Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Կանգառ Եւ Վերահաշուարկներ

July 28, 2026
| Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իրանի դէմ լայնածաւալ  յարձակումի, ռազմավարական կէտեր հարուածելու ամերիկեան սպառնալիքներու իրականացումը առկախուած է: Միացեալ Նահանգներու նախագահը կը յայտարարէ, որ եթէ Թեհրան չընդառաջէ ամերիկեան պահանջներուն, ապա յարձակումները կը վերսկսին:

Առաստաղի բարձրացման, սպառնալիքներու մագլցումի այս ոճը արդէն իսկ աւանդական դարձած է: Իսկ նման փուլ կ՛ենթադրէ նոր բանակցութիւններու մեկնարկի նախապատրաստութիւն եւ բանակցային դիրքերու ամրապնդում, առաւելագոյնը ձեռք ձգելու համար:

Այստեղ սակայն կայ երանգային նրբութիւն: Այս անգամ առկախումն ու Իրան-Օման բանակցութիւններու մեկնարկը կը զուգադիպին ժամանակի իմաստով: Բանակցութիւններու բովանդակութեան եւ օրակարգի կէտերու մասին հրապարակային պաշտօնական հաղորդագրութիւններ չկան: Սակայն անմիջապէս քանի մը դիտարկում կարելի է արձանագրել` բանակցային իրողութիւնը նկատի ունենալով:

Առաջինը այն, որ նախքան շրջանային պատերազմի բռնկումը, Օմանը դարձած էր միջնորդ երկիր Միացեալ Նահանգներ-Իրան բանակցութիւններուն: Օմանին վստահուած էր  յատուկ առաքելութիւն յատկապէս հիւլէական թղթածրարի օրակարգով բանակցութիւններու հարթակ դառնալու: Նկատելի էր նաեւ, որ Օմանը սկսած էր այս առումով փոխարինել Քաթարը, որ մինչ այդ միջնորդային առաքելութիւն կ՛իրականացնէր ընդհանրապէս տարածաշրջանային քաղաքական հակամարտութիւններու:

Երկրորդ անմիջական հետեւողութիւնը, որ կարելի է ընել, այն է` բանակցելի հանգոյցը դարձեալ Հորմուզն է, նկատի ունենալով Օմանի աշխարհագրական դիրքը եւ Հորմուզի նկատմամբ իր ունեցած աշխարհագրական առաւելութիւնը:

Հիմա կը յաջորդէ տրամաբանական խնդիրը: Նախքան շրջանային պատերազմը, Իրանն ու Օմանը խնդիր չունէին Հորմուզի անցքի բանեցման առիթով: Հորմուզը կ՛աշխատէր բնականոն: Հիմա, ըստ երեւոյթին Օմանին տրուելիք բաժին կայ, վերահսկողական, ֆինանսական, մաքսային: Հետեւաբար Հորմուզի նոր կարգավիճակի կամ վարչակառավարման խնդիրն է, որուն շուրջ կը բանակցին Իրանն ու Օմանը: Երբեմնի միջնորդ Օմանը դարձած է բանակցող կողմ այս պարագային:

Շարունակենք: Եթէ կարգավիճակ կը քննարկուի, այդ կը նշանակէ նոր դրութեան շուրջ նոր համաձայնութիւն: Այս նոր դրութիւնը ենթադրաբար պիտի նշանակէ նոր համակարգ, նոր կարգավիճակ, հետեւաբար նաեւ նոր երաշխաւորութիւն:

Չի բացառուիր, որ այդ առաջադրանքը արծարծէ բանակցող կողմ Օմանը: Նոր երաշխաւորը, վերահսկիչը պատրաստ է: Ան, որ ծովային մեծ պաշարումով անդամալուծած էր իրանեան ամբողջ ուժանիւթային արտահանումը:

Այս հանգամանքները երեւցող տուեալներու հիւսուածքով կրնան բացատրել Թրամփի առկախումը լայնածաւալ  յարձակումներու: Թեհրանը երբ պատրաստակամութիւն յայտնած է եւ սկսած է բանակցիլ Օմանի հետ, այդ կը նշանակէ, որ Հորմուզի շուրջ նոր համաձայնութեան յանգելու ուղղութեամբ քայլ առած է: Այս չի նշանակեր անշուշտ, որ այս գործընթացը կը շարունակուի հեզասահ եւ կ՛արդիւնաւորուի ամերիկեան հասկացողութեամբ անպայման: Այս կը նշանակէ պարզապէս, որ յարձակումներու առկախումի համընկնումը Թեհրան-Մասքաթ բանակցութիւններու մեկնարկին, Հորմուզի շուրջ նոր օրակարգի ձեւաւորում է:

Միջանկեալ փուլ է: Յարձակումներու առկախում չի նշանակեր զինադադար. իսկ բանակցիլ տակաւին չի նշանակեր համաձայնիլ Հորմուզի նոր կարգավիճակին շուրջ: Ընդամէնը կանգառ` վերահաշուարկներու:

«Ա.»

Նախորդը

Թեհրան. «Միացեալ Նահանգներու Հետ Պատգամներու Փոխանակում Գոյութիւն Ունի»

Յաջորդը

Յայտարարութիւններ ( 28 Յուլիս 2026)

RelatedPosts

Արաղչի. «Քաթարցի Միջնորդին Հետ  Խորհրդակցութիւնները Կը Շարունակուին,  Եւ Տակաւին Վերջնական Արդիւնքի Չենք Հասած»
Գլխաւոր լուրեր

Արաղչի. «Քաթարցի Միջնորդին Հետ Խորհրդակցութիւնները Կը Շարունակուին, Եւ Տակաւին Վերջնական Արդիւնքի Չենք Հասած»

November 2, 2026
Եւրոպական Շարք Մը Երկիրներու Մէջ  Զանգուածային Ցոյցեր
Գլխաւոր լուրեր

Եւրոպական Շարք Մը Երկիրներու Մէջ Զանգուածային Ցոյցեր

November 2, 2026
Հանդիպում «Միասնական Ռուսիա»  Եւ «Արդար Ռուսիա» Կուսակցութիւններու  Ներկայացուցիչներուն Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Հանդիպում «Միասնական Ռուսիա» Եւ «Արդար Ռուսիա» Կուսակցութիւններու Ներկայացուցիչներուն Հետ

November 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.