Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սուրիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարը Լիբանան Այցելեց

July 3, 2026
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ասաատ Շիպանի երէկ այցելեց Պաապտայի պալատ, ուր հանդիպում ունեցաւ հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունի հետ:

Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, թէ Շիպանի նախագահ Աունի հետ քննարկած է երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններու` «փոխադարձ յարգանքի եւ բարի դրացնութեան հիմամբ ամրապնդման կարելիութիւնները»:

Պաապտայի պալատը իր կարգին հաղորդեց, որ նախագահ Աուն Շիպանին ընդունելով ըսած է. «Լիբանան կառչած կը մնայ երկու երկիրներուն միջեւ համակարգումի եւ իրարու ներքին հարցերուն չմիջամտելու վրայ հիմնուած եղբայրական յարաբերութիւններու հաստատման»` աւելցնելով. «Սուրիոյ կայունութեան նկատմամբ նախանձախնդիր ենք, ճիշդ ինչպէս Սուրիան նախանձախնդիր է Լիբանանի կայունութեան»:

Ան գոհունակութիւն յայտնած է երկու երկիրներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող համակարգումին նկատմամբ, մասնաւորաբար ինչ կը վերաբերի սահմաններու վերահսկողութեան, անձերու եւ զէնքերու մաքսանենգման արգիլման «եւ այն ամէն ինչին, որ երկու երկիրներու անվտանգութեան կը վնասէ»:

«Նախագահ Ահմետ Շարհը ինծի մէկէ աւելի հանդիպումներու եւ հաղորդակցութիւններու ընթացքին վստահեցուց, թէ Սուրիոյ դերը անոր անցեալի դերին նման պիտի չըլլայ, եւ երկու երկիրներուն միջեւ բացուած է նոր էջ մը, ուր Սուրիան մէկ կողմի հետ ընդդէմ ուրիշ կողմի պիտի չըլլայ, այլ բոլոր լիբանանցիներու կողքին», աւելցուցած է Աուն:

Հանրապետութեան նախագահը ողջունած է հաւասարապէս Լիբանանի եւ Սուրիոյ շահերու պահպանման համար երկու երկիրներուն միջեւ գերագոյն յանձնախումբի կազմութիւնը:

Շիպանի իր կարգին նախագահ Աունի փոխանցած է Սուրիոյ նախագահի ողջոյնները եւ յանձնած է Դամասկոս այցելելու պաշտօնական հրաւէր մը` ընդգծելով, որ իր այցելութեան նպատակը երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններու ամրապնդումն ու մասնաւորաբար տնտեսական ոլորտին մէջ համակարգումի կեանքի կոչումն է:

Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարը նաեւ այցելեց Այն Թինէ, ուր հանդիպում ունեցաւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ:

Շիպանի Այն Թինէէն յայտարարեց. «Եթէ շահը Հըզպալլայի հետ հանդիպում պահանջէ, մենք դրականօրէն տրամադրուած ենք»:

«Քննարկումը կեդրոնացաւ Սուրիոյ եւ Լիբանանի միջեւ գործակցութեան զարգացման վրայ: Հըզպալլայի հարցը այսօր չքննարկուեցաւ», աւելցուց նախարարը:

«Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանի տեղեկութեան համաձայն, Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարի Այն Թինէ այցելութիւնը լիբանանցիներուն, մասնաւորաբար շիիներուն հանգստացման պատգամ կը պարունակէր, եւ ան այցելութեան ընթացքին Պըրրիին Դամասկոս այցելելու հրաւէր յղած է:

Շիպանի ապա այցելեց վարչապետարան, ուր հանդիպում ունեցաւ վարչապետ Նաուաֆ Սալամի հետ, որ հանդիպումէն ետք տրուած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնեց, որ «նախարար Շիպանիի Պէյրութ այցելութիւնը Դամասկոս այցելութեանս շարունակութիւնն է»` նշելով, որ ստորագրուած է երկու երկիրներուն միջեւ գործակցութեան ամրապնդման Լիբանանեան-սուրիական գերագոյն յանձնախումբի կազմութեան վերաբերող փաստաթուղթը:

«Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարին հետ հանդիպումին նպատակը գործակցութիւնն է շարք մը ոլորտներու մէջ, նախ եւ առաջ Լիբանանի եւ Սուրիոյ միջեւ ելեկտրականութեան ցանցերու միացման, ինչպէս նաեւ ապրանքներու տեղափոխման ու փոխանակման, սահմաններէն անցքի դիւրացման եւ յարաբերութիւններու զարգացման մէջ», նշեց Սալամ:

Շիպանի իր կարգին շեշտեց, որ Լիբանանեան-սուրիական միացեալ յանձնախումբը աշխատանք պիտի տանի տնտեսական գործակցութիւնն ու ապահովական փոխըմբռնումները զարգացնելու:

Ան ըսաւ, որ Պէյրութ իր այցելութիւնը Լիբանանի կառավարութեան ու ժողովուրդին աջակցող դիրքորոշման գործնական արտայայտութիւն է` շեշտելով, որ անհրաժեշտ է Լիբանանի մէջ բանտարկուած սուրիացի բանտարկեալները յանձնել լիբանանեան կառավարութեան հետ համաձայնեցուած հոլովոյթի ծիրին մէջ:

Պատասխանելով հարցումի մը` Շիպանի ըսաւ, որ սուրիական յեղափոխութեան զօրակցելնուն համար ձերբակալուած ոչ սուրիացի բանտարկեալներուն թղթածրարը «ամենայն յարգանքով ու դրական ընկալմամբ կը քննարկենք լիբանանեան կողմին հետ` նկատի ունենալով, որ անոնց կալանաւորման պատճառները վերացած են»:

«Ժատիտ»-ի տեղեկութեան համաձայն, Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարի այցելութեան ընթացքին տեղի ունեցած սուրիական նախաձեռնութիւնը քաղաքական բնոյթ ունի եւ կապ չունի որեւէ սուրիական զինուորական դերակատարութեան հետ, եւ Դամասկոս կ՛ուզէ Լիբանանի հետ գործակցիլ պետութեան իշխանութեան ամրապնդման եւ զէնքը անոր մենաշնորհը դարձնելու հարցին մէջ, ինչ որ կը ներառէ երկու երկիրներու հասարակաց սահմաններու ճամբով մաքսանենգման արգիլման քայլերու խստացումը:

Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարը նաեւ այցելեց Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան նախկին ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթի, Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար Սամի Ժեմայելի, հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտելլաթիֆ Տրիանի եւ մարոնիներու Ռայի պատրիարքին:

 

Նախորդը

Սալամ. «Շրջագծային Համաձայնութիւն» Բառակապակցութեան Հետ Խնդիր Ունիմ. Մենք Գործ Ունինք Ոչ Թէ Համաձայնութեան Հետ, Այլ Իրաւական Հետեւանքներ Չունեցող Քաղաքական Շրջագիծի Հետ»

Յաջորդը

Ակնարկ. Լիբանանի Մէջ Թրքական Խաղեր` Մրցակցութեան Տեսարաններով

RelatedPosts

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում  Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս  Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»

October 26, 2026
Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք  Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»
Գլխաւոր լուրեր

Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»

October 26, 2026
Թրիփոլի Այցելելով.  Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով,  Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի,  Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի  Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրիփոլի Այցելելով. Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով, Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի, Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.