Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլեան Բանակը Վերագրաւեց  Շքիֆի Ամրոցը

Իսրայէլեան Բանակը Վերագրաւեց Շքիֆի Ամրոցը

Իսրայէլեան բանակը 2000 թուականին Հարաւային Լիբանանէն հեռանալէն 26 տարի ետք վերագրաւեց Նապաթիէի Առնուն շրջանին մէջ գտնուող Շքիֆի ամրոցը, եւ անոր վրայ բարձրացուց Իսրայէլի դրօշը: Իսրայէլեան բանակի բանբեր Աւիխայ Ատրահի յայտարարեց. «Հարաւային Լիբանանի Շքիֆի բարձունքներուն եւ Սլուքի հովիտի շրջանին մէջ լայնածաւալ գործողութեան ձեռնարկեցինք: «Գործողութեան նպատակը հարաւային Լիբանանի վրայ վերահսկողութեան ամրապնդման եւ Գալիլիոյ ու Մթըլլէ գիւղին դէմ ուղղակի սպառնալիքի վերացման ծիրին մէջ...

Յակոբ Բագրատունի. «Հաւանական Չէ,  Որ Մօտերս Խաղաղութեան Համաձայնագիր  Կնքուի Լիբանանի Եւ Իսրայէլի Միջեւ»

Յակոբ Բագրատունի. «Հաւանական Չէ, Որ Մօտերս Խաղաղութեան Համաձայնագիր Կնքուի Լիբանանի Եւ Իսրայէլի Միջեւ»

«Լեպանոն Տիպէյթ» կայքի պատկանող «Ռետ Թի.Վի.» պատկերասփիւռի կայանի հարցումներուն պատասխանելով` ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Միջին Արեւելքի պատասխանատու եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի անդրադարձաւ Լիբանանի ներքին իրավիճակին ու արտաքին առնչութիւններուն: Հարցերը հիմնականին մէջ կեդրոնացան հարաւային Լիբանանի մէջ իսրայէլեան յաճախակի յարձակումներուն, խաղաղութեան պայմանագիրի կնքումի հաւանականութեան եւ արտաքին կողմերու միջնորդական դերին վրայ: Արտաքին ճակատին վրայ առանցքային հարց էր` Իրան-Իսրայէլ-Միացեալ Նահանգներ պատերազմն ու...

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Ընտանիքը  Նշեց Մայիսեան Յաղթանակը

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Ընտանիքը Նշեց Մայիսեան Յաղթանակը

Բարձր հովանաւորութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին, հովանաւորութեամբ ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան, նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանին  եւ կազմակերպութեամբ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, կիրակի, 31 մայիս 2026-ին, կէսօրէ ետք ժամը 5:00-էն սկսեալ Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի դաշտին վրայ տեղի ունեցաւ Հայաստանի անկախութեան նուիրուած Մայիսեան աւանդական եւ տպաւորիչ փառատօն: Բացման խօսքը արտասանեց Լուսին Գազանճեան: ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան...

Թրամփ. «Ուաշինկթըն Իրանի Հետ  Շատ Լաւ Գործարքի Կը Մօտենայ»

Թրամփ. «Ուաշինկթըն Իրանի Հետ Շատ Լաւ Գործարքի Կը Մօտենայ»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարեց, որ Ուաշինկթըն Իրանի հետ «շատ լաւ գործարքի» կը մօտենայ, սակայն ընդգծեց, որ բանակցութիւններու տապալման պարագային զինուորական գործողութիւններու տարբերակը սեղանին վրայ կը մնայ: Ան այս մասին յայտնեց «Ֆոքս Նիուզ»-ին: «Ասիկա արդէն իսկ յաղթանակ է: Մենք անոնց բանակը պարտութեան մատնած ենք, անոնց բանակը ըստ էութեան պարտութեան մատնած ենք», ըսաւ Թրամփ իր հարսին` «Ֆոքս Նիուզ»-ի մեկնաբան Լարա...

