Ան բարձր գնահատեց նախագահ Աունի իմաստութիւնը եւ դերակատարութիւնը` Լիբանանի պատմութեան այս զգայուն փուլին ընթացքին:

 

 

 

 

Նախորդը

Պըրրի Միքաթիի Հետ Քննարկեց Լիբանանեան Իրադարձութիւնները

Յաջորդը

Էյմըս Հոքշթայն Այսօր Հանդիպումներ Կ՛ունենայ Լիբանանի Իշխանութեան Պետերուն Հետ

RelatedPosts

Պէյրութի Քաղաքապետական Ընտրութիւններու  «Պէյրութը Մեզ Կը Համախմբէ»  Համախոհական Ցանկի Ներկայացում
Գլխաւոր լուրեր

Պէյրութի Քաղաքապետական Ընտրութիւններու «Պէյրութը Մեզ Կը Համախմբէ» Համախոհական Ցանկի Ներկայացում

Մայիս 10, 2025
Ռաժժի. «Նախագահ Աունի Քուէյթ Այցելութիւնը  Խորհրդանշական Մեծ Իմաստ Ունի»
Լիբանանեան

Ռաժժի. «Նախագահ Աունի Քուէյթ Այցելութիւնը Խորհրդանշական Մեծ Իմաստ Ունի»

Մայիս 10, 2025
Մըթրի. «Լիբանանը Հակադարձութեան  Կամ Յարձակումի Հարթակի Վերածուիլը  Պիտի Չարտօնենք»
Լիբանանեան

Մըթրի. «Լիբանանը Հակադարձութեան Կամ Յարձակումի Հարթակի Վերածուիլը Պիտի Չարտօնենք»

Մայիս 10, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?