Գլխաւոր լուրեր

«Հայաստան» Դաշինքի Եզրափակիչ  Հանդիպումը Ընտրողներուն Հետ

«Հայաստան» Դաշինքի Եզրափակիչ Հանդիպումը Ընտրողներուն Հետ

Երէկ` 5 յունիսին Երեւանի «Տինամօ» մարզադահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ «Հայաստան» դաշինքի եզրափակիչ հանդիպումը ընտրողներուն հետ: Հաւաքը սկսաւ Հայաստանի Հանրապետութեան քայլերգով: Ելոյթ ունեցողները շնորհակալութիւն յայտնեցին դաշինքի աջակիցներուն ու համակիրներուն մէկ ամիս շարունակ իրենց հետ ըլլալու, զիրենք ոգեւորելու համար: Անոնք յառաջիկայ ընտրութիւնները կարեւոր նկատեցին Հայաստանի ըլլալ-չըլլալու, ապագայ ունենալ-չունենալու տեսանկիւնէն` նշելով, որ լիայոյս են իրենց յաղթանակի հարցին մէջ: Դաշինքի ղեկավար, Հայաստանի Հանրապետութեան երկրորդ...

Ակնարկ.  Բեմագրութենէն Իրական Պատկերի  Անցումի Պահը

Ակնարկ. Բեմագրութենէն Իրական Պատկերի Անցումի Պահը

Ուաշինկթընեան բանակցութիւններէն բխած յայտարարութիւնը Լիբանանի մէջ զինադուլի շուրջ համաձայնութեան մասին կը խօսէր: Ուշագրաւը Թրամփի յայտարարութիւնն էր առ այն, որ խօսած են Իսրայէլի եւ Հըզպալլայի հետ կրակը դադրեցնելու համար: Հըզպալլան իբրեւ հակամարտութեան կողմ կը նուիրականացուէր այսպիսով առաջին անգամ ըլլալով: Ըստ էութեան, Հըզպալլայի հետ պիտի կայանար համաձայնութիւնը, իրավիճակի վրայ վերահսկողութիւն ունենալու իր հանգամանքով: Այլապէս լիբանանեան կառավարութեան եւ Թել Աւիւի ներկայացուցիչներուն միջեւ կայացող...

Լիբանան-Իսրայէլ Միացեալ Հաղորդագրութիւն.  Ուաշինկթընի Մէջ Համաձայնութիւն` Հըզպալլայի Կողմէ  Կրակոցի Դադրեցումով Եւ Լիթանիի Հարաւէն Հեռանալով  Պայմանաւորուած Զինադադարի Շուրջ

Լիբանան-Իսրայէլ Միացեալ Հաղորդագրութիւն. Ուաշինկթընի Մէջ Համաձայնութիւն` Հըզպալլայի Կողմէ Կրակոցի Դադրեցումով Եւ Լիթանիի Հարաւէն Հեռանալով Պայմանաւորուած Զինադադարի Շուրջ

Միացեալ Նահանգները 2 եւ 3 յունիսին Ուաշինկթընի մէջ ուղղակի բանակցութիւններէ ետք Լիբանանի եւ Իսրայէլի հետ միացեալ հաղորդագրութեան մը մէջ յայտարարեցին. «Երկու կողմերը գոյացուցին համաձայնութիւն զինադադար հաստատելու` պայմանով, որ Հըզպալլան իր կրակոցը դադրեցնէ, եւ անոր բոլոր անդամները տարհանուին Լիթանի գետէն հարաւ գտնուող տարածքէն»: «Երկու կողմերը, իբրեւ համապարփակ խաղաղութեան եւ անվտանգութեան համաձայնագիրի հասնելու ուղղուած քայլ, ամերիկեան առաջնորդութեամբ, համաձայնեցան արագացնել ստեղծումը փորձառական գօտիներու,...