Հայաստանի Հանրապետութեան Անկախութեան  Օրը Նշուեցաւ Սարդարապատի Մէջ

Հայաստանի Հանրապետութեան Անկախութեան Օրը Նշուեցաւ Սարդարապատի Մէջ

Մայիս 28-ին, Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան օրուան առիթով Սարդարապատ այցելեցին «Հայաստան» դաշինքի անդամները` Հայաստանի նախկին նախագահ, դաշինքի առաջնորդ Ռոպերթ Քոչարեանի գլխաւորութեամբ: Ձեռնարկը սկսաւ Տէրունական աղօթքով, ապա Արթուր Խաչենցի մեկնաբանութեամբ հնչեց «Գինի լից» երգը: Օրուան խորհուրդին վերաբերող խօսքեր արտասանեցին ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան, հասարակական գործիչ Մելիք Գարագաւորեան, Աննա Յարութիւնեան, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան եւ Քոչարեան: Ռուստամեան Դաշնակցութեան անունով...

Հաւատարի՛մ Մայիս 28-ի Պատգամին

Հաւատարի՛մ Մայիս 28-ի Պատգամին

Մայիս 28-ը դէպք ու թուական ըլլալէ անդին, խորհրդանիշ է Հայաստանի անկախութեան: Մայիս 28-ը հոմանիշ է ազգային վեհ իտէալներուն շուրջ համախմբուելու հայ ժողովուրդի հաւաքական կամքին: Մայիս 28-ը յուշարար է հաւատքի ոյժով ու անմնացորդ նուիրումով ու նո՛յնիսկ արեան նահատակութեամբ հայրենիքին համար պայքարելու ամուր յանձնառութեան: Այսպէս եղած են մեր պատմութեան խորհրդանիշերը: Անդրանցնելով իրենց ժամանակի նեղ սահմանները, անոնք դարձած են խորհրդանիշ սրբազան արժէքներու, լուսափայլ...

Խմբագրական.  Հաւատարիմ` Հանրապետութեան Զինանշանի Խորհուրդին  (Անկախութեան Տօնի 108-Ամեակ)

Խմբագրական. Հաւատարիմ` Հանրապետութեան Զինանշանի Խորհուրդին (Անկախութեան Տօնի 108-Ամեակ)

Հայաստանի Հանրապետութեան զինանշանին ամփոփած խորհուրդները այսօր այժմէական նշանակութիւն կը ստանան եւ յստակ ուղերձներ կը յղեն: Զինանշանով պատկերուած խորհրդանշաններէն կեդրոնանանք վահանի կեդրոնը ամփոփուած Արարատ լերան եւ Նոյեան տապանին վրայ, որոնք  հայ ժողովուրդի հայրենիքին եւ յարատեւութեան խորհրդանիշն են: Տապանը` մարդկութեան վերածնունդի ու քրիստոնէական աւանդութեան նշանը: Վահանի չորս բաժինները կը ներկայացնեն Հայոց պատմութեան  չորս թագաւորական տոհմերը: Ա. հանրապետութեան օրով ընդունուած այս զինանշանը վերահաստատուեցաւ...

Ակնարկ.  Հիմա, 60 Օր Եւ Հարաւի Ազատագրութեան Օրը

Ակնարկ. Հիմա, 60 Օր Եւ Հարաւի Ազատագրութեան Օրը

Շաբաթ օրէն սկսեալ միջազգային լրատուադաշտը կը խօսի Միացեալ Նահանգներ-Իրան համաձայնութեան բարձր հաւանականութեան մասին: Հետզհետէ կը յստականայ, որ համաձայնութիւնը 60-օրեայ ժամկէտով է  եւ ունի փոխըմբռնման յուշագիրի տեսք: Համաձայնելի կէտերը կը վերաբերին` - Հորմուզի միջանցքի բացումին, - Բոլոր արտաքին ճակատներու պատերազմական գործողութիւններու դադրեցումին, - Իրանեան ուժանիւթի արտահանման, - Իրանի ծովային պաշարումի վերացումին, - Իրանի դէմ պարտադրուած պատժամիջոցներու վերացման, - Իւրանիոմի հարստացման դադրեցումին,...

Ս. Ներսէս Շնորհալի Հայրապետ Կը Ներառուի  Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Սուրբերու Շարքին

Ս. Ներսէս Շնորհալի Հայրապետ Կը Ներառուի Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Սուրբերու Շարքին

Արամ Ա. վեհափառ հայրապետի Վատիկան կատարած պաշտօնական այցելութեան առիթով, Վատիկան պաշտօնապէս ու հրապարակային կերպով յայտարարեց, թէ որոշած է Ս. Ներսէս Շնորհալի հայրապետը ներառել Կաթողիկէ եկեղեցւոյ սուրբերու ցանկին: Այս որոշումին համաձայն, 13 օգոստոսը ճշդուած է Ս. Ներսէս Շնորհալիի յիշատակութեան օր: Շնորհալի հայրապետը կը նկատուի մեծ աստուածաբան եւ միջեկեղեցական յարաբերութեանց ախոյեան: Յայտնենք, որ Լեւոն ԺԴ. պապը վեհափառ հայրապետը ողջունող իր պաշտօնական ուղերձին...

