Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իսրայէլ 700 Թոն Պայթուցիկ Նիւթով Շքիֆի Ամրոցին Տակ Փապուղիներու Քանդումը Յայտարարեց

August 1, 2026
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու եւ պաշտպանութեան նախարար Իսրայէլ Քաց յայտարարեցին, թէ իսրայէլեան բանակը հարաւային Լիբանանի մէջ Շքիֆ ամրոցին տակ փապուղիներ քանդած է` իբրեւ պատասխան չորեքշաբթի օր Հըզպալլայի կողմէ զինադադարի համաձայնութեան խախտման:

Հաղորդագրութիւնը աւելցուց, որ իսրայէլեան բանակը 700 թոն պայթուցիկներ օգտագործած է, եւ Իսրայէլ «զինադադարի համաձայնութեան որեւէ խախտում պիտի չընդունի»:

Նեթանիահու եւ Քաց զգուշացուցին, որ Հըզպալլայի կողմէ իսրայէլեան բանակի ուժերուն վնաս հասցնելու որեւէ փորձ «պիտի արժանանայ վճռական պատասխանի, որ կուսակցութեան հսկայական կորուստներ պիտի պատճառէ»:

Միւս կողմէ, իսրայէլեան բանակը յայտնեց, որ իր ուժերը կը շարունակեն հարաւային Լիբանանի Ալի Թահեր բարձունքներու շրջանին մէջ իրենց գործողութիւնները, միեւնոյն ժամանակ պահպանելով պաշտպանական եւ յարձակողական մակարդակներու վրայ բարձր պատրաստուածութիւնը:

Իսրայէլեան բանակը աւելցուց, որ իր ուժերուն վրայ «որեւէ յարձակում» «պատշաճ պատասխան»-ի պիտի արժանանայ, միենոյն ժամանակ ընդգծելով, որ յանձնառու է Լիբանանի մէջ զինադադարի համաձայնութեան, եւ կը շարունակէ աշխատիլ իր ուժերը թիրախաւորող որեւէ սպառնալիքի վերացման վրայ:

Իսրայէլեան պատկերասփիւռի 12-րդ կայանը չորեքշաբթի կէսօրին հաղորդեց. «Իսրայէլեան բանակի մեքենայ մը երէկ գիշեր հարաւային Լիբանանի մէջ վնասուեցաւ, եւ բանակը կը հետաքննէ, եթէ այդ մէկը Հըզպալլայի կողմէ կրակոցի հետեւանք է»:

Իսրայէլեան պատկերասփիւռի 14-րդ կայանը հարցը քիչ մը եւս մանրամասնելով հաղորդեց. «Հարաւային Լիբանանի Ալի Թահեր բարձունքին վրայ ճարտարապետական մեքենայի վրայ անօդաչու թռչող սարքով Հըզպալլայի յարձակումին այսօր տեղի ունենալիք հաւանական հակադարձութիւնը Պէյրութի Հարաւային արուարձանները պիտի չներառէ»:

Իսրայէլեան բանակը իր կարգին յայտարարեց. «Հըզպալլան անօդաչու թռչող սարք արձակեց Լիբանանի «ապահովական շրջան»-ին մէջ գտնուող Ալի Թահեր բարձունքի շրջանը գտնուող մեքենայի մը ուղղութեամբ: Զինուորներու շարքերուն մէջ վնասներ չկան: Ասիկա Հըզպալլայի կողմէ Լիբանանի մէջ զինադադարի համաձայնութեան բացայայտ խախտում է»:

Աղբիւր մը իսրայէլեան պատկերասփիւռի 15-րդ կայանին նշեց. «Հարաւային Լիբանանի մէջ Հըզպալլայի կողմէ զինուորական մեքենայի մը թիրախաւորման պատասխանելու վերաբերեալ քննարկումները կը շարունակուին»:

Շուրջ մէկ ժամ ետք, իսրայէլեան բանակը հրկիզող ռումբերով թիրախաւորեց Ալի Թահերի անտառը:

 

Նախորդը

Պըրրի. «Իսրայէլեան Ականահարումներուն Նկատմամբ Պէտք Չէ Լուռ Մնալ Կամ Այդ Իրողութեան Անձնատուր Ըլլալ»

Յաջորդը

Նախագահ Աուն Ընդունեց Ապպասի Ներկայացուցիչը

RelatedPosts

Խմբագրական.   Նոր Ռազմավարութիւն` Ազրպէյճանի  Մշակութային Ցեղասպանութեան Դէմ
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Նոր Ռազմավարութիւն` Ազրպէյճանի Մշակութային Ցեղասպանութեան Դէմ

September 15, 2026
Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր  Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ  Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»
Գլխաւոր լուրեր

Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»

September 15, 2026
Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Կը Յուսանք,  Որ «Իրական» Հայաստանէն Մասեր  Շուշիի Ճակատագիրին Չենթարկուին»
Գլխաւոր լուրեր

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Կը Յուսանք, Որ «Իրական» Հայաստանէն Մասեր Շուշիի Ճակատագիրին Չենթարկուին»

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.