Քոչարեան. «Կ՛երաշխաւորեմ,  Որ Պատերազմ Պիտի Չըլլայ»

Քոչարեան. «Կ՛երաշխաւորեմ, Որ Պատերազմ Պիտի Չըլլայ»

Երէկ քարոզարշաւը Սեւանի մէջ կայացուց Հայաստանի երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի գլխաւորած «Հայաստան» դաշինքը: «Ընտրութիւններէն ետք պէտք է վերանորոգել երկիրը», այս կոչով սեւանցիներուն դիմեց վարչապետի ընդդիմադիր թեկնածուն: Քոչարեանի երէկուան ելոյթի առանցքին մէջ կրկին հայ-ռուսական վատթարացող յարաբերութիւնները կը գտնուէին: «Իմ տպաւորութիւնս այնպիսին է, որ այս իշխանութիւնը ոչ մէկ հաշուարկ կ՛ընէ, անիկա միայն մէկ հաշուարկ ունի` ի՞նչ ընէ, որ աթոռը պահէ, թքած ունի,...

Արաղչի. «Բանակցային Հոլովոյթին Մէջ  Որեւէ Շօշափելի Յառաջընթաց  Չէ Արձանագրուած»

Արաղչի. «Բանակցային Հոլովոյթին Մէջ Որեւէ Շօշափելի Յառաջընթաց Չէ Արձանագրուած»

Ամերիկացիներու հետ կապը չէ ընդհատուած, եւ հաղորդակցութիւններ փոխանակուած են Պէյրութի վրայ յարձակումները դադրեցնելու անհրաժեշտութեան վերաբերեալ: Իրանեան «Թասնիմ» լրատու գործակալութեան հաղորդումով այս մասին յայտարարած է Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչի: Արաղչի նաեւ ընդգծած է, թէ բանակցային հոլովոյթին մէջ որեւէ շօշափելի յառաջընթաց չէ արձանագրուած: Աղբիւրներ, սակայն, «Հատաս» պատկերասփիւռի կայանին յայտնեցին, որ Ուաշինկթըն եւ Թեհրան փուլային համաձայնութեան կնքման կը մօտենան: Անոնք նշեցին,...

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէն  Փոխըմբռնման Յուշագիր Ստորագրեց  Արաբական Բաց Համալսարանին Հետ

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէն Փոխըմբռնման Յուշագիր Ստորագրեց Արաբական Բաց Համալսարանին Հետ

Երեքշաբթի, 2 յունիս 2026-ին, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն, յանձինս Կեդրոնական կոմիտէի անդամներ Աւետիս Կիտանեանի, Արամ Սոմունճեանի եւ Եղիա Թաշճեանի, ընդունեց Արաբական բաց համալսարանի (Arab Open University) պատուիրակութիւնը: Պատուիրակութեան մաս կազմեցին համալսարանի ուսումնական հարցերու փոխնախագահ դոկտ. Տանի Աուն, ընդունելութեան բաժանմունքի պատասխանատու դոկտ. Ղատի Մոքալլետ եւ հաստատութիւններու հետ յարաբերութիւններու համակարգող Ուալիտ Սէյֆ: ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն համալսարանի ներկայացուցիչներուն հետ ստորագրեց փոխըմբռնման յուշագիր...

Ուաշինկթըն. «Լիբանան-Իսրայէլ  Բանակցութիւնները Դէպի Համապարփակ  Համաձայնութիւն Կը Յառաջանան»

Ուաշինկթըն. «Լիբանան-Իսրայէլ Բանակցութիւնները Դէպի Համապարփակ Համաձայնութիւն Կը Յառաջանան»

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը 2 յունիսին Ուաշինկթընի մէջ Լիբանան-Իսրայէլ քաղաքական հոլովոյթի բանակցութիւններու առաջին օրուան աւարտին յայտարարեց. «Իսրայէլի եւ Լիբանանի միջեւ քաղաքական եւ ապահովական հոլովոյթներու շարունակուող յառաջընթաց կայ, եւ աշխատանք կը տանինք շրջանցելու անցնող 20 տարիներու ձախողութիւնները»: «Բանակցութիւնները կը յառաջանան դէպի համապարփակ համաձայնութիւն, որուն նպատակը Լիբանանի գերիշխանութեան վերականգնումն ու Իսրայէլի անվտանգութեան երաշխաւորումն է», նշեց նախարարութիւնը: Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան...

