Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Երեւանի Մէջ ՀԱՊԿ-ի Հաւաքական Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստ

November 24, 2022
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) ընդհանուր քարտուղար Սթանիսլաւ Զաս յայտարարած է, որ կովկասեան շրջանին մէջ դրական դեր ունին Հայաստանի կառավարութեան եւ միւս մասնակիցներու` խաղաղութեան համաձայնութիւններուն, սահմաններու իրաւական ձեւակերպման, փոխադրամիջոցային հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման հասնելուն ուղղուած ջանքերը:

«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ ան այս մասին յայտարարած է կազմակերպութեան անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու, պաշտպանութեան նախարարներու եւ անվտանգութեան խորհուրդներու քարտուղարներու միացեալ նիստի ընթացքին:

«Միեւնոյն ժամանակ հայ-ազրպէյճանական սահմանին վրայ լարուածութիւնը կը պահպանուի: Տեղեկութիւնը, որ կը ստացուի ՀԱՊԿ-ի արձագանգման կեդրոնին մէջ, կը հաստատէ, որ հայ-ազրպէյճանական սահմանին վրայ փոխադարձ կրակոցները գրեթէ ամէն օր տեղի կ՛ունենան», ըսած է Զաս:

Ան յիշեցուցած է, որ այս առնչութեամբ Հայաստանի Հանրապետութեան համար ստեղծուած սպառնալիքներու քննարկման նպատակով տեղի ունեցած են ՀԱՊԿ-ի երեք արտակարգ նիստեր` մայիսին, սեպտեմբերին եւ հոկտեմբերին:

«Հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդի` Հայաստանին օգնելու միացեալ քայլերու ՀԱՊԿ-ի մշտադիտարկման խումբի եզրակացութիւններու եւ առաջարկներու հիման վրայ պատրաստուած նախագիծին շուրջ ընդհանուր առմամբ համաձայնութիւն գոյացած է», եզրափակած է Զաս:

Նշենք, որ Զաս աւարտեց ՀԱՊԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի պաշտօնին վրայ իր եռամեայ գործունէութիւնը, եւ զինք պիտի փոխարինէ Ղազախստանի ներկայացուցիչ Իմանկալի Թասմականպեթով: Այս մասին ՀԱՊԿ-ի Հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդի նիստի ընթացքին յայտնեց Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան:

Փաշինեան նիստի բացման իր խօսքին մէջ յայտնեց. «Վերջին երկու տարիներուն ընթացքին ՀԱՊԿ-ի անդամ երկիր Հայաստանը առնուազն երեք անգամ Ազրպէյճանի կողմէ յարձակումի ենթարկուած է: «Կը տխրեցնէ այն փաստը, որ Հայաստանի` ՀԱՊԿ-ին անդամակցութիւնը չզսպեց Ազրպէյճանը յարձակողական գործողութիւններու դիմելու ընթացքին, եւ առաւել եւս, որ, ըստ էութեան, մինչեւ այսօր մենք չենք կրցած որոշում կայացնել ՀԱՊԿ-ի` Հայաստանի վրայ Ազրպէյճանի յարձակումին արձագանգի վերաբերեալ: Այս փաստերը հսկայ վնաս կը հասցնեն ՀԱՊԿ-ի համբաւին թէ՛ մեր երկրին մէջ, թէ՛ անկէ դուրս, եւ ես ասիկա կը նկատեմ ՀԱՊԿ-ի մէջ Հայաստանի նախագահութեան հիմնական ձախողութիւնը: Նոյնը կրնամ ըսել մեր դաշնակիցներու` Խըրխըզիստանի եւ Տաճիկիստանի սահմանին վրայ կացութեան սրման փաստերուն մասին»:

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին իր կարգին յայտնեց. «Յոյս ունիմ, որ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագիրը պիտի ստորագրուի»:

Ան նշեց, որ հայ-ազրպէյճանական տագնապի լուծումը ՀԱՊԿ-ի ուշադրութեան կեդրոնն է:

«Այսօր պիտի քննարկենք հայ-ազրպէյճանական յարաբերութիւններու համալիր կարգաւորման հարցը: Բնականաբար, ասիկա շատ սուր հարց է եւ ուշադրութեան կարիք ունի: Այս առումով դրական կը գնահատենք Սոչիի մէջ հոկտեմբերի վերջաւորութեան տեղի ունեցած եռակողմ հանդիպումը, որուն ընթացքին նաեւ համաձայնութիւններ արձանագրուած են Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան հասնելու, սահմանազատման, ապաշրջափակման առնչութեամբ, որոնք ի վերջոյ պիտի յանգին Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագիրի ստորագրութեան», ըսաւ Ռուսիոյ նախագահը:

 

Նախորդը

Յակոբ Տէր Խաչատուրեան Արցախի Մէջ Հանդիպած Է Երկրի Նախագահին, Պետական Նախարարին Եւ Անվտանգութեան Խորհուրդի Քարտուղարին Հետ

Յաջորդը

Յայտարարութիւններ ( 24 Նոյեմբեր 2022)

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.