«Լիբանանի Բաժանման Ծրագիրը  Անվերադարձ Վերջ Գտած Է»  Ընդգծեց Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի

«Լիբանանի Բաժանման Ծրագիրը Անվերադարձ Վերջ Գտած Է» Ընդգծեց Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի

Շաբաթավերջին ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Միջին Արեւելքի պատասխանատու եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի «Էն.Պի.Էն.» պատկերասփիւռի կայանին եւ «Սաութ Քուլ Լուպնան» ձայնասփիւռի կայանին հետ իր ունեցած հարցազրոյցներուն ընթացքին անդրադարձաւ լիբանանեան իրավիճակին առնչուող ներքին թէ արտաքին իրադարձութիւններուն: Ստորեւ, նշեալ զրոյցներու հիմնական կէտերը` սեղմ տողերու մէջ: «Էն.Պի.Էն.» պատկերասփիւռի կայանի «Մալաֆֆաթ» («Թղթածրարներ») խորագրեալ յայտագիրի ընթացքին երեսփոխան Բագրատունի նշեց, որ Լիբանան ներկայիս կը դիմակալէ...

Միացեալ Նահանգներ-Իրան Փոխըմբռնման  Յուշագիրի Մը Ձեռքբերումը Մօտալուտ Կը Թուի

Միացեալ Նահանգներ-Իրան Փոխըմբռնման Յուշագիրի Մը Ձեռքբերումը Մօտալուտ Կը Թուի

Փաքիստանի վարչապետ Շահպազ Շարիֆ շնորհաւորեց Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփը` «խաղաղութեան հաստատման անոր արտակարգ ջանքերուն եւ շաբաթ օր Սէուտական Արաբիոյ, Քաթարի, Թուրքիոյ, Եգիպտոսի, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու, Յորդանանի եւ Փաքիստանի ղեկավարներուն հետ արդիւնաւէտ ու չափազանց օգտակար հեռաձայնային զրոյց կատարելուն համար»: «(Փաքիստանեան) բանակի հրամանատար զօր. Ասեմ Մունիր հեռաձայնային այս հաղորդակցութեան մէջ ներկայացուց Փաքիստանը: Խոր գնահատանքս կը յայտնեմ` ամբողջ հոլովոյթին ընթացքին անոր խոր...

Լաւրով. «Հայաստանը Կը Փորձեն Ներքաշել  Հակառուսական Սխալ Ճամբար` Ռուսիոյ Վնասելու Համար»

Լաւրով. «Հայաստանը Կը Փորձեն Ներքաշել Հակառուսական Սխալ Ճամբար` Ռուսիոյ Վնասելու Համար»

Հայաստանը կը փորձեն ներքաշել հակառուսական ճամբար` նպատակ ունենալով Ռուսիոյ կարելի եղածին չափ մեծ ցաւ պատճառել: «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով: «Արեւմուտքը կը փորձէ պառակտել մեր դաշնակիցները` նախ եւ առաջ սկսելով մեր դրացիներէն, ինչպէս ատիկա ըրաւ Վրաստանի եւ Մոլտովայի հետ, ինչպէս հիմա ատիկա կ՛ընէ Ուքրանիոյ հետ, եւ ինչպէս հիմա կը փորձեն...

Ակնարկ.   Խառնածին Գրոհ` Ներքին Կարգով

Ակնարկ. Խառնածին Գրոհ` Ներքին Կարգով

Արդի քաղաքագիտութիւնը խառնածին (հիպրիտային) գրոհ բնութագրումով կը բնորոշէ բազմաշերտ յարձակումները, ուր միաժամանակ կ՛օգտագործուին տարբեր միջոցներ եւ տարբեր եղանակներ, ռազմականին առընթեր: Խառնածին յարձակումները կրնան ներառել  ռազմական գործողութիւններ, համացանցային յարձակումներ, ապատեղեկատուութիւն, տնտեսական ճնշում, քաղաքական ազդեցութիւն, ընկերային անկայունութեան հրահրում, յատուկ ծառայութիւններու գաղտնի գործողութիւններ: Այս ձեւակերպումը ընդհանրապէս կ՛օգտագործուի այլ պետութեան մը կողմէ իրականացուած գործողութիւններուն համար: Սակայն, գործողութիւններու բնութագրումը կարելի է ընկալել նաեւ ներքին կարգով`...