Դարձեալ Միացեալ Նահանգներ-Իրան  Փոխադարձ Յարձակումներ

Դարձեալ Միացեալ Նահանգներ-Իրան Փոխադարձ Յարձակումներ

Իրանի Յեղափոխական պահակագունդը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ ամերիկեան բանակը «երէկ ուշ գիշերին» Հորմուզի նեղուցի մերձակայքին մէջ թիրախաւորած է իրանեան քարիւղատար նաւ մը, որուն շարժակներու սենեակը վնասուած է: Այդ յարձակումին իբրեւ հակադարձութիւն հրթիռներով թիրախաւորուած է ամերիկեան «Փանայա» նաւը: Յեղափոխական պահակագունդը նշեց, որ ամերիկեան ուժերը Քաշամ կղզիին վրայ իր հաղորդակցութեան մէկ աշտարակին վրայ օդային յարձակում գործած են, որուն իբրեւ հակադարձութիւն թիրախաւորուած...

Ուքրանիա Յարձակում Գործեց  Ս. Փեթերսպուրկի Մէջ  Գտնուող Ենթակառոյցներու Վրայ

Ուքրանիա Յարձակում Գործեց Ս. Փեթերսպուրկի Մէջ Գտնուող Ենթակառոյցներու Վրայ

Ուքրանիոյ զինեալ ուժերու անօդաչու թռչող սարքերը յարձակած են Ս. Փեթերսպուրկի Քորնշթատթի, Քիրովի եւ Քրասնոսելսքի շրջաններուն մէջ գտնուող ենթակառոյցներու վրայ` պատճառելով վնասներ: Արձանագրուած են քանի մը վիրաւորներ: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտնած է քաղաքի կառավարութեան մամլոյ ծառայութիւնը: Ս. Փեթերսպուրկի մէջ խափանումներ տեղի ունեցած են բջիջային համացանցի աշխատանքին մէջ: Քաղաքի «Փուլքովօ» օդակայանին մէջ չեղեալ նկատուած կամ յետաձգուած են...

Խուզարկութիւններ` «Հայաստան»  Դաշինքի Կեդրոններուն Մէջ

Խուզարկութիւններ` «Հայաստան» Դաշինքի Կեդրոններուն Մէջ

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ, Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Իշխան Սաղաթէլեան նախանցեալ օր անդրադարձած է ընդդիմադիր ուժերու նախընտրական գործունէութեան եւ իրաւապահ մարմիններու գործողութիւններուն: Անոր համաձայն, Փտածութեան դէմ պայքարի կոմիտէն խուզարկութիւններ իրականացուցած է «Հայաստան» դաշինքի շարք մը նախընտրական կեդրոններու մէջ, ներառեալ Աշտարակի մէջ, ինչպէս նաեւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի նախագահ Աշոտ Սիմոնեանի բնակարանին մէջ: Սաղաթէլեան յայտարարած է, որ իշխանութիւնները նման...

Խմբագրական.  Պոֆորէն Ստեփանակերտի  Ս. Աստուածածին Եկեղեցի

Խմբագրական. Պոֆորէն Ստեփանակերտի Ս. Աստուածածին Եկեղեցի

Իսրայէլի գործած յարձակումներուն թիրախ դարձած Պոֆորի ամրոցը, դատապարտումի առումով, ոչ միայն լիբանանեան, այլ նաեւ միջազգային հնչեղութիւն ստացաւ: Առնուն գիւղին մօտ գտնուող 12-րդ դարուն կառուցուած խաչակրական ամրոցը իր դիրքով կը վերահսկէ Լիթանի գետը: Քաղաքակրթականին առընթեր ռազմագիտական կարեւորութիւն ներկայացնող այս կառոյցը  յաջորդաբար  գտնուած է խաչակիրներու, Սալահէտտինի, մեմլուքներու եւ օսմանցիներու վերահսկողութեան տակ: Լիթանիի նկատմամբ իր վերահսկողական դիրքը Իսրայէլի համար ռազմավարական նշանակութիւն ունի փաստօրէն:...

Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան  Յարձակումները Կը Շարունակուին

Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Յարձակումները Կը Շարունակուին

Լիբանանեան իշխանութիւնները երէկ յայտարարեցին, որ առնուազն 9 հոգի սպաննուած են եւ 5 ուրիշներ, ներառեալ երկու զինուորներ վիրաւորուած` հարաւային Լիբանանի շարք մը շրջաններու վրայ կատարուած իսրայէլեան օդային յարձակումներուն պատճառով: Լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը տեղեկացուց, որ երկու զինուորները վիրաւորուած են, երբ Հապպուշ-Տէյր Զահրանի ճամբուն վրայ իսրայէլեան անօդաչու թռչող սարքի մը կողմէ յարձակումի ենթարկուած են: Քաղաքային պաշտպանութեան ուժերը յայտարարեցին, որ Սայտա գաւառի Մարուանիէ գիւղին...

