Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Եթէ Ապագային Կարելի Ըլլայ Մինսքի Խմբակի Ծիրին Մէջ Կառուցողական Աշխատիլ, Ապա Միացեալ Նահանգներ Դէմ Չեն» Կ՛ըսէ Միացեալ Նահանգներու Դեսպանը

July 5, 2023
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներ կը փորձեն գտնել ուղիներ ու կազմակերպութիւններ, որոնց մէջ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան` արդէն սկսած քննարկումները կարելի պիտի ըլլայ յառաջ տանիլ եւ վերջնական արդիւնքի հասցնել: Այս մասին Հանրային պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին ըսաւ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Քրիսթինա Քվին:

«Դժբախտաբար Ռուսիան Ուքրանիոյ մէջ իր յարձակողական գործողութիւններուն պատճառով հանդէս չէ եկած իբրեւ լաւ գործընկեր: Ուստի մենք կ՛աշխատինք մեր վստահելի գործընկերներուն հետ` փորձելով յառաջ տանիլ վերոնշեալ հոլովոյթը», ըսաւ Քվին` խօսելով Արցախի տագնապի, Հայաստան-Ազրպէյճան յարաբերութիւնները կարգաւորելու համար ստեղծուած ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահութեան ձեւաչափի մասին:

«Մինսքի խմբակը չէ դադրած: Եւ եթէ ապագային կարելի ըլլայ Մինսքի խմբակի ծիրին մէջ կառուցողական աշխատիլ, ապա Միացեալ Նահանգները ատոր դէմ չեն: Մենք ատիկա անպայման կը քննենք», ըսաւ դեսպանը:

Մեկնաբանելով այն կարծիքները, թէ անկարելի է, որ արցախահայութիւնը խաղաղօրէն ապրի, եթէ Լեռնային Ղարաբաղը Ազրպէյճանի մաս դառնայ, Քրիսթինա Քվին յայտնեց, որ իր երկիրը կը հաւատայ եւ կը յուսայ, թէ ատիկա կարելի է, թէ բոլոր կողմերը միասնաբար ջանք պէտք է թափեն ատիկա կարելի դարձնելու, եւ թէ ատիկա է ճիշդ մօտեցումը:

Անդրադառնալով այն կեցուածքներուն, թէ Միացեալ Նահանգներ հայ-ազրպէյճանական կարգաւորման վրայ կ՛աշխատի Ռուսիան շրջանէն դուրս մղելու համար, դեսպանը ըսաւ, որ Միացեալ Նահանգներ կը հաւատան, թէ ի վերջոյ Հայաստանն է, որ իբրեւ գերիշխան երկիր կրնայ որոշել, թէ որո՛նք իր դաշնակիցներն ու գործընկերներն են, եւ երկիրը ինչպէ՛ս յառաջ պիտի շարժի շրջանին եւ ընդհանրապէս աշխարհի վրայ:

Քվին ըսաւ, որ Միացեալ Նահանգներ Եւրոպայի ու Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութիւն կ՛ուզեն տեսնել եւ պատրաստ են խօսելու որեւէ կողմի հետ, որ կրնայ շրջանին մէջ խաղաղութեան հաստատման դրական պատկերացում մը ներկայացնել:

 

Նախորդը

Ալիեւ Բարձր Գնահատած Է Հայ-Ազրպէյճանական Խաղաղութեան Համաձայնագիրը Նախապատրաստելու Հոլովոյթին Մէջ Ուաշինկթընի Ջանքերը

Յաջորդը

Արցախի Ազգային Ժողովի Խմբակցութիւններու Յայտարարութիւն

RelatedPosts

Ակնարկ.  Վենեզուելան Ռազմահարթակ` Միացեալ  Նահանգներու Եւ Չինաստանի Միջեւ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Վենեզուելան Ռազմահարթակ` Միացեալ Նահանգներու Եւ Չինաստանի Միջեւ

January 9, 2026
Բուռն Բախումներ Հալէպի Կարգ Մը  Թաղամասերու Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Բուռն Բախումներ Հալէպի Կարգ Մը Թաղամասերու Մէջ

January 9, 2026
Սուրիա – Իսրայէլ Համաձայնութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Սուրիա – Իսրայէլ Համաձայնութիւն

January 9, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.