Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական «Ազդակ-Բացառիկ»-ի. Դժուար Պայմաններ Դիմակայելու Պատրաստութեամբ

Յունուար 11, 2023
| Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արդէն երկրորդ տարեմուտն է, որ «Ազդակ» իր բացառիկի ձեւաչափը ներկայ տեսքով կը ներկայացնէ: Տնտեսական ծանր պայմաններու իբրեւ արդիւնք մեր բացառիկը իբրեւ ձեւաչափ նախկին տեսքը չունի. բովանդակութիւնը սակայն փորձած ենք պահել` նոյն առանցքը գերադասելով: Մեր կեանքի տարբեր ոլորտներու ամփոփումը եւ տարեփակի խորհրդածութիւններ` ուղենշելով գալիքը, յառաջիկայ աշխատանքները:

Իւրաքանչիւր մարզի մէջ վերջին տարիները ճգնաժամի մէջ աշխատելու փորձառութիւն ամբարեցին: Տեսութիւնը կը վերաբերի թէ՛ քաղաքական, թէ՛ մշակութային, թէ՛ կրթական, եւ թէ՛ մեր պարագային` մամուլի մարզերուն:

Խնդիրը տագնապահար գաղութներու եւ այս պարագային Լիբանանի տնտեսական տագնապին չի վերաբերիր միայն: Նախ ներազգային առումով բարոյահոգեբանական շատ ծանր վիճակ է` յետպատերազմեան ժամանակահատուածի հետեւանքները նկատի ունենալով: Զուգահեռ` իշխանութիւններուն վարած քաղաքականութեան ո՛չ միայն անարդիւնաւէտութիւնը, այլ նաեւ ներազգային մակարդակի վրայ բաժանարարութիւնը աւելիով կը դժուարացնեն համազգային գործը: Բեկումնային պահը կ՛ուշանայ, նահանջը կը շարունակուի տարածքային, անվտանգային առումներով եւ արտաքին քաղաքականութեան ուղղութիւններով:

Մամուլի մարզին մէջ մենք ունեցանք դժուարութիւններ: Քննական մտածողութեան զարգացման նպաստելով, Երեւանէն առնուած ամէն մէկ սխալ քայլը լուսարձակի տակ բերելով, անոր քննադատական վերլուծումը կատարելով, բայց միաժամանակ ճիշդ ուղին մատնանշելով, սրբագրուելու մղումը հաղորդելով, եւ ամէնէն կարեւորը` յուսահատական մթնոլորտի տարածման չնպաստելով փորձեցինք հաւասարակշռել մեր խմբագրական քաղաքականութիւնը: Աւելի՛ն, նոր ուղի ցոյց տալով, հեռանկար բանալով եւ արձանագրուած կորուստները վերականգնելու նախադրեալները հրապարակելով աշխատանք տարինք փակուղիէն ելքեր ցոյց տալու:

Միշտ չէ, որ յաջողեցանք այս փորձերուն մէջ: Երկուքին համատեղումը կամ բացասականին դիմաց դրականին վրայ լոյս սփռելը ակնկալուած արդիւնքներ չտուին, եւ մենք յաճախ ստացանք յուսախաբ ընող արձագանգներ:

Նոյնքան դժուար եղաւ նաեւ լիբանանահայութեան հասած օժանդակութիւններու լուսաբանումը, գաղութին ներկայացուցած ռազմավարական նշանակութեան վեր առնումը, բացատրելը, թէ` նպաստընկալ համայնք չէ՛ լիբանանահայութիւնը, թէ` լիբանանահայութեան օգնելով սփիւռքը ըստ էութեան ինքնիրեն օգնած կ՛ըլլայ, եթէ կ՛ուզէ այս միջավայրը նկատել իբրեւ մարդուժի գլխաւոր արտադրամաս:

Պիտի ընդունինք, որ արժէքներու փոփոխութեան ներկայ պայմաններուն մէջ հակաքարոզչութիւն-քարոզչութիւն պայքարը կամ տեղեկատուութիւն- ապատեղեկատուութիւն պատերազմը միշտ ի նպաստ առաջինին չէ, որ արդիւնքներ կ՛արձանագրէ:

Թէ՛ հայաստանեան-արցախեան եւ թէ՛ սփիւռքեան-լիբանանեան ուղղութիւններով նախադրեալները այնպէս կը յուշեն, որ այս դժուարութիւնները պիտի յամենան. եւ ինչպէս որ ճգնաժամային պայմաններու մէջ տարբեր ոլորտներու պատասխանատու մարմիններ փորձառութիւն ամբարեցին հակաճգնաժամային ծրագիրներ մշակելու, վերականգնելու, վերապրելու եւ վերազարգանալու նոր մօտեցումներ որդեգրելով, այնպէս նաեւ մամուլը եւ այս պարագային «Ազդակ»-ը պիտի շարունակէ իր թիավարումը համազգային ծանրագոյն եւ տնտեսական առումով նոյնքան դժուար պայմաններ կանխատեսելով:

Դժուար փուլերէ անցնելու տարի մը կը բացուի մեր առջեւ: Պէտք է գիտնալ տիրապետել յարափոփոխութեան հետ իբրեւ աշխատակարգ յարմարելու միջոցներուն: Սակայն մի՛շտ պահելով բովանդակութիւնը, գաղափարականութիւնը եւ այն արժէքները, որոնց տարածման համար կը գործեն մեր հաստատութիւնները, մեր կառոյցները, մեր մամուլը, «Ազդակ»-ը:

Նախորդը

2023 Տարուան Հայրապետական Հռչակագրի Գործադրութիւնը Անյետաձգելի Հրամայական Է Յատկապէս Սփիւռքեան Մեր Կեանքին Մէջ

Յաջորդը

«Լա Լիկա». Պարսելոնա Յաղթեց, Ռէալ Մատրիտ Պարտուեցաւ

RelatedPosts

Ակնարկ.  Ռիատի Նոր Ուղղութիւնը
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Ռիատի Նոր Ուղղութիւնը

Նոյեմբեր 8, 2025
Սէուտական Բարձրաստիճան  Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց Հայաստան
Գլխաւոր լուրեր

Սէուտական Բարձրաստիճան Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց Հայաստան

Նոյեմբեր 8, 2025
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Համազգայինի Մ. Եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան  Եւ Սրբոց Հռիփսիմեանց Վարժարան
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Համազգայինի Մ. Եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան Եւ Սրբոց Հռիփսիմեանց Վարժարան

Նոյեմբեր 8, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?