Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վանս. «Եթէ Բանակցութիւնները Յաջողին, Իրանը Վերջնականապէս Պիտի Հրաժարի Հիւլէական Զէնք Ձեռք Ձգելու Որեւէ Ախորժակ Ունենալէ»

July 2, 2026
| Գլխաւոր լուրեր, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Ճէյ. Տի. Վանս յայտնեց. «Իրանցիները անցնող երկու շաբթուան ընթացքին որեւէ նաւու վրայ յարձակում չգործեցին, եւ քարիւղը Հորմուզի նեղուցէն կը հոսի»:

«Նախագահ Տանըլտ Թրամփ յստակ դարձուց, որ պիտի հակադարձենք, եթէ իրանցիները նաւերուն վրայ յարձակում գործեն», ըսաւ ան:

Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահը «Ֆոքս Նիուզ» պատկերասփիւռի կայանին հետ զրոյցի ընթացքին նշեց. «Իրանի հետ բանակցութիւններու արդիւնքը ինչ որ ալ ըլլայ, Միացեալ Նահանգները հոյակապ կացութեան մէջ են»:

«Բանակցութիւններու յաջողութեան պարագային Իրան վերջնականապէս պիտի հրաժարի հիւլէական զէնք ձեռք ձգելու որեւէ ախորժակ ունենալէ», ըսաւ ան` շեշտելով. «Եթէ Իրան մեր սպասած զիջումները չկատարէ, անոր հիւլէական ծրագիրն ու զինուորական կարողութիւնը քանդուած պիտի մնան»:

«Թրամփ մեզմէ կը պահանջէ շարունակել բանակցային հոլովոյթը, եւ եթէ դիւանագիտական յաջող լուծումի չհասնինք, բազմաթիւ ընտրանքներ ունինք», նշեց Վանս:

Ամերիկացի պաշտօնատարներ «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ» օրաթերթին յայտնեցին, որ Թրամփ սերտած է Իրանի հետ ամբողջական պատերազմին վերադառնալու ընտրանքը եւ վերջին օրերուն պատերազմի նախարար Փիթ Հեկսեթի ու ամերիկեան բանակի միացեալ սպայակոյտի պետ զօր. Տան Քէյնի հետ յաւելեալ յարձակումներ շղթայազերծելու շուրջ շարք մը քննարկումներ կատարած է, սակայն որոշած է ներկայիս յանձնառու մնալ դիւանագիտական բանակցութիւններուն:

Պաշտօնատարները օրաթերթին նշած են, որ Թրամփ իր օգնականներուն յայտնած է, որ հիւլէական համաձայնութեան հասնելու համար ճշդուած 18 օգոստոսի պայմանաժամէն անդին երթալուն դէմ չէ:

Լաւատեղեակ աղբիւր մը երէկ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնեց. «Տոհայի մէջ տեղի կ՛ունենան Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի միջեւ Քաթարի եւ Փաքիստանի միջնորդութեամբ թեքնիք ոչ ուղղակի բանակցութիւններ` մասնակցութեամբ աւագ բանագնացներուն եւ մասնագիտացած խումբերու»:

Իրանցի բարձրաստիճան պաշտօնատար մը իր կարգին լրատու գործակալութեան յայտնեց. «Ամերիկայի հետ անուղղակի բանակցութիւնները, որոնք Տոհայի մէջ երեքշաբթի երեկոյեան սկսան, կը շարունակուին եւ կը կեդրոնանան Թեհրանի գումարներու ապասառեցման եւ Հորմուզի նեղուցին վրայ»:

Քաթարի վարչապետ, արտաքին գործոց նախարար շէյխ Մոհամետ Պըն Ապտելռահման Ալ Թանի ամերիկացի բանագնացներ Սթիւ Ուիթքոֆի եւ Ճերըտ Քուշների հետ քննարկեց Ուաշինկթընի եւ Թեհրանի միջեւ բանակցութիւններու վերջին զարգացումները, շրջանային կացութիւնն ու Լիբանանի մէջ զինադադարը:

Իրանի խորհրդարանի նախագահ Մոհամետ Պաքեր Քալիպաֆ ըսաւ, որ Թեհրան վերջնական բանակցութիւններուն պիտի չսկսի, նախքան Միացեալ Նահանգներու հետ ստորագրուած փոխըմբռնման յուշագիրի թիւ 1, 4, 5, 10 եւ 11 յօդուածներու գործադրութիւնը:

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչի նշեց, որ Ուաշինկթընի եւ Թեհրանի ստորագրած փոխըմբռնման յուշագիրը յստակ է եւ բոլորին տրամադրութեան տակ:

Ան նշեց, որ այդ յուշագիրը Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփը կը պարտաւորեցնէ Թել Աւիւի մէջ իր դաշնակիցները զսպել:

«Մեր ժողովուրդն ու ղեկավարութիւնը թիրախաւորող որեւէ սպառնալիքի անմիջական ու վճռական կերպով պիտի հակադարձենք», ըսաւ իրանեան դիւանագիտութեան պետը:

Իրանի արտաքին գործոց փոխնախարար Քազեմ Ղարիպ Ապատի, որ պատուիրակութեան մը ընկերակցութեամբ Քաթար կ՛այցելէ, յայտնեց. «Եթէ յարմար պայմանները ապահովուին, աշխատանքային յանձնախումբերու մակարդակին վրայ բանակցութիւններ պիտի սկսին»:

Աղբիւրներ «Հատաս»-ին յայտնեցին, որ Իրանին պատկանող 3 միլիառ գումարի ապասառեցման շուրջ սկզբունքային համաձայնութիւն գոյացած է` աւելցնելով, որ Իրան թեքնիք բանակցութիւններու մէջ որեւէ յառաջընթաց այդ գումարը ստանալուն կապած է:

Աղբիւրները նաեւ նշեցին, որ Հորմուզի նեղուցին շուրջ քննարկումները կը կատարուին Օմանի առաջարկած նոր ծրագիրին հիմամբ, եւ պատուիրակները իրենց մայրաքաղաքներ պիտի վերադառնան օմանեան այդ առաջարկը ներկայացնելու:

Նախորդը

Սուրիոյ Փոխանցման Խորհրդարանը Երկուշաբթի Օր Պիտի Գումարէ Իր Առաջին Նիստը

Յաջորդը

Բագրատունի. «Լիբանանի Մէջ Հրադադարը Տակաւին Չի Նշանակեր Յարձակումներու Դադար»

RelatedPosts

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում  Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս  Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»

October 26, 2026
Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք  Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»
Գլխաւոր լուրեր

Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»

October 26, 2026
Նովաք. «Ռուսիան Պատրաստ Է Ամերիկեան  Մազութի Որեւէ Քանակ Մատակարարելու»
Միջազգային

Նովաք. «Ռուսիան Պատրաստ Է Ամերիկեան Մազութի Որեւէ Քանակ Մատակարարելու»

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.