Լիբանանի Հարցով ՄԱԿ-ի Ապահովութեան  Խորհուրդի Արտակարգ Նիստ

Լիբանանի Հարցով ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդի Արտակարգ Նիստ

ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը Ֆրանսայի պահանջով գումարեց արտակարգ նիստ մը, որուն ընթացքին ՄԱԿ-ի մէջ խաղաղութեան գործողութիւններու յանձնակատարի տեղակալ Մարթա Ամա Աքիա Փոփի յայտնեց, որ Իսրայէլի լիբանանեան հողերուն մէջ դէպի հիւսիս յառաջանալը եւ անոր ուժերուն «Կապոյտ գիծ»-էն անդին գտնուիլը Լիբանանի գերիշխանութեան եւ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 որոշումի բացայայտ խախտումներ են` զգուշացնելով, որ կացութիւնը մեծ մտահոգութիւն կը պատճառէ: Ան Ապահովութեան խորհուրդին կոչ...

Թրամփ. «Յառաջիկայ Շաբթուան Ընթացքին  Իրանի Հետ Շրջագծային  Համաձայնութիւն Կրնայ Կնքուիլ»

Թրամփ. «Յառաջիկայ Շաբթուան Ընթացքին Իրանի Հետ Շրջագծային Համաձայնութիւն Կրնայ Կնքուիլ»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտնեց, որ յառաջիկայ շաբաթ կրնայ Իրանի հետ զինադադարի երկարաձգման եւ Հորմուզի նեղուցի վերաբացման շրջագծային համաձայնութիւն կնքուիլ: Թրամփ «Էյ.Պի.Սի.Նիուզ» պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց, որ համաձայնութեան կարգ մը կէտերը տակաւին չեն վերջնականացած` աւելցնելով, որ տակաւին անոր վերջնական հաւանութիւն չէ տուած: «Իրանի հետ խաղաղութեան համաձայնութիւն մը կրնայ նոյնիսկ զինուորական յաղթանակէն աւելի լաւ ըլլալ», նշեց Սպիտակ տան ղեկավարը` աւելցնելով, որ...

Ընդդիմադիր Գործիչ Ալեքսան Ալեքսանեան`  Ձերբակալուած

Ընդդիմադիր Գործիչ Ալեքսան Ալեքսանեան` Ձերբակալուած

Քննչական կոմիտէն երէկ յայտարարեց, որ բացայայտուած է բազմաթիւ անձեր նիւթապէս շահագրգռելու եւ առանձնապէս մեծ չափերով դրամի լուացման դէպք: «Ուժեղ Հայաստան» դաշինքի աջակից Ալեքսան Ալեքսանեան ձերբակալուած է: Ըստ Քննչական կոմիտէին, Ալեքսանեան, հանդիսանալով «Մեր ձեւով ազգային արժէքներու պահպանութիւն» հասարակական կազմակերպութեան հիմնադիրն ու ղեկավարը, 2025 թուականի սեպտեմբերէն մինչեւ 2026 թուականի մայիսը ձեւական աշխատանքի ընդունած է շուրջ 1400 քաղաքացի` զանոնք ներգրաւելով Սամուէլ Կարապետեանի աջակիցներու,...

Ակնարկ.   Միջանկեալ Թէժ Փուլ` Լիբանանի Մէջ

Ակնարկ. Միջանկեալ Թէժ Փուլ` Լիբանանի Մէջ

Միացեալ Նահանգներ-Իրան 60-օրեայ հրադադարի հաստատման շուրջ բանակցութիւնները երեւութապէս առկախուած էին: Կողմերը չէին համաձայնած, սակայն կը թուէր, որ դիւանագիտական պատուհանները բաց են միջնորդաւորուած երկխօսութիւնը շարունակելու: Ճիշդ է, որ անօդաչուներու, ռատարներու եւ յենակէտերու մակարդակներով փոխադարձ հարուածներ կ՛արձանագրուին, այդուհանդերձ մեծ գործողութիւններու չեն դիմուիր: Հորմուզի կարգավիճակը կը շարունակէ հանգուցային մնալ, որուն շուրջ ալ կ՛ընթանան եւ պիտի ընթանան բանակցութիւնները: Երէկ Թեհրան պաշտօնապէս յայտարարեց, որ նկատի...