Ուաշինկթըն «Խաղաղութեան Հոլովոյթը  Խոչընդոտելնուն» Համար 9 Լիբանանցիներու Դէմ  Պատժամիջոցներ Հաստատեց

Ուաշինկթըն «Խաղաղութեան Հոլովոյթը Խոչընդոտելնուն» Համար 9 Լիբանանցիներու Դէմ Պատժամիջոցներ Հաստատեց

Միացեալ Նահանգներու ելեւմուտքի նախարարութիւնը հաղորդեց, որ նախարարութեան օտար դրամատնային հաշիւներու հսկողութեան գրասենեակը պատժամիջոցներու ցուցակին վրայ ներառած է Լիբանանէն 9 անձեր` «Լիբանանի մէջ խաղաղութեան հոլովոյթը խոչընդոտելու եւ Հըզպալլայի զինաթափումը խոչընդոտելու յանցանքով»` աւելցնելով. «Հըզպալլայի համակիր այս պաշտօնատարները կը ներառեն անհատներ, որոնք ներթափանցած են Լիբանանի մէջ խորհրդարանի, բանակի եւ ապահովական մարմիններու մէջ, ուր աշխատանք կը տանին պահպանելու լիբանանեան պետութեան գլխաւոր հաստատութիւններուն վրայ Իրանի...

Դիմադրութեան Եւ Ազատագրութեան  Տօնին Առիթով Իր Ուղերձին Մէջ.  Հայքալ. «Բանակը Պիտի Շարունակէ Մնալ  Անառիկ Պատնէշը Ընդդէմ Ներքին Կայունութեան  Եւ Քաղաքացիական Խաղաղութեան  Քայքայման Սադրանքներուն»

Դիմադրութեան Եւ Ազատագրութեան Տօնին Առիթով Իր Ուղերձին Մէջ. Հայքալ. «Բանակը Պիտի Շարունակէ Մնալ Անառիկ Պատնէշը Ընդդէմ Ներքին Կայունութեան Եւ Քաղաքացիական Խաղաղութեան Քայքայման Սադրանքներուն»

Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ռուտոլֆ Հայքալ Դիմադրութեան եւ ազատագրութեան տօնին առիթով բանակայիններուն յղած իր ուղերձին մէջ յայտնեց. «Մեր հայրենիքի դիմագրաւած ճակատագրական մարտահրաւէրներու պայմաններուն մէջ կը նշենք Դիմադրութեան եւ ազատագրութեան տօնը` հայրենասիրական փուլ մը, որ Լիբանանի պատմութեան մէջ ձգեց լուսաւոր հետք մը, որովհետեւ կը մարմնաւորէ լիբանանցիներուն իրենց հողին, գերիշխանութեան ու ազգային արժանապատուութեան կառչածութիւնը ընդդէմ իսրայէլեան բռնագրաւումին»: «Կառչած մնացէ՛ք ձեր առաքելութեան եւ...

Խուզարկութիւններ` Անդրանիկ Թեւանեանի  Տան Եւ Գրասենեակին Մէջ

Խուզարկութիւններ` Անդրանիկ Թեւանեանի Տան Եւ Գրասենեակին Մէջ

Երէկ կանուխ առաւօտեան Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան դիմակաւորուած աշխատակիցները «Մայր Հայաստան» կուսակցութեան գրասենեակին մէջ քննչական գործողութիւններ իրականացուցին, այդ գործողութիւններուն ներկայ գտնուեցաւ նաեւ կուսակցութեան նախագահ, «Բարգաւաճ Հայաստան»-ի նախընտրական ցուցակի երկրորդ համար Անդրանիկ Թեւանեանը: Թեւանեան աւելի ուշ լրագրողներուն հետ զրոյցի ընթացքին ըսաւ. «Սա անհեթեթութիւն է: Նիկոլ Փաշինեան, ես ներկայացուցած եմ, թէ ի՛նչ պետական դաւաճանութեամբ զբաղած ես, եւ ես քեզ պիտի չներեմ այն, ինչ...

