Ազգային Ժողովի Ընտրութիւններու Քարոզարշաւը Սկսաւ
Երէկ պաշտօնապէս սկսաւ Հայաստանի Ազգային ժողովի 7 յունիսի ընտրութիւններու քարոզարշաւը: Ընտրութիւններուն կը մասնակցին 17 կուսակցութիւն եւ 2 դաշինք` փորձելով ստանալ շուրջ 2,5 միլիոն ընտրողներու ձայները: Այդ ուժերն են` ըստ քուէաթերթիկներու թիւերու. Ռեֆորմիստներու կուսակցութիւն, «Բոլորին դէմ եմ» ժողովրդավարական կուսակցութիւն, «Ուժեղ Հայաստան» դաշինք, Հայաստանի Շնորհապետական կուսակցութիւն, «Նոր ուժ» բարեկարգչական կուսակցութիւն, «Միասնութեան թեւեր» կուսակցութիւն, «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութիւն, «Ազգային ժողովրդավարական բեւեռ» համահայկական կուսակցութիւն, «Քոչարի...




