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Ընտանիքը  Նշեց Մայիսեան Յաղթանակը

Հայաստանի Հանրապետութեան Անկախութեան Փառատօնին ՀՄԸՄ-ականները Վերանորոգեցին Ուխտը` Շարունակելու Մայիս 28-ով Սկսած Երթը

Կիրակի, 31 մայիս 2026-ին, կէսօրէ ետք ժամը 5:00-էն սկսեալ Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի դաշտը կրկին ժամադրավայրն էր լիբանանահայութեան, որ եկած էր ՀՄԸՄ-ի մեծ ընտանիքին հետ աւանդական ու տպաւորիչ փառատօնով նշելու Հայաստանի անկախութիւնը: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին բարձր հովանաւորութիւնը, ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան հովանաւորութիւնը, Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանի նախագահութիւնը վայելող եւ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան կողմէ կազմակերպուած...

ՀՅԴ Լիբանանի Ընտանիքը Յարգեց  Հայաստանի Անկախութեան Կերտիչներուն  Յիշատակը

ՀՅԴ Լիբանանի Ընտանիքը Յարգեց Հայաստանի Անկախութեան Կերտիչներուն Յիշատակը

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին, Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 108-ամեակին առիթով, կիրակի, 31 մայիս կէսօրուան ժամը 1:00-ին Ֆըրն Շըպպէքի Ազգային գերեզմանատան մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի անկախութեան կերտիչներուն եւ այդ ճամբուն վրայ իրենց կեանքը ընծայաբերած հերոսներուն յիշատակի հոգեհանգստեան արարողութիւն եւ յարգանքի տուրք: Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատան մէջ եւս ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Միջին Արեւելքի պատասխանատու եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի եւ...

Գոհաբանական Մաղթանք  Եւ Եռագոյն Դրօշի Օրհնութիւն`  Լիբանանի Հայոց Թեմի Եկեղեցիներուն Մէջ

Գոհաբանական Մաղթանք Եւ Եռագոյն Դրօշի Օրհնութիւն` Լիբանանի Հայոց Թեմի Եկեղեցիներուն Մէջ

Մայիսեան անկախութեան 108-րդ տարեդարձին առիթով, կիրակի, 31 մայիսին Լիբանանի հայոց թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ յընթացս սուրբ պատարագի տեղի ունեցաւ գոհաբանական մաղթանք եւ կատարուեցաւ Եռագոյն դրօշի օրհնութիւն: Առ այդ, նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանի, Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ սուրբ պատարագ, որուն ընթացքին սրբազան հայրը օրհնեց Եռագոյն դրօշը եւ կատարեց գոհաբանական մաղթանք, որմէ ետք դպրաց դասը երգեց...

Քաց. «Եթէ Հիւսիսային Իսրայէլի Մէջ  Հանդարտութիւն Չի Տիրեր, Պէյրութի Մէջ  Եւս Հանդարտութիւն Պիտի Չտիրէ»

Քաց. «Եթէ Հիւսիսային Իսրայէլի Մէջ Հանդարտութիւն Չի Տիրեր, Պէյրութի Մէջ Եւս Հանդարտութիւն Պիտի Չտիրէ»

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու երէկ առաւօտեան յայտարարեց. «Հըզպալլայի կողմէ Լիբանանի մէջ զինադադարի իրերայաջորդ խախտումներէն եւ մեր քաղաքներուն ու քաղաքացիներուն վրայ յարձակումներէն ետք, պաշտպանութեան նախարար Իսրայէլ Քացի հետ գործակցաբար իսրայէլեան բանակին ցուցմունք տուի Պէյրութի Հարաւային արուարձաններու մէջ թիրախներ յարձակումի ենթարկելու»: Քաց իր կարգին նշեց. «Ես եւ Նեթանիահուն իսրայէլեան բանակին ցուցմունք տուինք Պէյրութի Հարաւային արուարձաններու մէջ թիրախներ յարձակումի ենթարկելու»: Այս յայտարարութենէն անմիջապէս...

Page 24 of 795 1 … 23 24 25 … 795

Արխիւներ