Իսլամապատ. «Փաքիստանի Վարչապետը Չինաստանի Մէջ  Միացեալ Նահանգներու Եւ Իրանի Պատերազմին  Վերջ Տալու Միացեալ Նախաձեռնութիւն Մը Պիտի Քննարկէ»

Իսլամապատ. «Փաքիստանի Վարչապետը Չինաստանի Մէջ Միացեալ Նահանգներու Եւ Իրանի Պատերազմին Վերջ Տալու Միացեալ Նախաձեռնութիւն Մը Պիտի Քննարկէ»

Փաքիստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Թահեր Անտրապի յայտարարեց, թէ Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի միջեւ խաղաղութիւնը «Փաքիստանի համար կարեւորութիւն ներկայացնող հարց է»: Ան նշեց, որ ատիկա կ՛արտացոլայ վարչապետի ղեկավարութեամբ Իսլամապատի թափած ամբողջ ջանքին մէջ: Անտրապի ըսաւ, որ Չինաստան կը զօրակցի փաքիստանեան միջնորդական ջանքերուն եւ Փաքիստանի հետ 5 կէտերէ բաղկացած նախաձեռնութիւն մը պատրաստած է: Փաքիստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը աւելցուց, որ իր...

Քոչարեան Իշխանութիւնները Կը Քննադատէ  Ռուսիոյ Հետ Յարաբերութիւններու  Վատթարացման Համար

Քոչարեան Իշխանութիւնները Կը Քննադատէ Ռուսիոյ Հետ Յարաբերութիւններու Վատթարացման Համար

Երէկ ընդդիմադիր «Հայաստան» դաշինքը Ապարանի եւ Թալինի մէջ քաղաքացիներուն հետ բազմամարդ հանդիպումներ ունեցաւ խորհրդարանական ընտրութիւններու քարոզարշաւի ծիրին մէջ: Հաւաքներուն ընթացքին «Հայաստան» դաշինքի ղեկավար, Հայաստանի Հանրապետութեան երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեան խստիւ քննադատեց իշխանութիւնները եւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը հանրութիւնը պառակտելու, մարդիկը մէկզմէկու դէմ հանելու եւ երկիրը թուլացնելու համար: «Այս մարդը չի հասկնար, որ նախընտրական ժամանակաշրջան է, թէ նախընտրական չէ, իշխանութեան կը լսեն...

Մոսկուայի Համաձայն.  Հայաստան Ռուսիոյ Հետ Յարաբերութիւններու  Ոգիին Անհամատեղելի Քայլերու Կը Ձեռնարկէ

Մոսկուայի Համաձայն. Հայաստան Ռուսիոյ Հետ Յարաբերութիւններու Ոգիին Անհամատեղելի Քայլերու Կը Ձեռնարկէ

Մոսկուայէն կրկին լուսարձակի տակ առին Հայաստան-Ռուսիա կապերուն մէջ յառաջացած ճեղքերն ու անոնց հետեւանքները: Արդարեւ, Ռուսիոյ Ապահովութեան խորհուրդի քարտուղար Սերկէյ Շոյկու յայտարարեց, որ Հայաստանի ղեկավարութիւնը վերջերս կը ձեռնարկէ այնպիսի քայլերու, որոնք անհամատեղելի են Ռուսիոյ հետ դաշնակցային յարաբերութիւններու ոգիին: Ըստ անոր, Հայաստան միջազգային հարթակներու վրայ պարբերաբար համաձայն կը գտնուի Եւրոպական Միութեան դիրքորոշման եւ միշտ կ՛աշխատի չափանիշերու փոփոխութեան եւ Եւրոպական Միութեան հետ մաքսային...

Թրամփ. «Իրանի Հետ Բանակցութիւններու  Վերջին Փուլերուն Մէջ Ենք»

Թրամփ. «Իրանի Հետ Բանակցութիւններու Վերջին Փուլերուն Մէջ Ենք»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարեց. «Իրանի հետ բանակցութիւններու վերջին փուլերուն մէջ ենք»: Այս մասին հաղորդեց իսրայէլեան պատկերասփիւռի 15-րդ կայանը: Ան աւելի ուշ ալ յայտնեց. «Եթէ Իրանէն 100 առ հարիւրով ճիշդ պատասխաններ ստանանք, բաւական ժամանակ, ջանք եւ կեանքեր պիտի խնայենք: Հարցերը կրնան շատ արագ ընթանալ կամ կրնան քանի մը օր տեւել, սակայն նաեւ չափազանց արագ կրնան աւարտիլ»: «Եթէ կարողացանք որոշումը...

Page 25 of 795 1 … 24 25 26 … 795

Արխիւներ