Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան տարածած հաղորդագրութիւնը այն մասին, որ իբրեւ թէ Արցախի պաշտպանութեան բանակի ստորաբաժանումները 3 յուլիսի ժամը 10:40-11:40-ը կրակ բացած են Արցախի Հանրապետութեան Ասկերանի շրջանի բռնագրաւուած տարածքներուն մէջ տեղակայուած ազրպէյճանական դիրքերուն ուղղութեամբ, չի համապատասխաներ իրականութեան:
«Արմէնփրես»-ը այս մասին տեղեկացած է Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան տարածած հաղորդագրութենէն:
Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը նաեւ հերթական կեղծ պնդումը տարածած է` նոյն ուղղութեամբ իր կողմէ` իբրեւ թէ խափանուած եւ պաշտպանութեան բանակին կողմէ իրականացուող ամրաշինական աշխատանքներու մասին:


